Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան

Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան
Բերկրուհի Նաճարեան
Ծնած է 11 Նոյեմբեր 1918
Ծննդավայր Խարբերդ, Արեւմտեան Հայաստան
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Ամն
Քաղաքացիութիւն  ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Անգլիական գրականութեան եւ հոգեբանութեան պսակաւոր արուեստից տիտղոս
Գործունէութիւն դասախօս եւ վարիչ Ամերիկեան Կանանց Գոլէճ, Պէյրութ
Ամուսին Բժիշկ, Ատամնաբոյժ Ստեփան Սվաճեան

Դոկտոր Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան մտաւորական, դաստիարակ: Մեծ ներդրում բերած է հայ կեանքէն ներս՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Գարակէօզեան հաստատութեան մէջ։ Կարճ ժամանակ մը ետք, ան կը միանար Ամերիկեան Համալսարանը դասախօսական կազմին՝ նախ որպէս « էսոսիէյթ փրոֆեսոր» ու ապա «ֆուլ փրոֆեսոր» ցկեանս պաշտօնավարութեան պատիւով, որ առաջին անգամ կը տրուէր Միջին Արեւելքցի կին դէմքի մը: Դասախօսական պաշտօնին առընթեր, Դոկտ. Նաճարեան կը գլխաւորէր Միացեալ Ազգերու միջ-մշակութային ուսումնասիրական աշխատանքներու մարմինը՝ Արեւելեան Միջերկրականանեան երկիրներու ընտանիքի կառոյցին նուիիրուած:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտ. Բերկրուհի (ծն.՝ 11 Նոյեմբեր 1918-ին, Խարբերդ, Արեւմտեան Հայաստան - 24 Փետրուար 2001-ին, Պրուքլին, Նիւ Եորք, ԱՄՆ):[1]: Հալէպի Կիլիկեան նախակրթարանի եւ Ամերիկեան աղջկանց երկրորդական Վարժարանէն ետք, ընտանիքը կը տեղափոխուի Պէյրութ: Կը հետեւի Պատմութեան եւ Անգլերէն լեզուի՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս՝ ստանալով Պսակաւոր աստիճանը:

Բարձր մտաւորական, դաստիարակ, հայուհու մտատիպար հանդիսացող Դոկտ. Բերկրուհի Սվաճեան մահացաւ 24 Փետրուար 2001ին, ծանր հիւանդութեան հետեւանքով:

Կրթութիւն եւ Ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1952-ին Նիւ Երոք Քորնէլ համալսարանէն կը ստանայ մագիստրոս արուեստաբանութեան եւ մանկավարժութեան տիտղոսը, եւ հոգեբանութեան ու փիլիսոփայութեան ասպարէզին մէջ կը հանդիսանայ առաջին կինը, որ կ'արժանանայ PHD տիտղոսին:
  • Դոկտ. Սվաճեան կը հրաւիրուի դասախօսելու Պէյրութ Քոլէճին մէջ, եւ 1961-ին կ'ամուսնանայ Նիւ Եորքէն բժիշկ Ստեփան Սվաճեանին հետ եւ կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը դասաւանդէ «Columbia» համալսարանին մէջ:
  • 1963 - 1988 շարունակաբար եղած է Պրուքլին Քոլէճի մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան ամպիոնի գլխաւոր վարիչը: Անոր ուսումնասիրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները հրապարակաուած են ամերիկեան բազմաթիւ պարբերականներու մէջ:
  • Պրուքլին Քոլէճի 150ամեայ պատմութեան ընթացքին, ան հանդիսացած է երկրորդ կին դասախօսն ու ամպիոնի վարիչը:
  • 1963էն մինչեւ 1998 ան եղած է ՀԲԸՄի Կրթական Կեդրոնական Միութեան վարչութեան անդամ: Իսկ 1973էն մինչեւ 1990, ՀԲԸՄի Ամերիկայի Կեդրոնական Միութեան վարչութեան անդամ:
  • Ան եղած է Նիւ Եորքի «Modern Art» թանգարանի արուեստաբան խորհրդականը: Նաեւ Մանուկ Ճինիշեան Հիմնադրամի Երիցական եկեղեցւոյ Յանձնախումբի Ատենապետ:
  • 1998ին Դոկտ. Սվաճեան Ամերիկեան կառավարութեան կողմէ կը պարգեւատրուի «Ellis Island» պատւոյ մետալով, որպէս Միացեալ Նահանգներ ապրած եւ այդ երկրին համար բացառիկ ծառայութիւն մատուցած անհատ:
  • Ան հանրաճանաչ հոգեբանական եւ դաստիարակչական ասպարէզներուն մէջ առ ի գնահատանք իր ներդրումներուն ան արժանացած է բարձր շքանշաններու:

Յուղարկաւորութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրբաթ, 9 Մարտ 2001-ին, Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմին Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ: Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

14 Մարտ 2001-ին արժանայիշատակ հանգուցեալի դստեր ու ամուսնոյն՝ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Սիլվա Եահեայեաններու խնդրանքով, իր աճիւնը կնքուած դագաղով տեղափոխուեցաւ Երուսաղէմ, ուր Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ յուղարկաւորութեան արարողութենէն յետոյ, առաջնորդուեցաւ Ս. Փրկչի Հայոց Գերեզմանատունը: Այժմ հանգուցեալի մարմինը կը հանգչի ամուսինի կողքին:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]