Արեւայրուք
Արեւայրուք, ճառագայթման ազդեցութեամբ մաշկի այրուածք[1]:
Մորթի գոյնի փոփոխութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերնամորթին պարզ մորթի բջիջներուն մէջ կան ընգղայի ձեւով յատուկ բջիջներ` մելանոսայթները: Այս բջիջները մելանին կ'արտադրեն` մորթին տալով անոր գոյնը: Իւրաքանչիւր անհատի իր ծնողներուն կողմէ իրեն անցած ծիները կը բնորոշեն իր մորթին գոյնը: Սակայն անկախ այդ մորթի հիմնական գոյնէն` աշխատող մելանոսայթ բջիջներ ունեցող մորթին գոյնը մութ կը դառնայ, երբ արեւին տակ ըլլայ[2]:
Սակայն արեւուն ճառագայթը չէ, որ այդ փոփոխութիւնը կը յառաջացնէ: Արեւուն ճառագայթը տարբեր յաճախականութեամբ կու գայ: Տեսանելի ճառագայթը միջին յաճախականութիւն է, սակայն ցած (եւ բարձր) յաճախականութեամբ ճառագայթները մարդուն կողմէ անտեսանելի են: Այս բարձր յաճախականութեամբ ճառագայթի տեսակներէն մէկն է անդրմանիշակագոյն ճառագայթը, եւ յատկապէս անոնք են, որոնք մորթին մութ գոյն կու տան: Նախ, մակերեսին վրայի մեռած մորթի բջիջները կը ծծեն այդ ճառագայթներէն մաս մը: Ապա մելանոսայթները կ՛արձակեն իրենց արտադրած մելանինը, որ իր կարգին կը ծծէ այդ ճառագայթներէն մաս մը: Մարդ որքան այս անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ գտնուին, այդքան մելանինի բջիջները կը շատնան, եւ մորթը միշտ աւելի մութ երանգ մը կը ստանայ:
Մազին եւ մորթին միջեւ հակազդեցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամրան ընթացքին, օրուան անդրմանիշակագոյն ճառագայթները շատ զօրաւոր են, մեր (անպաշտպան) մորթը աւելի թուխ պիտի դառնայ, ինչպէս մեր մազերուն գոյնը խորհրդաւոր կերպով աւելի բաց պիտի դառնայ:
Մորթը գործարան մըն է, կուտակուած արեան բարակ երակներով սնանող կենդանի բջիջներու խաւեր: Մինչ մազը կենդանի բջիջներ չի պարունակեր: Մազերը կազմուած են 97 առ հարիւր քերաթինէ, փրոթէին մը, զոր կարելի է գտնել նաեւ եղունգներուն եւ անասուններու կոտոշներուն մէջ: Մնացած 3 առ հարիւրը մեծ մասամբ իւղ է. կան նաեւ ջուրի, հանքային աղերու հետքեր եւ մելանին:
Սակայն մելանինը նիւթ մըն է, որ գոյութիւն ունի թէ՛ մազին, թէ՛ ալ մորթին մէջ: Ան է, որ անոնց գոյնը կու տայ. եւ այդ մելանինն է, որ փոփոխութեան կ'ենթարկուի ամառնային պայծառ արեւուն տակ:
Մինչ արեւուն տակ մորթին գոյնը պղնձագոյն կը դառնայ, մազերուն գոյնը կ'անհետանայ: Մազերուն մելանինը կը պատրաստուի անոր արմատներուն մէջ գտնուող մորթին կենդանի բջիջներուն մէջ: Սակայն երբ ան կը գտնուի մազերուն մէջ, ան չի վերանորոգուիր: Երբ անդրմանիշակագոյն ճառագայթները կը մտնեն իւրաքանչիւր մազի թելի մէջ, քիմիական հակազդեցութիւն մը տեղի կ'ունենայ, եւ ան կը փճացնէ մազին մէջի մելանինը: Հետեւաբար, երբ մազերը արեւուն ճառագայթներուն տակ կը գտնուին, անոնք կը սկսին իրենց գոյնը կորսնցնել, ինչպէս ոսկորները` անապատին մէջ: Արդիւնք` մազերուն գոյնը աւելի բաց կը դառնայ, մինչ մորթին գոյնը կը մթննայ: Սեւ մազերը կրնան ստանալ շէկ երանգներ, իսկ սրճագոյն մազերը` դեղին երանգներ:
Աւելի խորունկը գտնուող մազերը կրնան նոյնը մնալ, մինչ դուրսի խաւերուն գոյնը կը թեթեւնայ. նոյն ձեւով, մորթի տարբեր խաւերու տակ գտնուող մորթը կը պահէ իր հիմնական գոյնը: Մորթի այն բաժինները, որոնք ընդհանրապէս միշտ արեւուն ազդեցութեան տակ են, ինչպէս ձեռքերուն վրայի բաժինը, կը պահեն իրենց քիչ մը մութ երանգը նոյնիսկ ձմրան: