Jump to content

Աքրոթիրի հնավայր

Բնակավայր
Աքրոթիրի հնավայր
Ο Προϊστορικός Οικισμός του Ακρωτηρίου
Աքրոթիրի հնավայր, Սանթորինի
Երկիր  Յունաստան
Առաջին յիշատակում Ք․Ա․ 5-րդ հազարամեակ
Ժամային գօտի UTC+2 և UTC+3։00
Աքրոթիրի գիւղը եւ հնավայրը․ բնակչութեան թիւն է 355․

Աքրոթիրի հնավայր (յուն․՝ Ο Προϊστορικός Οικισμός του Ακρωτηρίου), կը գտնուի Սանթորինիին հարաւ-արեւմտեան ծայրամասի Աքրոթիրի գիւղը, Ֆիրա մայրաքաղաքէն 15 քլ․ հեռու։ Հնավայրը երեւան եկած է, երբ հնաբան Սփիրոս Մարինաթոս եւ աշխատախումբը 1967-ին կանոնաւոր հերթականութեամբ հնաբանական պեղումներ կը կատարեն։

Հնաբանական պեղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նախապատմական Աքրոթիրի․ հնաբանական պեղումներու տարածքը

Առաջին փաստերը թէ Սանթորինի (Թիրա) բնակուած է նախապատմական շրջանէն կը յայտնաբերուի ԺԹ․ դարուն։ 1866-ին Ֆրանսացի ճարտարագէտ Ֆերտինան տէ Լեսեփս Սանթորինիի հողը կը գործածէ Սուէզի ջրանցքին բացման աշխատանքներուն համար։ 1870-ին Ֆրանսական Հնաբանական Դպրոցին կողմէ պեղումները կը յայտնաբերեն հնավայրի այսօրուան կոչուած Դ․ բաժանումը Συγκρότημα Δ՝ Աքրոթիրի գիւղին հարաւը։ Սակայն, կանոնաւոր հերթականութեամբ հնաբանական պեղումները կը սկսին 1967-ին։

Յայտնաբերումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աքրոթիրի հնավայր․ եռակիւնաձեւ հրապարակը

Հնաբանական յայտնաբերումները կը փաստեն թէ շրջանը բնակուած է Ք․Ա․ 4500-ին եւ Ք․Ա․18-րդ դարուն բնակավայրը քաղաքի վերածուած է։ Ք․Ա․ 17-րդ դարուն քաղաքը կը կործանուի հրաբխային պայթումին ընթացքին, որ նաեւ կը պատճառէ Մինոասեան քաղաքակրթութեան կործանումը։

Յայտնաբերուած բնակավայրին շէնքերը երկյարկանի եւ կամ եռայարկանի են։ Անոնք շատ լաւ վիճակի մէջ գտնուած են, որովհետեւ դարեր շարունակ ծածկուած էին հրաբխային մոխիրով։ Տուներուն յատակը հերձաքարէ եւ կամ սեւաքարէ է, իսկ առաստաղը կառուցուած է փայտով եւ կամ եղէգով, որոնց վրայ կոխուած հող զետեղուած է։ Քաղաքին փողոցները քարաշէն են։ Հարուստ տուներու վերի յարկերուն պատերը զարդարուած էին որմանկարներով։ Կաւէ կոյուղիները եւ ջրուղիները կը գտնուէին շէնքերուն պատերուն մէջ եւ կը հանգէին քարաշէն փողոցներուն տակը։

Հնավայրի դիրքը իտէալ է նաւակայքի համար․ ապահով, որովհետեւ կը պահպանէ հիւսիսային քամիներէն եւ մակերեսի ձեւաբանութիւնը կը նպաստէ երկրագործական գործունէութեան զարգացման։ Կը կարծուի թէ կղզիին մայրաքաղաքն էր։

Նախընթացիկ երեւոյթներ եւ հրաբուխին ժայթքումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնաբանական պեղումներուն ընթացքին երբեք չեն գտնուած մարդու կմախքներ։ Կ՛ ենթադրուի թէ շարք մը զգուշացնող/ազդարարող երկրաշարժներ, բնակիչներուն ստիպած են կանուխէն լքել բնակավայրը։ Այդ կը փաստեն ճամբաներ բանալու կիսատ մնացած աշխատանքները եւ հողակոյտի վրայ կուտակուած կարասներու մեծ թիւ մը․ հաւանաբար հոն դրուած էին, որպէսզի փոխադրուին աւելի ապահով վայր մը։ Ինչպէս նաեւ դուռերուն տակ եւ կամ որմնախորշերուն մէջ կուտակուած կաւէ անօթներ, կերպասներ եւ զանազան ամաններ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]