Արեւշատ Աւագեան (24 Յուլիս1940(1940-07-24), Աշտարակ, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ նկարիչ։ Ծնած է Աշտարակ։ Աւարտած է համալսարանի բանասիրական ճիւղը։ Խմբագրական պաշտօններ վարած է զանազան թերթերու եւ «Գարուն» ամսագրին մէջ։ Կ'ապրի եւ կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ։ Գրած է քնարական բանաստեղծութիւններ եւ վիպերգներ՝ «Ակունքներ», «Երկնային Պատուհաններ», «Սիրոյ Տաղարան», եւայլն, ինչպէս նաեւ «Անթառամներ» պատմուածքներու ժողովածուն։