Jump to content

Աւետիս Աֆարեան

Աւետիս Աֆարեան
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր

Աւետիս Աֆարեան (1880, Կիւրին, Սեբաստիոյ նահանգ, Թուրքիա - 1915 թուականին անյայտ կորսուած է), հայ բժիշկ։

Աւետիս Աֆարեանը ծնած է մօտ 1880 թուականին։ Եղած է բժիշկ։ Ընտանիքով ապրած է Սե­բաս­տի­ոյ նա­հան­գի, Սեբաստիոյ գաւառի Կիւրին գաւառի կեդրոն՝ Կիւրին քաղաքի մէջ եւ աշխատած է բժիշկ։ Բուժած է հա­յե­րուն, թուր­քե­րոււն, քիւրտե­րուն ու չեր­քեզ­նե­րուն` առանց ազ­գա­յին եւ կրօնա­կան խտրա­կա­նու­թեան։

Որ­դին` Մեսիա Աֆարեան ծնած է Կիւրինի մէջ 1908 թուականին։ 1914 թուականին՝ Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժամանակ, Աւետիս զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած է որպէս զինուորական բժիշկ։ 1915 թուականին մօտ 35 տարեկանին անյայտ կորած է։

1915 թուականին թուրքերը Կիւրինի ամբողջ բնակչութիւնը, անոր կարգին բժշկի ընտանիքը, քշած են Տէր Զօ­րի անապատները։ Երիտասարդներուն նախօրօք հաւաքած են բանակի մեջ, ծառայելու պատրուակով, իսկ կիներուն եւ երեխաներուն տարագրած են Շատտատէի քարայրները եւ գազանաբար՝ սպանած։ Որդին՝ Մեսիան, հրաշքով փրկուած է ու ապաստանած՝ արաբական ընտանիքի մէջ։ Մեսիային գտած է բարերար Փառնակ Շիշիկեանը եւ տեղափոխած է հայկական որբանոց, այնտեղ գրաճանաչ դարձած է։ Յետագային մշտապէս կարդացած է տեղական թերթերը յուսալով, որ կրնայ որեւէ տեղեկութիւն ստանալ իր հարազատներու մասին։ Ապրած է Սուրիոյ Թել Պրաք հայկական գիւղի մէջ, այնտեղ ամուսնացած է այնթապցի Հերմինէին հետ եւ ունեցած է 5 զաւակ։ 1948 թուականին ընտանիօք հայրենադարձած է Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան եւ բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ, աշխատած է փողոցները ասֆալթապատաելու աշխատանքով։ Ան ընդհանրապէս բան չէ իմացած իր բժիշկ հօրն ու միւս հարազատներու մասին։

  • Ճղըլեան Յակոբ, Ստուերում մնացած կեանք, Երեւան, 1991։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։