Բերդուս բերդ
Բերդուս, Կիլիկիոյ բերդէրէն մէկը, Մարաշէն դէպի հիւսիս։
Տեղագրական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեռնային Կիլիկիոյ հին եւ անուանի բերդերէն մէկն էր Բերդուսը: Համանուն աւանով՝ կը գտնուէր Ընկուզիկ լերան հարաւը եւ Ախըռ լերան հիւսիսը, որ Մարաշի գաւառին սահմանը կը գծէր, երկու լեռներէն ալ գրեթէ հաւասար հեռաւորութեան վրայ: Պէյթիմուրէն մէկ քիլոմեթր հեռու, Խումա գետի ձախ ափին, Տաւրոսի լեռաշղթային մէկ ընդարձակ սարալանջին վրայ, կը կանգնէր Բերդուսի բերդը, բարձրակատար լեռներով շրջապատուած: Բերդուս, ժամանակին նշանաւոր աւան մը եղած է՝ Եպիսկոպոսական աթոռով եւ իշխանանիստ բերդով: Այս վերջինս կը յիշեն հայ թէ օտար պատմիչներ, Արաբները զայն Ֆէրթուս կը կոչեն:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բերդուս կը յիշուի պատմութեան մէջ 1107 թուականին, Ռուբինեանց իշխանութեան սկիզբի օրերուն: Կը պատկանէր նշանաւոր Գող Վասիլ իշխանին, որ զայն նուէր ստացեր էր Փիլարտոսէն, երբ արեւելքէն կու գար եւ քեսունի մէջ կը հաստատուէր: Մ. Ուռհայեցիի համաձայն, 1107-ին, Սելճուքները12000 զօրքով կ'արշաւեն Բերդուսի շրջանը: Նախ Ռուբէնի որդւոյն՝ Թորոս Բ.ի երկիրը կը քանդեն եւ կ'աւերեն, ապա կը մտնեն գող Վասիլին շրջանը. «Զօրաժողով եղեալ ազգն Պարսից երկոտասան հազար, եւ անցեալ ընդ Տօրոս լեառն, որ կոչի Աւարզա (Անազարբա), եւ արար աւար զամենայն երկիրն Թորոսի՝ որդւոյ Ռուբենայ, եւ գայր անցանէր ընդ դաշտն քաղաքին Մարաղայ. եւ անթիւ գերութեամբ հասանէր յերկիրն Գող Վասիլին, ի տեղի որ կոչի Բերդուս՝ ի սահմանս նուիրականն»: Ալիշան կը նախընտրէ Սմբատի ընդերցումը՝ նուկրականն, փոխանակ «Նուիրականն » կամ «Նորիրական» ընթերցումներուն: Գող Վասիլ կը դիմադրէ. «զօրաժողով արարեալ զգունդն զօրացն հայոց. եւ նոքա որպէս զարծիւ եւ կամ որպէս զկորիւն առիւծոյ հասանէին ի վերայ այլազգեացն. եւ արարին սաստիկ եւ ահաւոր պատերազմ եւ մեծաւ յաղթութեամբ դարձուցին զԹուրքն ի փախուստ. եւ միաբան սրով զհետ ընթացան եւ արարին անթիւ կոտորածս զնոսա, եւ կալան զբաղումս ի նոցանէ եւ թափեցին զամենայն առ եւ զգերութիւն» :
Գող Վասիլի մահէն ետք, (1113 ին), երբ Լեւոն իշխան ալ գերի կը տարուի Պոլիս, օտարները կը գրաւեն Բերդուսը, սակայն Թորոս Բ ., երբ գերութենէն կը վերադառնայ Կիլիկիա, կամաց կամաց կը վերագրաւէ իր հողերը եւ բերդերը :
1157-ին Թորոսի Ստեփանէ եղբայրը, առանց Թորոսին հրամանին, կը յարձակի Մարաշի եւ Կոկիսոնի վրայ եւ զանոնք գրաւելէ ետք՝ կը պաշարէ նաեւ Բերդուսը: Պահապանները, խոստում առնելով Ստեփանէէն, որ պիտի խնայէ իրենց կեանքը, անձնատուր կ'լլան եւ բերդին դռները կը բանան. ժողովուրդը կը սկսի մեկնիլ, սակայն Ստեփանէ տեսնելով, որ գացողները, վտանգէն ազատելու համար, կը սպառնան Թուրքերուն օգնութեան դիմել, եկեղեցականներուն խորհուրդը կը հարցնէ, որոնք կը պատասխանեն. «Թէ այդպէս սպառնան՝ անխիղճ ես դու վասն երդմանն: Եւ առաքեաց զհետ նոցա եւ կոտորեաց զնոսա »: Այս որ կը լսեն այլազգիները աւելի սաստիկ թշնամութեամբ եւ ոխով կը լեցուին.«Եւ լուան զայս ամենայն այլազգիք եւ դառնացան ընդէմ Քրիստոնէից... » :
Այս խռովութիւններուն վրայ՝ Իկինիոյ Սուլթան խալիժ Ասլան, որ Թորոսին բարեկամն էր, Կոկիսոնի վրայ. «Եկն Խլիճ Ասլանն ի գաւառն Կոկիսնի, եւ հնազանդեցոյց իւր զամենեսեան եւ ոչինչ մեղադրեաց բնակչացն. եւ անտի գնաց ի Բերդուսն»: Խլիճ Ասլան, առանց Կոկիսոնի բնակիչներուն վնասելու, ինչպէս կ'ըսէ Գրիգոր Երէց. «Նուաճեաց զերկիրս խաղաղութեամբ ի հնազանդութիւն հրամանի իւրոյ սէր առնելով ընդ Թորոս յաղթողն եւ ինքն դարձաւ յաթոռ իւր խաղաղութեամբ »:
Խլիճ Ասլանի այս բարեացակամ վերաբերումը համապատասխան էր Թորոսի վարուելակերպին, որ համամիտ չէր ՝ իր եղբօր Ստեփանէի Բերդուսը գրաւելուն: Արդարեւ, երբ Խլիճ Ասլան Բերդուսի վրայ կու գայ. «Թորոս յաղագս սիրոյ սուլտանին՝ նենգեալ եղբօրն, տայր զԲերդուսն ի սուլտանն, յոչ կամայ Ստեֆանէի. եւ սուլտանն վասն սիրոյն Թորոսի զբնակիչսն բերդին անվնաս ազատեաց»: Նոյն իմաստով կը գրէ նաեւ Մ. Ուռհայեցի՝ Թորոսի եւ խլիճ Ասլանի բարեկամութեան մասին. «Յորժամ եկն ի Բերդուսն զոր էր առեալ Ստեփանիայ բռնութեամբ նենգեալ եղբօր իւրոյ Թորոսի, Եւ սիրոյ աղագաւ տուեալ ի սուլտանն առանց կամելոյ եղբօր իւրոյ. եւ զորս ի ներքս ի բերդին էին մարդիկ հեծեալ եւ հետեւակ՝ զամենայն ազատ արարեալ (Սուլտանին) վասն Թորոսի հնազանդութեան եւ տալոյ զբերդն»: Ստեփանէ սակայն, ինչ որ կ'երեւի դարձեալ փորձած է գրաւել այդ հողերը, առանց յաջողութեան .«Եւ ջանաց Ստեֆանէ գողանալ Զմարաշ եւ ոչ կարաց»: Ասով հանդերձ, Հայերը, շատ ժամանակ չանցած, դարձեալ կը գրաւեն Բերդուսը, քանի որ ԺԲ. Դարուն վերջերը Բերդուսի կը տիրէր Լեւոն անունով իշխան մը՝ իր Գրիգոր աղուն հետ. ասոնց ժամանակ Բերդուսի մէջ կը նստէր Ստեփանոս անունով Եպիսկոպոս մը, որոնք կը յիշուին Սմբատ Սպարապետէն Լեւոնի թագաւորութեան առթիւ:
Սակայն շուրջ տասը տարի ետք, 1208-ին, երբ Մեծն Լեւոն գահընկեց կ'ընէ Յովհաննէս կաթողիկոսը եւ անոր հետ կը գժտուի, Յովհաննէսին դրդումով՝ Իկոնիոյ սուլտանը Բերդուսի վրայ կու գայ. «Եւ ի սադրելոյ խորհրդակցութենէ տէր Յոհանիսի, Եկն բազում զօրօք ի վերայ Բերդուսին, եւ պատերազմեալ էառ զնա եւ ըմբռնեաց զտէր նորա զԳրիգոր, որդի Լեւոնի, եւ յանմհետէ Բերդուս ելաւ յիշխանութենէ Հայոց, եւ էր թուական Հայոց ՈԾԷ«657=1208»:
Այս դէպքերէն ետք՝ Բերդուսը այլեւս չի յիշուիր մեր պատմութեան մէջ : Աղբիւրներ
Վերնագրի գրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Կիլիկիոյ Բերդերն ու Բերդաքաղաքները, Վենետիկ 1989։