Աւստրալիոյ դրօշ
Աւստրալիոյ դրօշ | |
---|---|
| |
Տեսակ | ազգային դրօշ |
Իրաւասութեան տարածք | Աւստրալիա |
Նշան | 🇦🇺 |
Յարաբերութիւն | 2:1? |
Ընդունուած է | 3 Սեպտեմբեր 1901 |
Գոյներ | կապոյտ, կարմիր եւ ճերմակ |
Կազմուած է | դաշտ եւ canton? |
Պատկերուած է | դաշտ, Յունիոն Ջեք?, Համագործակցութեան աստղ, Հարաւային Խաչ, Ակրուքս?, Բեկրուքս?, Գակրուքս?, Դեկրուքս?, Հարաւային Խաչի էփսիլոն, եօթաթեւ աստղ, հնգաթեւ աստղ եւ Blue Ensign? |
Աւստրալիոյ Միապետութեան դրօշը Աւստրալիոյ պետական խորհրդանիշերէն, որ կը ներկայացնէ ուղղանկիւն պաստառ կապոյտ գոյնի, լայնքի եւ երկայնիքի յարաբերութիւնը 1:2։ Դրօշը ընդունուած է 3 Սեպտեմբեր 1901-ին։
Ձախ կողմի վերեւի քառորդին մէջ պատկերուած է բրիտանական դրօշը։ Բացի այդ, Աւստրալիոյ դրօշի վրայ կան վեց սպիտակ աստղեր. հինգ աստղերը պաստառի աջ կողմին վրայ Հարաւային Աստղ համաստեղութեան ձեւով եւ մէկ մեծ աստղ ձախ ներքին քառորդի մէջ։
Դրօշը ընդունուած է անմիջապէս դաշնութեան ստեղծումէն ետք՝ 1901-ին մրցոյթի արդիւնքով, որուն մասնակցած էին շատ երկիրներու ներկայացուցիչներ։ Յաջորդող տարիներու ընթացքին այն ընդունուեցաւ աւստրալիական եւ բրիտանական իշխանութիւններու կողմէ՝ չնայած դրօշի յստակ բնութագիրը քանի մը անգամ փոփոխուեցաւ։ Այժմեան դրօշի տեսքը հրապարակուած է 1934-ին, իսկ 1954-ին օրինականօրէն այն հաստատուեցաւ «աւստրալիական ազգային դրօշ» կարգավւիճակով։ 1990-ականներու կէսերուն երկրին մէջ հանրապետականներու ուժեղ ազդեցութեան տակ դրօշը յաճախ սկսաւ քննադատուիլ՝ իր վրայ բրիտանական դրօշի պատկերման համար։
Դրօշի օրէնսդրական բնութագիրը տրուած է 1953-ի «Օրէնք դրօշի մասին» կէտին մէջ (անգլ.՝ Flags Act 1953)։
Նկարագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւստրալիական դրօշը կրնանք առանձնացներ երեք հիմնական մասեր՝ Մեծ Բրիտանիայի դրօշը (առաւել յայտնի իբրեւ «Եունէոն Ջեկ»), Համագործակցութեան աստղերը (կամ դաշնութեան աստղերը) եւ Հարաւային Աստղ համաստեղութիւնը։
Ըստ ամենատարածուած տեսակէտի Բրիտանիայի դրօշը կը խորհրդանշէ երկրի անցեալը, երբ Աւստրալիան կը ներկայացնէր բրիտանական վեց գաղութներէն մէկը ինչպէս նաեւ այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ ստեղծուած էր Աւստրալիոյ դաշնութիւնը[1]: Սակայն քաղաքագէտներու կարծիքով բրիտանական դրօշի ներառումը աւստրալական դրօշի կազմին մէջ պէտք է որ ցուցաբերելու ըլլար հաւատարմութիւնը Բրիտանական կայսրութեան նկատմամբ, որ այդ ժամանակ աշխարհակալ տէրութիւններէն մեկն էր։
Համագործակցութեան եօթաթեւ աստղը սկզբնապէս ունեցած է վեց թեւ, որոնք կը խորհրդանշէին դաշնութեան մէջ մտնող վեց գաղութները։ 1905-ին Աւստրալիոյ միացուեցաւ Պապուայի տարածքը, այդ պատճառով 1908-ի ամրան երկրի ղեկավարութիւնը առաջարկ ներկայացուց՝ աստղը դարձնելու եօթաթեւ։ Դրօշի մէջ փոփոխութիւնը, ընդունուելով Բրիտանական Ատմիրալութեան կողմէ, ծանուցուեցաւ 19 Դեկտեմբեր 1908-ին «Աւստրալական Միութեան կառավարական տեղեկագրով», իսկ փոփոխուած տիզայնը առաջին անգամ հրապարակուեցաւ քանի մը ամիս անց՝ 22 Մայիս 1909-ին։ Միայն թէ նոր դրօշի փոփոխութիւններու եւ բնութագրի ամբողջական նկարագիրը յայտնուեցաւ միայն 23 Մարտ 1934-ին։ Այդ ժամանակէն Համագործակցութեան աստղի թեւերու քանակը մնաց անփոփոխ՝ չնայած նոր տարածքներու միաւորման եւ յայտնուելուն, ինչպէս նաեւ Պապուա Նոր Կուինէայի 1975-ին անկախութիւն ձեռք բերելու հետ։
Հարաւային Աստղը կը համարուի հարաւային կիսագունդի ամենավառ համաստեղութիւններէն մէկը եւ դեռեւս մայրցամաքին մէջ բրիտանացիներու առաջին բնակեցման ժամանակ կը խորհրդանշէր Աւստրալիան։ Դրօշի հեղինակներէն մէկու՝ Իւոր Էվանսի մտայղացմամբ, Հարաւային Աստղը պէտք է անդրադարձնէր Տանթէ Ալիգերիի նկարագրած չորս համաստեղութիւններով արտայայտուած առաքինութիւնները՝ իմաստութիւն, արդարամտութիւն, խիզախութիւն, չափաւորութիւն։ Ժամանակակից դրօշի վրայ Հարաւային Խաչի աստղերու քանակը կը տարբերի սկզբնական բնագիրէն, որուն մէջ անոնց քանակը կը տատանուէր հինգէն ինը աստղի՝ անով աւելի ընդգծելով գիշերային երկինքին մէջ։ Միայն թէ 1908-ի Բրիտանական Ծովակալութիւնը, ձգտելով համաչափութեան եւ դրօշի պատրաստման ծախսերու կրճատման համար միօրինականացուց աստղերը. մինչ այդ Հարաւային Խաչի չորս խոշոր աստղերը ունէին եօթ թեւ, իսկ ամենափոքր աստղը՝ հինգ թեւ (դրօշի փոփոխուած տեսքը պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ 22 Մայիս 1909-ի «Աւստրալական Միութեան կառավարական տեղեկագրին մէջ»)։
Աւստրալիոյ դրօշին մէջ կ՚օգտագործուի նոյն գոյները, ինչ որ Մեծ Բրիտանիայի դրօշին մէջ՝ կապոյտ, կարմիր, սպիտակ (կը գերակշռէ կապոյտը)։ Բոլոր երեք գոյները կ՚արտացոլեն երկրի պատմութիւնը՝ բրիտանական գաղութատիրական եւ մեծ մասամբ «եւրոպական» անցեալը։ 1901-ին անոնք նոյնպէս կը խորհրդանշէին հաւատարմութիւնը Բրիտանական կայսրութեան։ Բացի այդ Աւսրալիայի դրօշի կապոյտ գոյնը ունէր նաեւ աւելի լայն մեկնաբանութիւն. համաձայն մէկ տեսակէտի՝ այդ կը խորհրդանշէ այն փաստը, որ Աւստրալիան կղզի-մայրցամաք է, մէկ այլ կարծիքի համաձայն՝ առաջին նորաբնակները, որպէսզի հասնին այնտեղ, պէտք է անցնէին ծովերով։
Դրօշի այժմեան տեսքի ամբողջական նկարագրութիւնը 1934-ին հրապարակուած է «Աւստրալական Միութեան կառավարական տեղեկագրին մէջ» (անգլ.՝ Commonwealth Gazette)։
Կառուցուածք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաձայն «Դրօշի մասին» օրէնքի՝ աւստրալական ազգային դրօշը պիտի համապատասխանէ հետեւեալ պահանջներուն․
- Մեծ Բրիտանիայի դրօշի պատկերը կը գտնուի դրօշի վերին ձախ քառորդին մէջ։
- Աւստրիալիոյ վեց նահանգները եւ մնացած տարածքները խորհրդանշող մեծ սպիտակ աստղը կը գտնուի ներքեւի ձախ քառորդի կեդրոնը՝ ցոյց տալով Մեծ Բրիտանիայի դրօշի կազմին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգիի խաչը դրօշի կեդրոնը։
- Հարաւային Խաչը խորհրդանշող հինգ սպիտակ աստղերը կը գտնուին պաստառի աջ կէսը։
Համագործակցութեան աստղերու արտաքին տրամագիծը կը կազմէ դրօշի լայնութեան 3/10-ը, իսկ Հարաւային Խաչինը՝ դրօշի լայնութեան 1/7-ը, բացի Էպսիլոնէն, որու արտաքին տրամագիծը դրօշի լայնութեալ 1/12-ը։ Իւրաքանչիւր աստղի ներքին տրամագիծը կը կազմէ 4/9-ը։
Գոյներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թեպէտ դրօշի գոյները «Դրօշի մասին» օրէնքով հաստատուած չեն, սակայն անոր Pantone նկարագրութիւնը ձեւակերպուած է վարչապետի մշակոյթի եւ մրցանակներու բաժնով։ Բացի այդ, CMYK եւ RGB բնութագիրները ունին «Style Manual for Authors, Editors and Printers» հրահանգ՝ աւստրալական կառավարութեան կողմէ[2]:
Գունային պատկեր | Կապոյտ | Կարմիր | Սպիտակ |
---|---|---|---|
Pantone | 280C | 185C | Safe |
RGB
(Hex) |
0-0-139
(#00008B) |
255-0-0
(#FF0000) |
255—255-255
(#FFFFFF) |
CMYK | 100 % — 80 % — 0 % — 0 % | 0 % — 100 % — 100 % — 0 % | 0 % — 0 % — 0 % — 0 % |
1901-ին դաշնային դրօշի փոփոխութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ 1901-ը Աւստրալիան կը ներկայացնէր վեց բրիտանական գաղութներու խումբ։ Միացեալ Թագաւորութեան դրօշը յաճախ կ՚օգտագործուէր անոնց միասնական ներկայացման համար, միեւնոյն ժամանակ իւրաքանչիւր գաղութ ունէր իր դրօշը, որոնց վրայ պատկերուած էր Միացեալ Թագաւորութեան դրօշը։
19–րդ դարու ընթացքին երկու անգամ փորձ կատարուած է ստեղծելու ազգային դրօշ։ ԱԱնոնցմէ առաջինը տեղի ունեցած է 1823-1824-ականներուն, երբ Ճոն Նիքլսոնը եւ Ճոն Պինկլը մշակեցին ազգային գաղութարարական դրօշը։ Այն կը ներկայացնէր սպիտակ պաստառ, որու վրայ պատկերուած էր Բրիտանիայի դրօշը եւ Սուրբ Գէորգի (որ Անգլիոյ խորհրդանիշն է) խաչը չորս սպիտակ աստղերով։ Ըստ Նիքլսոնի՝ Բրիտանական ադմիրալութիւնը ընդունած է դրօշը եւ Նոր Հարաւային Ուելսի նահանգապետը հաստատած է իբրեւ աւստրալական ազգային դրօշ 1823-ին, սակայն այդ հաւաստող ոչ մէկ գրաւոր փաստաթուղթ պահպանուած է։ Այդ պատճառով ազգային գաղութարարական դրօշը կը համարուիառաջին աւստրալական դրօշը, որու վրայ պատկերուած է Հարաւային Խաչը[3]:
Սակայն իբրեւ ազգային դրօշ առաւել յայտնի է Աւստրալիոյ դաշնային դրօշը, որ ստեղծած է Ճոն Նիքլսոնը 1831-ին։ Նոր դրօշի բաւականին նման էր 1823-1824-ականներու ազգային գաղութարարական դրօշին,սակայն ունէր նշանակալի տարբերութիւններ․ կեդրոնական խաչի գոյնը կապոյտ էր, եւ անոր վրայ պատկերուած էին ոչ թէ չորս, այլ հինգ աստղեր։ Դաշնային դրօշը, ինչպէս նաեւ «Մէկ ժողովուրդ, մէկ ճակատագիր, մէկ դրօշ» նշանաբանը (անգլ.՝ One People, One Destiny, One Flag) առաւել յայտնի դարձան 1880-1890-ականներուն, երբ անոնք դարձան Աւստրալիոյ դաշնութեան շարժման խորհրդանիշ[4]:
Բոլոր այդ դրօշներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Էվրիքսի դրօշին, որն ի յայտ եկաւ 1854-ին Էվրիքսեան ապստամբութեան ժամանակ, պատկերուած է Հարաւային Խաչ համաստեղութիւնը։ Սակայն առաջին դրօշին մէջ, ուր աստղերը պատկերուած են այն հերթականութեամբ, որմով կը գտնուին երկինքին մէջ, կը համարուի Աւստրալիոյ Հակաերթեւեկութեան լիկայի դրօշը (անգլ.՝ Australasian Anti-Transportation League Flag), եւ որ հանդէս կու գայ Աւստրալիոյ երթեւեկութեան ուժերուն դէմ։ Դրօշի առաջին տարբերակի վրայ 1849-ին աշխատած է Ճոն Ուէսթը Թասմանիայի Լոնստեստոն քաղաքէն։ 1853-ին կազմակերպութեան լուծարումէն ետք Լիկայի դրօշը դադրեցաւ գործածուելէ՝ չնայած այն այնուհետեւ Վիքթորիայի դրօշի հիմքին մէջն էր։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Australian National Flag» (անգլերեն)։ Flag Society of Australia Inc and Pennant Advisory Services Pty Limited։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 6 мая 2009
- ↑ revised by Snooks & Co. (2002)։ Style Manual for Authors, Editors and Printers (6th հրտրկթն․)։ Milton, Qld.: John Wiley & Sons։ ISBN 0 7016 3648 3
- ↑ «Some of the Significant Historical Flags of Australia» (անգլերեն)։ Flag Society of Australia Inc and Pennant Advisory Services Pty Limited։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 7 мая 2009
- ↑ «The Australian Federation Flag (1831—1900)» (անգլերեն)։ Australian National Flag Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-08-20-ին։ արտագրուած է՝ 8 мая 2009