Աքթիոնի նաւամարտ

Աքթիոնի նաւամարտ
Հռոմէական ազգամիջեան կռիւ
Աքթիոնի ծովամարտը․ Լորենծօ Քասթրօ (1672)
Թուական Ք․Ա․31, 2 Սեպտեմբեր
Վայր Աքթիօ, Ամվրաքիքոս ծոցին մուտքին
Արդիւնք Օգոստոս Օքթավիանոս (Կայսր) յաղթանակ
Հակառակորդներ
Օգոստոս Օքթավիանոսին ուժերը Մարքոս Անտոնիոսի եւ Քլէոփաթրայի ուժեր
Հրամանատարներ
Մարքոս Վիփսիանոս Ակրիփա Մարքոս Անտոնիոս
Կողմերու ուժեր
400 նաւ,
16 000 զինուոր,
3 000 նետարձակող
230 նաւ,
20 000 զինուոր,
2 000 նետարձակող
Կորուստներ
2 500 զոհ 5 000 զոհ
200 նաւ ընկղմած եւ կամ գերի առնուած

Աքթիոնի նաւամարտ (Ք․Ա․31, 2 Սեպտեմբեր) (յուն․՝ Ναυμαχία του Ακτίου)․ Օգոստոս (Ղայիոս) Օքթավիանոսին եւ Մարքոս Անտոնիոսին ուժերուն միջեւ վճռական նաւամարտ։ Հետեւանքն է Յուլիոս Կայսրին սպաննութեան յաջորդող կռիւներուն Հռոմի ղեկավարութեան համար։ Կ՛աւարտի Մարքոս Անտոնիոսի եւ Քլէոփաթրայի միացեալ ուժերուն պարտութեամբ։

Հակիրճ պատմական ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աքթիոնի նաւամարտին համար կան բազմաթիւ աղբիւրներ, արձանագրուած պատմաբաններու կողմէ (Փլութարհոս, Դիոն Գասիոս, Ստրապոն, Փաւսանիաս, Պօղոս առաքեալ, եւայլն), սակայն ոչ մէկ արձանագրութիւն նաւամարտին ներկայ եղող պատմաբանէ մը։

Պատմական իրողութիւն է թէ Մարքոս Անտոնիոս այս կռիւին կը սպասէր, սակայն ոչ ծովուն մէջ, այլ ցամաքի վրայ։ Սակայն այս ուղղութեամբ վիճաբանութիւն մը կար իր եւ Քլէոփաթրային հրամանատարներուն միջեւ։ Վերջնական որոշումը եղած է կռիւը տրուի ծովուն մէջ։

Եգիպտական խոշոր ռազմանաւերուն դիմաց, հռոմէական դիւրաշարժ եւ փոքր ռազմանաւերը, արագօրէն սկսան մէկ առ մէկ խորտակել Մարքոս Անտոնիոսին խոշոր ու ծանր ռազմանաւերը։

Օգոստոս (Ղայիոս) Օքթավիանոսին կառուցած յուշարձանին աւերակները, Աքթիօ

Քլէոփաթրա հեռուէն կը դիտէր, ու տեսնելով նաւամարտին վատ ընթացքը, իր նաւով կը փախչի, անպաշտպան ձգելով վիրաւորուած Մարքոս Անտոնիոսին։ Կը յաջորդէ իրարանցում եւ Քլէոփաթրային նահանջ-փախուստին կը հետեւի Մարքոս Անտոնիոս, եգիպտացիներուն ջախջախուած նաւատորմիղի մնացորդածով։

Չորս տարի ետք, Օգոստոս (Ղայիոս) Օքթավիանոսին երբ կայրս կը յայտարարուի, ի յիշատակ Աքթիոյի իր տարած յաղթանակին, հոն կառուցել կու տայ Աքթիոյ Ափոլոնասի հսկայ տաճարը։ Հրամանագրով մը կը հաստատէ վայրին մէջ հինգ տարին անգամ մը կազմակերպուին Աքթիա մարզախաղերը (Ք․Ա․ 28-էն սկսեա)լ։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. [http://luna.cas.usf.edu/~murray/actium/brochure.html THE ACTIUM PROJECT 1997, Հարաւային Ֆլորիտայի եւ Յունաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ձեռնարկ(անգլերէն)]
  2. Աքթիոնի նաւամարտը(անգլերէն)
  3. Հռոմի պատմութիւնը եւ Աքթիոնի նաւամարտ(անգլերէն)ը