Արճուն Գաբուր
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Արճուն Գաբուր հնդ.՝ अर्जुन कपूर անգլերէն՝ Arjun Kapoor | |
---|---|
| |
Ծնած է | 26 Յունիս 1985 (39 տարեկան) |
Ծննդավայր | Մումպայ, Հնդկաստան |
Քաղաքացիութիւն | Հնդկաստան |
Ուսումնավայր | Asian Academy of Film & Television? |
Մասնագիտութիւն | դերասան, հեռուստահաղորդավար |
Ամուսին | Մալաիկա Արորա? |
Ծնողներ | Պոնի Գաբուր եւ Մունա Գաբուր |
Արճուն Գաբուր, (26 Յունիս 1985, Մումպայ, Հնդկաստան), հնդիկ դերասան։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1985-ին, Հնդկաստանի Մոմպէյ քաղաքին մէջ։ Հնդկական ընտաքի մէջ, անոր հայրը հնդկական շարժապատկերի արտադրիչ Պոնի Գաբուրն է, իսկ անոր մայրը գործարար եւ նոյնպէս շարժապատկերի արտադրիչ Մունա Գաբուրն էր, որ կը մահանայ Արճունի « Ishaqzaade» ֆիլիմի ցուցադրութենէն երեք շաբաթ առաջ՝ քաղցկեղի պատճառով: Ան նաեւ շարժապատկերի արտադրիչ Սուրինտր Գաբուրին թոռնիկն է եւ դերասաններ Սանճէյ Գաբուրի եւ Անիլ Գաբուրի եղբօր զաւակը: Ունի մէկ քոյր՝ Անշուլա Գաբուրը:
Երբ Արճուն կը դառնայ տասը տարեկան անոր հայրը կ'ամուսնալուծուի իր մօրմէն եւ կ'ամուսնանայ դերասանուհի Սրիտեւիի հետ։ Այդ օրէն Արճուն կը հեռանայ իր հօրմէն։ Անոր մայրը կը զբաղի իր եւ քրոջ դաստիարակութեամբ։ Միայն չափահաս դառնալէն ետք է որ ան կը յաջողի բարելաւել իր հօր հետ իր յարաբերութիւնները։ Այս մասին Արճուն իր հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ ըսած է.- «Այդ ժամանակ փոքր էինք, եւ վիճակը շատ վատ էր։ Մօրս ոչ մէկ բանով օգտակար չէի կրնար դառնալ, բացի հօրս ատելով, իսկ իմ հօրս կնոջ՝ Սրիտեւիի մասին ուրիշ զգացումով չեմ կրնար արտայայտուիլ բացի յարգանէ։ Ի վերջոյ, ան իմ խորթ քոյրերուս մայրն է»:
Ան իր դպրոցական կրթութիւնը ստացած է Arya Vidya Mandir դպրոցին մէջ։ Երիտասարդական տարիքին Արճուն տառապած է գիրութենէ։ Ան այս ժամանակաշրջանին մասին կ'արտայատուի, նշելով, որ միշտ եղած էր կեղտոտ, ջղային եւ կորսնցուցած էր ինքնավստահութիւնը:
Երբ Արճուն կը դառնայ 18 տարեկան, յարաբերութիւն կը մշակէ հնդիկ դերասան Սալման Խանի քրոջ՝ Արպիդա Խանի հետ, եւ անոնց յարաբերութիւնը կ'աւարտի երկու տարի ետք, իսկ 2014-ին Արպիդան կ'ամուսնանայ ուրիշ տղու մը հետ:
Դերասանական ասպարեզը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասպարեզի սկիզբը (2003-էն մինչէւ 2011)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2014-ին Արճուն ունեցաւ երկու իրերայաջորդ ժապաւէններ, որոնք մեծ յաջողութիւններ բերին իրեն։
Ան իր ասպարեզը սկսաւ իբրեւեւ օգնական արտադրիչ Նիքիլ Ատֆանիի Kal Ho Na Ho ժապաւէնին, որուն դերակատարներն էին Շահ Ռոխ Խան, Բրիթի Զինդա, եւ Սէյֆ Ալի Խան: Ան 2007-ին իբրեւեւ օգնական աշխատեցաւ նոյն արտադրիչին հետ Salaam-e-Ishq ժապաւէնին համար, որուն դերակատարներն էին Սալման Խան, Բրիանքա Ջոբրա, Անիլ Գաբուր, Ճուհի Ջաուլա, Ճոն Աբրահամ, Կովինտա, Աքշէյ Խաննա, Վիտիա Պալլան, Սահիլ Խան եւ Այշա Թաքիա: Իսկ ժամանակաշրջան մը ետք միասնական արտադրիչ աշխատեցաւ իր հօր երկու ժապաւէններուն՝ No Entry-ի (2005) եւ Wanted-ի (2009), որոնց դերակատրաներն էին Սալման Խան, Այշա Թաքիա եւ Վինոտ Խաննա:
Իր այս աշխատանքին շնորհիւ Արճուն մտերմացաւ Սալման Խանի հետ: Այդ ժամանակ Արճուն կը տառապէր գիրութենէ: 2005-ին Սալման Խան օգնեց Արճունին որ ան աշխատի նիհարելու ուղղութեամբ եւ նաեւ օգնեց անոր՝ սորվեցնելով Արճունին դերասանութիւն եւ պար: Իրականութեան մէջ Արճուն երբեք չէր մտածած դերասանութեան մասին, այլ կ'ուզէր իր հօր նման դառնալ շարժապատկերի արտադրիչ, սակայն Սալման Խանի վստահութիւնը իր հանդէպ մղեց անոր դէպի դերասանութիւն: 2011-ին Արճունը հնդկական շարժապատկերիի՝ Yash Raj Films ընկերութեան հետ ստորագրեց երեք պայմանագիր:
Դերասանական իր Ճանապարհը (2012-էն մինչ օրս)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2012-ին Արճուն ունեցաւ իր առաջին ժապաւէնը՝ « Ishaqzaade», որուն արտադրիչն էր Հապիպ ֆայսալ, իսկ դերասանական կազմին մաս կը կազմէր Բարանիթի Ջոբրան: Ժապաւէնը շատ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ժողովուրդին կողմէ, որուն շնորհիւ Արճունի անունը առաջարկուեցաւ Film Fare Awards մրցանակներու բաշխման մէջ իբրեւեւ տարուան ամենալաւ դերասան: Սալման Խան Ֆիլմին մասին գրելէ ետք Արճուն հետեւեալը պատասխանեց անոր իր անձնական Twitter-ի էջին մէջ.- «Սալման Խանին ես կը համարեմ իմ մեծ եղբայրը, ան ինծի ըսաւ որ դերասանական ճանապարհս կերտեմ, եւ պէտքէ փորձեմ այդ ճանապարհը, այդ ժամանական էր որ ես կը տառապէի գիրութենէ եւ չէի կրնար ես զիս երեւակայել իբրեւեւ դերասան, ան ինծի իր կողքը պահեց երկու տարի շարունակ, երբ կ'աշխատէր իր երկու ֆիլմերուն՝ Veer եւ Wanted-ին վրայ։ Ան վստահութիւն ունէր իմ ոյժերուս վրայ եւ ճիշդ այդ պատճառով է որ ես այսօր հոս եմ»:
Իրերայաջորդ երեք ոճրագործական ֆիլմերէն ետք, Արճունի չորրորդ ֆիլմը եղաւ վիպային կատակերգութիւն մը՝ 2 States:
Անոր չորրորդ ֆիլմն է Finding Fanny-ն, որուն դերակատրներն էին նաեւ Տիփիքա Փատուքոն, Նասր ԱլՏին Շահ, Տիմպլ Գաբատա, Պանքաճ Գաբուր: Ֆիլմը մեծ նուաճումներ ունեցաւ, իսկ շարժապատկերի քննադատները զայն նկատեցին Արճունի ամենալաւ ֆիլմերէն մէկը:
2015-ին ան հրապարակեց իր յաջորդ ֆիլմը՝ Tevar-ը, որուն արտադրիչն էր իր հայրը:
|