Արտաշէս Յարութիւնեան

Արտաշէս Յարութիւնեան
Պատկեր:Արտաշես Հարությունյան.jpg
Ծնած է 3 Հոկտեմբեր 1873
Ծննդավայր Մալկարա
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Իզմիթ, Հյուդավենդիգար, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Flag of the Ottoman Empire (1844–1922).svg Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Արձակագիր եւ գրագէտ

Արտաշէս Յարութիւնեան, (3 Հոկտեմբեր 1873, Մալքարա- 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ), արձակագիր եւ գրագէտ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումը աւարտած է անկանոն ձեւով ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ առանց զայն բոլորելու։ Դպրոցէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք մտած է հօրը խանութը։ Ամբողջ բռնապետութեան շրջանին ան դուրս չէ ելած Մալկարայէն ու չէ ճամբորդած։ Սիրողաբար գրականութիւն մշակած է։ «Կարծեմ գրած եմ, որովհետեւ չէի կրնար չգրել, բայց ըրածիս վրայ հաւատք չունիմ».- ըսած է ան։

Գրական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քերթողական իր էջերը ամփոփուած են երեք հատորներու մէջ՝ «Լքուած քնար»(1902), «Երկունք»(1906) եւ «Նոր քնար» (1912)։ Երկարօրէն աշխատած է «Նոր քնար» հատորին վրայ, որ կը նկատէ լաւագոյն աշխատութիւնը։

Տաղանդաւոր գրագէտը կանուխէն աշխատակցած է թրքահայ մամուլին՝ քերթուածներով, գեղեցիկ արձակներով եւ քննադատականներով, որոնք յայտնի անուն ապահոված են իրեն։ Գրականութեան մէջ մուտք գործած է Կարօ ծածկանունով։ Որպէս արձակագիր եւ գեղագէտ-քննադատ անժխտելի կարողութիւն ցոյց տուած է իր գրական վերլուծական յօդուածերով։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Լքուած քնար, Կ. Պոլիս, 1902, 84 էջ:
  • Երկունք, Կ. Պոլիս, 1906, 80 էջ:
  • Նոր քնար, Կ. Պոլիս, 1912, 148 էջ:
  • Արձակ էջեր եւ քերթուածներ, Փարիզ, 1937, 192 էջ:
  • Գիշերուան ճամբորդը, Երեւան, 1968, 378 էջ:
  • Քառեակներ, Երեւան, 1993, 125 էջ:
  • Քառեակներ – 2, Երեւան, 1996, 114 էջ:
  • Ընտրանի, Երեւան, 2016, 328 էջ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Ա. հատոր, Պոսթըն 1970, էջ 534-535:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]