Արեւմտահայ մշակութային կեանքը 1900-1910-ական տարիներուն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Արեւմտահայ ճակատ
Արեւելահայութեան մօտ, քաղաքական ճնշումները մեղմացած են 1912-էն ետք, աստիճանաբար վերածուելով՝ սիրաշահումի քաղաքականութեան մը։ Պատերազմի սկիզբը, հայութիւնը կը քաջալերուի կամաւորական գունդեր կազմելու, ռուսական բանակներուն հետ միասին, եւ ազատագրելու՝ Արեւմտեան Հայաստանի հողերը։ Արդարեւ, կը գրաւուի արեւմտեան հայաստանի մեծ մասը՝ Վանի, Կարնոյ եւ Տարօնի նահանգները։ Կովկաս գաղթած մնացորդացը կը դառնայ տուն։ 1917-ի Փետրուարին, ռուսական ժողովրդավար յեղափոխութիւնը աւելի մեծ յոյսեր կը ներշնչէ հայութեան։
Բայց 1917-ի աւարտին, համայնավար յեղաշրջումէն ետք, ռուսական բանակները կը քաշուին արագօրէն։ Թուրք բանակին դէմ մինակ մնացած, Հայաստանի ուժերը նախ՝ կը նահանջեն։ Ի վերջոյ, հերոսական ճիգով մը, անոնք կը կանգնին ու փախուստի կը մատնեն թուրքերը՝ 1918 Մայիսին , Սարտարապատի մօտ, փրկելով Արարատեան դաշտն ու Երեւանի նահանգը։
Կը հիմնուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ 28 Մայիս 1918-ին։ Առաջին այս հանրապետութիւնը, կենսական հանգրուան հայոց պատմութեան մէջ, մեծ ճիգերէ եւ առաջին իրագործումներէ ետք, կը մնայ «թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին միջեւ»։ 1920-ի վերջը, անիկա կը դառնայ խորհրդային, որպէս մէկ մասը շուտով կազմուելիք խորհրդային միութեան։