Jump to content

Արփիկ Գուլումեան

Արփիկ Գուլուեան
Ծննդավայր Թաւրիզ

Արփիկ Գուլումեան-Աղախեան, ծնած է Թաւրիզ:

Ընտանիքին հետ փոխադրուած է Համադան, ապա 1933 թուականին՝ Թեհրան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թաւիզի Թամարեան եւ Համադանի ազգային դպրոցներուն մէջ։ Սկսած է յաճախել Դաւիթեան երկսեռ միջնակարգ դպրոցը, որ սակայն փակուած է 1936 թուականին, ինչպէս Պարսկաստանի միւս հայկական վարժարանները։ Նոյն շրջանին կը պատահի նաեւ իր հօրը մահը։ Յաջորդ տարի կը յաճախէ պարսկական օրիորդանոց վարժարան։ Իր բազմանդամ ընտանիքին տնտեսական դժուարին պայմանները կը պարտադրեն, որ կիսատ թողու դպրոցը։ Կը սորվի պարսկերէն մեքենագրութիւն եւ պաշտօն կը վարէ պարսկական հիմնարկութիւններու մէջ։

1942 թուականին կ'ամուսնանայ Մելիք Աղախանեանի հետ։ Ինքնաշխատութեամբ կը զարգացնէ մայրենի լեզուն։ Ի վերջոյ, 1969 թուականին կը վերադառնայ դպրոց եւ կը հետեւի Թեհրանի Քուշէչ Միջնակարգ դպրոցի հայագիտական գիշերային դասընթացքներուն, զորս կ'աւարտէ 1971 թուականին։

11 տարեկանին սկսած է գրական փորձերու։ «Բագին»ի խմբագիր Պօղոս Սնապեանի քաջալերանքով, նոյն ամսագիրին մէջ, 1967 թուականին լոյս տեսած է «Սեւ Աչերիդ մէջ» բանաստեղծութիւնը։ Այնուհետեւ կ'աշխատակցի «Ալիք» օրաթերթին, «Քուլիս»ի (Պոլիս), «Գիր ու Գիրք» (Նիւ Եորք), «Նոր Կեանք» եւ «Նաւասարդ» (Գալիֆորնիա) պարբերաթերթերուն:

Կ'անդամակցի Թեհրանի Իրանահայ գրողներու Միութեան, 1967 թուականէն սկսեալ: 1976 թուականին կ'անցնի Նիւ Եորք, ուր եւս կը շարունակէ իր մշակութային գործունէութիւնները, անդամակցելով տեղւոյն Իրանահայ Միութեան: Կ'ունենայ ելոյթներ որպէս ասմունքող եւ դերակատար:

1978 թուականին կը տէղափոխուի Թալաս Օքլահոմա, ուր եղած է Հայ Օգնութեան Միութեան նախագահ, մինչեւ 1984 եւ օժանդակած՝ Պէյրութի պատերազմէն տուժածներուն:

1984 թուականին դժբախտութիւնը կ'ունենայ կորսնցնելու իր կրտսեր դուստրը՝ Այտա Աղախանեան-Իսայեանը:

Նոյն տարին, Այտայի մահէն առաջ կը հրատարակէ «Վթտի Անտառ» բանաստեղծութիւններու հատորը։

1989 թուականին կը փոխադրուի Կլէնտէյլ-Գալիֆորնիա, իր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն մօտ։

Ա. Աղախանեան (Մութ-Արփի) ունի զգայուն գրիչ մը, որ հարազատ թարգմանը կը հանդիսանայ իր վճիտ հոգիին, վիշտերուն ու տառապանքներուն։ Բարութիւն եւ նուիրում կ'արտացոլեն իր խորամիտ տողերը, որոնք վարպետօրէն ագուցուած են ոճով մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։