Jump to content

Արշաւիր Շիրակեան

Արշաւիր Շիրակեան
Ծնած է 1900[1][2][3][…]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[4]
Մահացած է 12 Ապրիլ 1973(1973-04-12)
Մահուան վայր Հաքենսաք, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[5]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ակտիվիստ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Երեխաներ Սոնիա Շիրակեան Պլէքուէլ

Արշաւիր Շիրակեան (1900[1][2][3][…], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[4] - 12 Ապրիլ 1973(1973-04-12), Հաքենսաք, Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ վրիժառու, ՀՅԴ անդամ։ Կամաւոր կերպով անդամակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպուած եւ իրականացուած երիտթուրքական ղեկաւարներու ահաբեկման գործին («Նեմեսիս» գործողութիւն)։ 1921 թուականին Հռոմի մէջ ահաբեկած է 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան մեծ ղեկավարը Սայիտ Հալիմ Փաշային։ 17 Ապրիլ 1922 թուականին Պերլինի մէջ Արամ Երկանեանի հետ ոչնչացուցած է Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմիին։ 1923 թուականին հաստատուած է ԱՄՆ-ի մէջ, ուր ապրած է ու գործած է մինչեւ մահ։

Շիրակեան ծնած էր 1900-ին, Պոլիս։ Մանկութիւնը կ'անցնէ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հետեւած Պոլսահայ ազատ մթնոլորտին մէջ։ Պատանի տարիքէն կ'ապրի ու կը կազմաւորուի դաշնակցական մտաւորականներու մտերմութեան մէջ։1915-ին, Շիրակեան կը կոչուի պատանի սուրհանդակի առաքելութեան, որպէսզի հայ մատնիչներու դաւաճանական ցուցմունքներուն դէմ զգուշացնէ ընդյատակ կեանքի անցած հայ մտաւորականները[6]։

Արշաւիր Շիրակեան կ'անդամագրուի հայ ազատագրական պայքարի առաջամարտիկը համարուող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը թերեւս պատանութեան տարիներէն։ Արշաւիրի ողջ ընտանիքը եղած է դաշնակցական։

Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարը, Արշաւիր Շիրակեան ամբողջական փարումով կը գործէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան շարքերուն մէջ։

Շիրակեան կը հեռանայ Պոլիսէն եւ կ'անցնի Երեւան, ուր Արամ Երկանեանի հետ նոր առաքելութեան մը կը կոչուի։ Թիֆլիսի մէջ իրենց պարտականութիւնը կատարելու նախապատրաստական աշխատանքի ժամանակ, երկուքն ալ կը ձերբակալուին, բայց անհրաժեշտ ապացոյցերու չգոյութեան հետեւանքով ազատ կ'արձակուին։ Արշաւիր կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ 1921-ի ամառը նոր յանձնարարականով կ՛ուղարկուի Հռոմ։

Մօտէն կը հետեւի Պոլսոյ Օսմանեան Զինուորական Ատեանին կողմէ Իթթիհատի պարագլուխներու դատավարութեան։ Վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ իթթիհատական պարագլուխներ Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճեմալ Ազմիի, Նազըմի եւ միւսներուն դէմ Ատեանի արձակած մահապատիժի դատավճիռները, դատապարտուելով մեռեալ տառ մնալու ճակատագրին, նոր ընդվզումի եւ ցասումի կրակը կը բորբոքէ երիտասարդ գործիչին մէջ։

Փրկուելով թրքական եաթաղանէն՝ Արշաւիր Շիրակեան անդամագրուած է ՀՅԴ-ի ստեղծած «Նեմեսիս» գործողութեան պատասխանատու մարմնին, որուն նպատակն էր հայոց Ցեղասպանութեան իրականացնող դահիճներու եւ հայ դաւաճաններու ահաբեկումը։

1922 թուականին Արշաւիր Շիրակեանը իր ընտանիքը կը կազմէ՝ ամուսնանալով սիրած աղջկան՝ Գայանէի հետ։ Շուտով ՀՅԴ-ն փոխած է իր մարտավարութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ, «Նեմեսիս» ծրագիրը կը կասեցուի։ Ընելիք չունենալով Եւրոպայի մէջ՝ Արշաւիր Շիրակեան 1923 թուականին ընտանիքով հաստատուած է ԱՄՆ-ի մէջ։ Հատատուած է Նիւ Եորք, ուր զբաղուած է արեւելեան գորգերու առեւտուրով[7][8]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Swartz A. Open Library — 2007.
  2. 2,0 2,1 Faceted Application of Subject Terminology
  3. 3,0 3,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  4. 4,0 4,1 4,2 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  5. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 135. — ISBN 978-2-905686-93-0
  6. «ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Արշաւիր Շիրակեան Հայ ժողովուրդի Արդարահատոյց Բազուկը»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2010-04-13։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-15-ին։ արտագրուած է՝ 2018-01-22 
  7. «Արշավիր Շիրակյան, հայ վրիժառու բազուկը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-17-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-09 
  8. «Արշավիր Շիրակյան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-06-01-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-09