Արթօ Իւզպաշեան

Արթօ Իւզպաշեան, հայ նկարիչ։

Ծնած է Պոլիս։ Թէեւ ան ուսանած եւ աշխատած է Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ Մոնրէալի մէջ, սակայն մասնաւորաբար Թորոնթոյի փոխադրական միջոցներով խճողուած ժխորալից պողոտաները եւ հարաւային Օնթարիոյի ձիւնածածկ ագարակները՝ կենդանի գիծերով ներկայացնող գործերն են, որ զինքը կը յատկանշեն։ Թորոնթոյի ձիւնածածկ «College Street»ը ներկայացնող իր գեղեցիկ մէկ պաստառը կը գտնուի Ուաշինկթընի քանատական դեսպանատան մէջ։