Jump to content

Բառ

Բառ, կը կոչուի հնչիւններու այն խումբը կամ հնչիւնը, որ իմաստ մը կ'արտայայտէ։

Օրինակ՝ աղ, ջուր, գիրք, քաղցր։

Ասոնք երկու, երեք, չորս եւ հինգ հնչիւններէ բաղկացած կապակցութիւններ են, իմաստ ունին, ուստի եւ բառեր են։ Կան նաեւ մէկ հնչիւնէ բաղկացած բառեր.

Oրինակ՝ Յակոբիկը ուշիմ ու խելացի աշակերտ է:

Այստեղ ու, է հնչիւնները բառեր են։

Հնչիւններու պատահական ամէն մէկ խումբ բառ չէ. օրինակ՝ աթոռ բառ է, քանի որ իմաստ ունի, բայց թոառ, ոթոա բառեր չեն, որովհետեւ իմաստ չունին։ Առանց բառի կարելի չէ խօսիլ կամ խօսակցիլ, մտքեր հաղորդել իրարու։

Հարուստ կը համարուի այն լեզուն, որ բազմապիսի իմաստներ արտայայտող շատ բառեր ունի։

Հայերէն բառային կազմը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուի մը մէջ գործածուող բոլոր բառերը միասին բառային կազմ կամ բառապաշար կը կոչուին։

Հայերէնի բառային կազմը հարուստ է։ Հազարամեակներու ընթացքին ան հարստացած է բազմաթիւ ու բազմապիսի բառերով, որոնք կ'արտայայտեն մարդոց, անոնց կեանքին եւ բնական աշխարհին հետ կապուած զանազան գաղափարներ. օրինակ՝

  • Աշխատանքի ու տնտեսութեան վերաբերեալ բառեր՝ արտ, ակօս, սերմ, ցօրէն, գործիք, գործել, վարել, բահ, մուրճ, գութան, սալ, մանգաղ, գործարան եւ այլն։
  • Մարդու մարմնի մասեր արտայայտող բառեր՝ աչք, ոտք, բազուկ, սրունք, կուրծք, գլուխ, սիրտ, անութ, ուս եւ այլն։
  • Ընտանիքի եւ մարդու կենցաղի վերաբերեալ բառեր՝ տուն, ընտանիք, բնակիչ, մայր, հայր, որդի, պապ, տալ, հարս, կեսուր, կեսրայր, հագուստ, զարդ, արդուկել, սենեակ, բազմոց, գաւիթ, բակ, տնտեսութիւն եւ այլն։

Հայերէնն ունի մօտ 150 000 բառ։

Մարդկային կեանքին մէջ ամէն մէկ գիւտ, նոր գործիք, իր, երեւոյթ ու գաղափար անմիջապէս անուն կը ստանան։ Այդ անունը, իբրեւ նոր բառ կը մտնէ լեզուի բառապաշարին մէջ. օրինակ՝ մենք ունինք տիեզերք եւ նաւ բառերը, որոնցմէ վերջերս կազմուեցաւ տիեզերանաւ նոր բառը։ Նման նորակերտ բառեր են՝ տիեզերագնաց, տիեզերանաւորդ, հրթիռակիր, սաւառնակ, սաւառնորդ, ինքնամուղ, հեռուստացոյց, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, հրասայլ, ձայնապնակ եւ այլն, որոնք գոյութիւն չունէին ասկէ քանի մը տարի, կամ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ։

Սահմանումներ/նշանակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բառի վերծանման դժուարութիւնը կախուած է լեզուէն։ Բառարանները կը բաժնեն լեզուի բառային կազմը լեմմաներու։ Սա ցոյց կու տայ բառի իմաստը՝ ըստ լեզուակիր գրողներու։ Բառի երկարութիւնը չափելու լաւագոյն ձեւը վանկերու կամ ձեւոյթներու քանակը հաշուելն է[1]։ Բազմիմաստ բառերը կրնան բարդութիւններ առաջացնել բանավէճերու կամ քննարկումերու ժամանակ[2]։

Բառերու հիմնական յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուի մէջ բառը իր հնչիւնական կազմով կը փոխանցէ հասկացութեան, առարկայի, գործողութեան, իրականութեան երեւոյթներու, անոնց կառուցուածքի կամ փոխյարաբերութիւններու իմաստը։ Բառին մէջ կը զուգորդուին հնչիւնական, բառիմաստային եւ քերականական յատկանիշներ՝ իմաստի որոշակիութիւն, ձեւի կայունութիւն, արտասանութեան ամբողջականութիւն, բաղադրիչներու համադրութիւն կամ յարադրութիւն։ Բառը այս յատկանիշներով կը տարբերի լեզուական այլ միաւորներէ, օրինակ ի տարբերութիւն լեզուի բառակապակցութեան եւ նախադասութեան, բառն ինքնուրոյն կրնայ արտայայտել առանձին ամբողջական իմաստ կամ հասկացութիւն, բառակապակցութիւնը նոյնպէս կրնայ արտայայտել ամբողջական իմաստ, սակայն երկու կամ աւելի կապակցուած բառերու միջոցով, իսկ նախադասութիւնը՝ կ'արտայայտէ ամբողջական միտք։ Բառերու ճնշող մեծամասնութիւնը կ'արտայայտէ հասկացութիւններ (տուն, ծառ, քար, սէր, համբերութիւն, քաջարի, վազելով, գեղեցկութիւն, մահ, պատերազմ, մեծ, բարձր, վերէն, նկարել, ուտել, աշխատիլ, հարիւր, երկրորդ, պետութիւն)։ Որոշ բառեր հասկացութիւնները կը նշեն ոչ ուղղակիօրէն, այլ ըստ իրադրութեան կամ յարաբերութեան (ես, դուն, սա, այսպիսի), որոշ բառեր ալ կ'արտայայտեն դատողական (թերեւս, ի հարկէ, արդեօք եւ այլն), կամ զգացմունքային անմիջական վերաբերմունք (ա՛խ, աւա՛ղ, վա՛յ եւ այլն), կամ քերականական յարաբերութիւններ (մասին, համար, դէպի, բացի, որովհետեւ, որպէսզի, եւ այլն)[3]։

Բառերը այդպիսով կը գործեն որպէս բնական լեզուներու հիմնական նշանակալի միաւորներ։ Միւս բոլոր բնական լեզուներուն նման հայերէնը բառերու լեզուով շփման միջոց է։ Քերականական կանոններու օգնութեամբ առանձին բառերէն կամ բառակապակցութիւններու մէջ միաւորուած բառերէն կը կազմաւորուին նախադասութիւններ։ Նախադասութիւնները իրենց հերթին կը կառուցեն բովանդակութիւն կամ թեքստ՝ դառնալով կառուցուածքային ամբողջականութեամբ բնորոշուած հաղորդակցման աւելի մեծ միաւորներ։

Բառային սահմաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բառի բաղադրիչներու տարորոշման խնդիրը կը ներառէ որոշել, թէ ուր կ'աւարտի մէկ բառը եւ ուր կը սկսի միւսը, այսինքն՝ գտնել բառին սահմանները։ Կան քանի մը ձեւեր, որոնց միջոցով կարելի է որոշել բառային սահմանները բանաւոր խօսքին մէջ․

Բառերու դասակարգում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բառերը ունին ե՛ւ քերականական, ե՛ւ իմաստաբանական նշանակութիւն։

Բառիմաստները մարդու գիտակցութեան մէջ իրականութեան ճանաչման արդիւնքով արմատացած նշանակութիւններ են։

Իմաստաբանական նշանակութիւնը կրնայ ըլլալ բառի միակ նշանակութիւնը (մէկ իմաստ պարունակող բառերը կը կոչուին մենիմաստ)։ Բառերը կրնան ունենալ նաեւ քանի մը նշանակութիւն եւ անոնք կը կոչուին բազմիմաստ։ Գոյութիւն ունի իմաստաբանական նշանակութիւններու երեք հիմնական տեսակ։

  1. ուղիղ (անուանական),
  2. բառակապակցութեան մէջ կապուած,
  3. շարահիւսութեամբ պայմանաւորուած։

Բազմիմաստութիւնը կ'ըլլայ պատմական զարգացումներու ընթացքին մէկ առարկայի կամ հասկացութեան անուանումը մէկ այլ առարկայի կամ հասկացութեան փոխանցուելու պարագային։ Նման փոխանցումները տեղի կ'ունենան.

  1. հասկացութիւններու կամ առարկաներու նմանութեան պատճառով.
  2. անոնց յարադրման կամ յարաբերման պատճառով,
  3. կիրառութեան կամ գործառնութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւններու պատճառով։

Լեզուաբանութեան մէջ կը զանազանեն իմաստային փոխանցման հետեւեալ հիմնական տեսակները.

  1. Փոխաբերութիւն կամ մեթաֆորա (երբ բառերը կ'օգտագործուին փոխաբերական իմաստով որեւէ երկու առարկաներու կամ երեւոյթներու միջեւ եղած նմանութեան շնորհիւ, անոնց իմաստային փոխանցման պարագային),
  2. Փոխանունութիւն կամ մեթոնիմիա (երբ որեւէ առարկայի անուանումը կ'օգտագործուի մէկ այլ առարկայի համար անոնց միջեւ որեւէ արտաքին կամ ներքին որոշակի կապի առկայութեան շնորհիւ),
  3. Մասնամբողջութիւն կամ սինեկդոխա (երբ ամբողջի անուանումը կը կիրառուի մասի նկատմամբ, երբ ընդհանուրի անուանումը կը փոխանցուի մասնաւորին կամ ընդհակառակը)։

Ըստ կազմութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սովորաբար բառը կազմուած կ'ըլլայ արմատէ (կամ մէկէ աւելի արմատներէ) եւ զերօ ու աւելի թիւով ածանցներէ (նախածանցներ, վերջածանցներ)։ Ըստ կազմութեան բառերը կրնան ըլլալ պարզ եւ բաղադրեալ (զանազան ենթատեսակներով)։

Ըստ արտասանութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ արտասանութեան բառերը կրնան ըլլալ շեշտաւոր եւ անշեշտ (նախայար անշեշտ, վերջայար անշեշտ եւ այլն)։

Ըստ շարահիւսական կիրառութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ շարահիւսական կիրառութեան բառերը կ'ըլլան.

  • անկախ կամ ինքնուրոյն, որոնք կը կրեն որոշակի իմաստաբանական նշանակութիւն, եւ
  • սպասարկող կամ օժանդակ, որոնք կապակցող դեր կը կատարեն այլ բառերու միջեւ։

Ըստ խօսքի մասերու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրեթէ բոլոր բնական լեզուներու բառապաշարը քերականական սկզբունքներով կը բաղդատուի քանի մը բառային խումբերու կամ խօսքի մասերու։ Գրեթէ բոլոր Բնական լեզուներուն մէջ բառերը կը դասակարգուին գոյականներու եւ բայերու։

Այդ դասակարգման աւանդոյթը սկսած է դեռեւս հին դարերու քերականագէտ Դիոնիսիոս Թրակացիէն (170-90 թթ. մ.թ.ա.), որ հին յունարէնի խօսքի մասերը բաժնած է ութ դասակարգերու՝ գոյական, բայ, ածական, դերանուն, նախդիր, մակբայ, քերականական կապ եւ ձայնարկութիւն։

Հնդկական քերականական աւանդոյթով, սանսկրիտի քերականագէտ Փանյինին բառերու նմանատեսակ հիմնարար դասակարգում կատարած է՝ զանոնք բաժնելով անուանական եւ բայական դասակարգերու[4]։

Ըստ ծագման բառերը կ'ըլլան.

  • Բնիկ բառեր, այսինքն, այնպիսի բառեր, որոնք այս կամ այն տեսքով գոյութիւն ունեցած են տուեալ լեզուակիրներու նախնիներու լեզուին մէջ,
  • Փոխառեալ բառեր, որոնք փոխ առնուած են որեւէ օտար լեզուէ,
  • Միջազգային բառեր, որոնք միջազգային ճանաչում ունին եւ առանց փոփոխութեան ընդունուած են բազմաթիւ լեզուներու բառապաշարներուն մէջ։

Ըստ ոճական կիրառութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Պատմական բառեր, որոնք մոռցուած են տուեալ առարկայի կամ հասկացութեան վերանալուն պատճառով, օրինակ հայերէն՝ «բդեշխ» կամ «սակր»։
  • Հնաբանութիւններ կամ արխաիզմներ, որոնք հնացած ու փոխարինուած են այլ արդիական բառերով։
  • Նորաբանութիւններ կամ նէոլոգիզմներ, որոնք նոյնպէս քիչ կ'օգտագործուին զուտ նորութեան պատճառով։
  • Եզրեր, յատուկ բառեր են, որոնք կ'օգտագործուին որոշակի մասնագիտութեան տեր մարդոց կողմէ զուտ մասնագիտական հասկացութիւններու նշանակման համար։
  • Արգո, Ժարգոն, Սլենգ, որոնք կ'օգտագործուին մարդոց ոչ պաշտօնական շփման ժամանակ, որոշակի սոցիալական, մասնագիտական եւ տարիքային խումբերու կողմէ։
  • Նախատական, հայհոյական բառեր, կամ արգիլուած բառեր
  • Մեղմախօսութիւններ կամ Էվֆեմիզմներ, որոնք կ'օգտագործուին արգիլուած բառերուն փոխարէն, եւ այլն։

Ըստ գրական լեզուի հանդէպ ունեցած դիրքի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բառերը կ'ըլլան.

  • Գրական բառեր, որոնք ընդունուած են գեղարվուեստական, պաշտօնական, ուսումնական, տեղեկատուական եւ լրատուական գրականութեան մէջ եւ կ'օգտագործուին ընդհանրապէս կրթուած հասարակութեան կողմէ։
  • Խօսակցական բառեր, որոնք ընդունուած չէ օգտագործել պաշտօնական, ուսումնական, տեղեկատուական եւ լրատուական գրականութեան մէջ եւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ կ'օգտագործուին միայն հերոսներու սոցիալական դիրքին կամ կերպարներուն մասին լրացուցիչ անուղղակի տեղեկութիւններ փոխանցելու համար եւ առօրեայ կեանքին մէջ կ'օգտագործուին քիչ կրթուած մարդոց կողմէ, անկախ անոնց սոցիալական պատկանելութեան։
  • Բարբառային բառեր, որոնք բնութագրական են որոշակի գաւառի կամ տարածաշրջանի առօրեայ խօսակցական բառապաշարին եւ սովորաբար կ'օգտագործուին միայն ծնունդով այդ գաւառէն կամ շրջանէն սերող քիչ կրթուած մարդոց կողմէ, երբեմն կրնան օգտագործուիլ նաեւ գեղարուեստական գրականութեան մէջ, զուտ զանոնք օգտագործող մարդու ծագման կամ ակունքներուն մասին անուղղակի տեղեկութիւն տալու նպատակով[5]։

Բառերու եզրաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոլոր բառերը կարելի է դասակարգել ըստ հետեւեալ հիմնական տեսակներու.

  • Հոմանիշ բառեր․ հոմանիշները կամ համանիշները կամ սինոնիմները բառեր են, որոնք մօտ են իմաստով, անուանելով նոյն առարկան, իրականութեան երեւոյթը կամ գործողութիւնը իմաստային, ոճական եւ կիրառական փոքր տարբերութիւններով. Oրինակ՝ վախնալ - սարսափիլ - երկնչիլ - սահմռկիլ, թափառիլ - դեգերիլ - շրջիլ - քարշ գալ - զբօսնել - քալել, տաք - թէժ - այրող, գործ - աշխատանք, անտարբեր - անհաղորդ - անուշադիր - անկարեկից, եւ այլն։ Հայերէնին մէջ ընդունուած է տարբերակել հոմանիշներու քանի մը տարատեսակներ
  1. Ոճական հոմանիշներ, երբ հոմանիշները կը պատկանին կիրառական տարբեր ոճերու եւ այդ պարագային կը տարբերակուին ոճականօրէն չեզոք եւ ոճականօրէն տարբերակուած հոմանիշներ. Օրինակ՝ զբօսնել (ընդհանուր գրական) – ճեմել (գրքային վերամբարձ), կատարել (ոճականօրէն չեզոք) – ի կատար ածել (պաշտօնական, վարչական), ձի (ոճականօրէն չեզոք) – նժոյգ (հնացած, բանաստեղծական), մազ (ոճականօրէն չեզոք) – վարս (գրքային) – հեր (բանաստեղծական), այտ (գրական) – թուշ (խօսակցական), եւ այլն։
  2. Իմաստային հոմանիշներ, երբ մօտ իմաստ պարունակող բառերը կ'արտայայտեն երեւոյթի կամ յատկութեան դրսեւորման տարբեր չափեր։ Օրինակ՝ հով, քամի, փոթորիկ, մրրիկ, երկնչիլ — վախնալ — սարսափիլ — սահմռկիլ, եւ այլն։
  3. Յուզարտայայտչական հոմանիշներ, երբ բառերու արտայայտած առանձնայատկութիւնը կը տարբերի անոնց մէջ դրուած անձնական վերաբերմունքով եւ ունի յուզարտայայտչական տարբեր երանգներ։ Օրինակ՝ ուտել – խժռել, խմել – լակել, մահանալ – սատկիլ, թափառիլ – քարշ գալ, գոռալ — ոռնալ, եւ այլն։
  4. Բացարձակ հոմանիշները լեզուին մէջ շատ քիչ են. օրինակ՝ տուն – շէնք, խփել – հարուածել, ուտելիք - կերակուր, սարեր - լեռներ եւ այլն։
  5. Կեղծ հոմանիշները թուացեալ հոմանիշներն են կամ մասնակի հոմանիշներ, որոնք մօտ են իմաստով, բայց միմեանց չեն փոխարիներ բոլոր ենթաթեքսթերուն մէջ, ի տարբերութիւն հոմանիշներու, որոնք պէտք է փոխադարձաբար փոխարինելի ըլլան որեւէ ենթաթեքսթի մէջ. օրինակ՝ ուղի — արահետ, շէնք — տուն, տաղանդ — հանճար, եւ այլն։
  • Հականիշ բառեր. հականիշները կամ անթոնիմները բառեր են, որոնք տարբեր հնչողութիւն կամ ձեւ ունին եւ կ'արտայայտեն միմեանց հակադիր իմաստներ (օրինակ՝ սեւ - սպիտակ, մեծ — փոքր, հաստ — բարակ եւ այլն)։
Հականիշները կրնան ըլլալ ինքնուրոյն բառեր. օրինակ՝ բարձր – ցած, հեռու — մօտ, վերեւ - ներքեւ, թշնամի – բարեկամ եւ այլն,
կամ ածանցաւոր կազմութիւններ. օրինակ՝ խելօք – անխելք, գեղեցիկ – տգեղ, գոհ – դժգոհ, բախտաւոր – դժբախտ եւ այլն;
  • Նոյնանուն բառերնոյնանուններ կամ համանունները կամ հոմոնիմները այն բառերն են, որոնք կը համընկնին հնչողութեամբ եւ գրութեամբ, բայց տարբեր են իմաստով.

    Oրինակ՝ հոտ — բուրմունք եւ հոտ — ոչխարի հոտ, տօն — իրադարձութիւն եւ տօն — խօսքի զգացմունքային կամ ոճական երանգ, փող — դրամ, փող — խողովակ եւ այլն։

Նոյնանունները կ'ըլլան.
  • Բացարձակ կամ լրին նոյնանուններ կամ համանուններ կը կոչուին այն բառերը, որոնք կը համընկնին եւ գրութեամբ եւ արտասանութեամբ։ Օրինակ՝ կէտ (ծովային կենդանի) – կէտ (կետադրական նշան), հոտ (բոյր) – հոտ (ոչխարի հոտ), փող (խողովակ) – փող (դրամ)։
  • Մասնակի նոյնանուններ կամ համանունները կը տարբերակուին երեք տեսակի.
  1. Համաձեւեր (հոմոմորֆներ)' կամ համաձեւ նոյնանուններ, այսինքն՝ արտաքնապէս համընկնող քերականական տարբեր ձեւերը.

    Օրինակ՝ արի (քաջ) – արի (եկուր), հացի (հաց բառի սեռական հոլով) – հացի (հացենի, ծառատեսակ), անարգել (առանց արգելքի) — անարգել (ստորացնել, անպատուել) եւ այլն,

  2. Համագիրներ (հոմոկրաֆներ) կամ համագիր նոյնանուններ, որոնք կը գրուին միատեսակ, բայց տարբեր կ'արտասանուին.

    Օրինակ՝ բարդ (երգիչ) – բարդ (ոչ պարզ, կ'արտասանուի բարթ), որդի ( որդի բառի ուղղական հոլով կ' արտասանուի որթի) — որդի (որդ բառի սեռական հոլով),

  3. Համահունչներ (հոմոֆոններ) կամ համահունչ նոյնանուններ, որոնք տարբեր կը գրուին, բայց միատեսակ կ'արտասանուին. Օրինակ՝ աղտ (կեղտ) – ախտ (հիւանդութիւն), ուղտ – ուխտ, հսկայ ցանկ (մեծ ցանկ) — հսկացանկ (հսկման ենթակայ ցանկ) եւ այլն։
  • Յարանուն բառեր. Յարանունները կամ պառոնիմները բառեր են, որոնք կը գրուին տարբեր, ունին տարբեր իմաստ, ու թէեւ բացարձակապէս նոյնահունչ չեն, բայց ունին մօտ հնչող արտասանութիւն։ Յարանունները կ'օգտագործուին գեղարուեստական խօսքին մէջ յարանունութիւն կոչուող ոճական հնարք ստեղծելու նպատակով։

    Օրինակ՝ ծաղիկ — ցօղիկ, հառաչել — շառաչել, աղեղ — ահեղ, եւ լուրթ – շուրթ, շշուկ – շրշոյն, ճչալ - շաչել, վայել – բայել – մայել եւ այլն)։ Յարանունները կրնան ըլլալ պատահական բնոյթի. օրինակ՝ մարդ – մարտ, յարդ – հարթ, կամ նոյնարմատ բառերէ. օրինակ՝ քարոտ - քարքարոտ, կոտրել - կոտրատել, մորթել – մորթոտել

  • Իմաստաոճաբանական տեսակէտէ հայերէնի մէջ բառերը կը տարբերակուին նաեւ որպէս մասնաւոր անուններ եւ ընդհանուր անուններ:
  • Մասնաւոր անունները կամ հիպոնիմները բառեր են, որոնք աւելի նեղ իմաստով կ'անուանեն առարկաները, անոնց յատկութիւնները կամ յատկանիշները որպէս դասի (բազմութեան կամ ամբողջութեան) մէկ տարրի կամ մէկ մասի։ Օրինակ «պուլտոկ» բառը մասնաւոր անուն կամ հիպոնիմ է «շուն» բառի համար, իսկ «շուն» բառն իր հերթին հիպոնիմ է «գազան» բառի համար
  • Ընդհանուր անունները կամ հիպերնիմները բառեր են, որոնք աւելի լայն իմաստով կ'անուանեն առարկաները, կամ աւելի լայն իմաստ արտայայտելու համար կ'օգտագործեն բառի նեղ իմաստները։ Օրինակ «գազան» բառը ընդհանուր անուն կամ հիպերնիմ է «շուն» բառի համար, իսկ «շուն» բառն իր հերթին ընդհանուր անուն կամ հիպերնիմ է «պուլտոկ» եզրի համար։
  • Ընդհանուր լեզուաբանութեան տեսութեան մէջ ընդունուած է տարբերել բառերն ըստ ամբողջութեան եւ մասի իմաստային արտայայտման եւ կայ նաեւ բառերու հետեւեալ իմաստաբանական դասակարգումը՝ հոլոնիմներու եւ մերոնիմներու։
  • Հոլոնիմները կամ ամբողջ անունները բառեր են, որոնք կ'անուանեն որեւէ հաւաքական առարկայի, կամ առարկաներու հաւաքականութեան ամբողջութիւնը կամ ամբողջը։
  • Մերոնիմները կամ մաս անունները բառեր են, որոնք կ'անուանեն որեւէ հաւաքական առարկայի, կամ առարկաներու հաւաքականութեան մասի անունը։ Օրինակ «մատ» բառը մերոնիմ է «ձեռք» բառի համար, իսկ «դար» բառը հոլոնիմ է «տարի» բառի համար, որն իր հերթին հոլոնիմ է «ամիս» բառի համար, որն ալ իր հերթին հոլոնիմ է «շաբաթ» եւ «օր» բառերու համար եւ այլն։

Բառակազմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սինթետիկ լեզուներուն մէջ մէկ բառարմատը (օրինակ սէր) կրնայ ունենալ շարք մը տարբեր ձեւեր (օրինակ, սիրեցի, սիրով, սիրած, սիրող, սիրեց եւ այլն)։ Սակայն ատոնք սովորաբար տարբեր բառեր չեն համարուիր, այլ միեւնոյն բառի տարբեր ձեւերը։ Ուստի ըստ կառուցուածքի «սինթետիկ» դասակարգուող լեզուներուն մէջ բառերը կը բաղդատուին շարք մը ձեւոյթներու հետ։ Մասնաւորապէս Հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ առանձնացուող ձեւոյթներն են.

Տառեր եւ բառեր

Ձեւաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ բառաբարդումը եւ բառերու կառուցուածքը։ Սինթետիկ լեզուներուն մէջ մէկ հիմքը (օրինակ՝ սէր) կրնայ ունենալ քանի մը տարբեր ձեւեր (օրինակ՝ սէրեր, սիրոյ)։ Որոշ նպատակներու համար յաճախ չկան տարբեր բառեր, բայց նոյն բառի տարբեր ձեւերը։ Այս լեզուներուն մէջ բառերը, կը համարուին, թէ կազմուած են քանի մը ձեւոյթներէ։

Հնդեւրոպական լեզուներուն տարբերակուած ձեւոյթներն են․

  • Արմատը,
  • Ազատ ածանցներ,
  • Անուղղակի վերջածանցներ։

Հետեւաբար, հնդեւրոպական նախալեզուն կը վերլուծուի որպէս կազմուած

  1. արմատի զերօ աստիճան
  2. արմատի ընդլայնում, որու հետեւանքով կը ստեղծուի բարդ արմատ
  3. թեմաթիք ածանց
  4. չեզոք սեռի ուղղական կամ հայցական վերջածանց

Բառերու փիլիսոփայութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիլիսոփաներուն համար բառերը ներքին հմայք պարունակող խորհրդածութեան առարկայ եղած են, սկսած մ.թ.ա. առնուազն 5-րդ դարէն՝ լեզուի փիլիսոփայութեան տեսութեան հաստատումէն ի վեր։ Պղատոնը կը վերլուծէր բառերու ծագումնաբանութիւնը եւ հնչիւնաբանութիւնը, եզրակացնելով, որ որոշակի կապ պէտք է ըլլայ բառերու հնչողութեան եւ անոնց իմաստին միջեւ, թէեւ ժամանակի ընթացքին բառերը կը փոխուին եւ ի վերջոյ կը կորսնցնեն իրենց անդրենածին հնչողութիւնը։ Ճոն Լոքը գրած է, որ բառերը կ'օգտագործուին որպէս «գաղափարներու իմաստալից խորհրդանշաններ», թէեւ անոնց ընտրութիւնը կը կատարուի «ոչ այն բնական կապի շնորհիւ, որ կայ արտասանուող հնչիւններու եւ որոշակի գաղափարներու միջեւ, այլապէս բոլոր մարդիկ ընդամէնը մէկ լեզու կ'ունենային, այլ կամայական ընտրութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, որ հնչիւնները պայմանականօրէն կը վերագրուին զանոնք փոխանցող գաղափարներուն»[6]։ Վիթկենշթայնը բառերու մասին ըսած է, թէ «ո՛չ թէ բառերը կը ներկայացնեն իմաստ, այլ բառի իմաստը կը բնորոշուի լեզուին մէջ անոր օգտագործումով»[7]։

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Taylor John (2015)։ The Oxford Handbook of the Word։ էջ 93 
  2. Chodorow, Martin S., Roy J. Byrd, and George E. Heidorn. "Extracting semantic hierarchies from a large on-line dictionary Archived 2018-02-15 at the Wayback Machine.." Proceedings of the 23rd annual meeting on Association for Computational Linguistics. Association for Computational Linguistics, 1985.
  3. Սովետական մեծ հանրագիտարան, հատոր 2
  4. http://www.languageinindia.com/feb2004/panini.html The system of Panini
  5. (հայերեն) Բառ, 2024-12-10, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B2%D5%A1%D5%BC, վերցված է 2025-01-27 
  6. http://www.rbjones.com/rbjpub/philos/classics/locke/ctb3c02.htm
  7. plato.stanford.edu/entries/wittgenstein
  • Հայոց լեզուի դասագիրք, Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան (1965), Երեւան։