Jump to content

Արգիլուած Քաղաք

Արգիլուած Քաղաք (չինարէն՝ 紫禁城 Կուկոնկ Gugong)․ Չինաստանի կայսրերուն քաղաք-արքունիք։ Կը գտնուի Փեքինի կեդրոնը։ 1987-ին արձանագրուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Քաղաք-կայսերական համալիր
Արգիլուած Քաղաք
Արգիլուած քաղաքը դիտուած Ճինկշանկ պուրակէն
Երկիր  Չինաստան
Չինաստանի Կայսերական Քաղաք Չինաստան, Ասիա
Շրջան Փեքին
Հիմնադրուած է՝ 1420
Տարածութիւն 720 քմ²
Պարգեւներ Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ
Պաշտօնական կայքէջ intl.dpm.org.cn/i…(անգլերէն)

Մինկ եւ Չինկ (կամ Ճինկ) հարստութիւններու կայսրերուն նստավայրը եղած է՝ 1420-էն մինչեւ 1924։ Պալատը ներկայիս կը մատակարարէ Պալատին Թանգարանը։

Չինաստանի զբօսաշրջիկութեան գլխաւոր վայրն է եւ աշխարհի ամենէն լաւ պահպանուած արքայական համալիրը։

Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արգիլուած պալատը կառուցուած է 1406-էն մինչեւ 1420։ Եղած է Չինաստանի կայսրերուն բնակարանը․ Մինկ հարստութեան երրորդ կայսրէն սկսեալ՝ Եոնկլ Yongle կայսր (1420) մինչեւ Չինկ (կամ Ճինկ) վերջին կայսր՝ 1924։ 500 տարիէ աւելի ծառայած է որպէս կայսերական արքունիք, կայսրերուն եւ իրենց տնեցիներուն բնակարանը, ինչպէս նաեւ Չինական կառավարութեան ծիսական եւ քաղաքական կեդրոնը։

1925-էն ետք, Արգիլուած Քաղաքին մատակարարումը յանձն առած է Պալատին թանգարանը։ 1987-ին արձանագրուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցանկին մէջ։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արգիլուած Քաղաքը, ինչպէս պատկերացուախ է Մինկ Հարստութեան ժամանակաշրջանի գործի մը վրայ

Արքունիքը օրինակ մըն է չինացի կայսրին բնակարանին, ինչպէս նաեւ չինական պալատական ճարտարապետութեան եւ ազդած է արեւելեան Ասիոյ եւ ուրիշ տեղերու մշակութային եւ ճարտարապետական զարգացումին։

Կայսերական համալիրին տարածութիւնն է 720․000ք² եւ կ՛ընդգրկէ 9․999 սենեակներ (ըստ աւանդութեան, 10․000 չէ եղած, որովհետեւ միայն երկինքը ունի այդքան), սակայն վերջին տարիներուն մասնագէտներ կը ցուցնեն՝ 8․886։ Համալիրը կը կազմեն 800 շէնքեր։ Անոր կառուցումին 16 տարուան ընթացքին մէջ, աշխատած են 200 000 բանուորներ։

Արգիլուած Քաղաքը ողղանկիւն է եւ հիւսիէն հարաւ 961 մ․ կը հաշուէ, իսկ արեւմուտքէն արեւելք՝ 753 մ․։ Շրջապատուած է 7,9 մ․ բարձրութիւն ու 8․62 մ․ լայնք ունեցող պարիսպէ, եւ 6 մ․ խորութեամբ ու 52 մ․ լայնութեամբ խրամէ մը։ Պարիսպին չորս անկիւնները ունին մէկական աշտարակ 72 խառնակ երթիքներով։

Պատին իւրաքանչիւր կողմը ունի իր դարպասը․-

  • Հարաւային պատ՝ Միջօրէական Դարպաս (午門 Wǔmén)
  • Հիւսիսային պատ՝ Երկնային քաջագործութեան Դարպաս (神武门 Shénwǔmén)
  • Արեւելեան պատ՝ Արեւելեան Փառաւոր Դարպաս (東華門; Dōnghuámén)
  • Արեւմտեան պատ՝ Արեւմտան Փառաւոր Դարպաս (西華門; Xīhuámén)

Բոլոր դարպասները զարդարուած են ինով ինը շարքի ճիրաններով․ ութը ունի միայն Արեւմտան Փառաւոր Դարպասը։

Շէնքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արգիլուած քաղաքին յատակագիծը։
A. Միջօրէական ԴարպասB. Երկնային քաջագործութեան ԴարպասC.Արեւմտան Փառաւոր ԴարպասD.Արեւելեան պատ՝ Արեւելեան Փառաւոր ԴարպասE.Անկիւնի աշտարակներF. Գերագոյն Ներդաշնակութիւն ԴարպասG. Գերագոյն Ներդաշնակութիւն Սրահ Հարաւային երեք պալատներL. Երկնային Անբծութեան ՊալատM. Կայսերական ՊարտէզN. Հոգեւոր մշակման սրահ O. Խաղաղ երկայնակեցութեան սրահ

Արգիլուած քաղաքին մուտքը Միջօրէական Դարպասն է (Wumen)։ Անոր արտաքին մասէն Չինաստանի կայսրը կը դիտէր իր բանակին մեկնումը։ Պարուրաձեւ նետի նման «Ոսկեջուր» գետը (Jinshahe) կը հոսի «Միջօրէական Դարպաս»էն անմիջապէս ետք երեւցող հինգ մարմարէ կամուրջներով սալայատակ բակին (հրապարաակ) մէջէն։ Կամուրջները կը պատկերացնեն Քոմֆութեան հինգ արժանիքները։ Հրապարակը կը ճեղքէ կայսերական անցքը։ Հրապարակին ետեւը կը գտնուի «Գերագոյն Ներդաշնակութիւն Դարպաս»ը (太和門; Tàihémén

«Գերագոյն Ներդաշնակութիւն Դարպաս»էն ետք կը տարածուի երկրորդ հսկայ բակ մը, ուր կը բաւեն 100 000 մարդ։ Այդ բակը կ՛առաջնորդէ մարմարէ եռայարկանի «Գերագոյն Ներդաշնակութիւն Սրահ»ը (Taihedian)։ Սրահին հիւսիսային մասը կը գտնուի կայսրին «Վիշապին Գահ»ը, որ կը գործածուէր թագադրութեան, կայսրին տարեդարձին, կարեւոր տօներուն ընթացքին, եւայլն։

«Գերագոյն Ներդաշնակութիւն Սրահ»ին ետեւ կը գտնուին «Միջին Ներդաշնակութեան Սրահ»ը (Zhonghedian)՝ կայսրը հոն կը պատրաստուէր նախկան «Գերագոյն Ներդաշնակութիւն Սրահ» մտնելը եւ «Պահապան Ներդաշնակութիւն Սրահ»ը (Baohedian), ուր կայսրը անձնաւորութիւններ եւ պաշտօնեաներ կ՛ընդունէր։

Արգիլուած Քաղաքի շէնքերուն գոյզգոյն տանիքներէն նմուշ մը

«Գերագոյն Ներդաշնակութիւն» շէնքերուն ետեւ կը տարածուի հսկայ բակ մը, շրջապատուած անուշահոտ խունկերով լեցուն պղինձէ անօթներով։ Բակը «Երկնային Անբծութեան Դարպաս»ին (Qiangingmen) միջոցով կ՛առաջնորդէ դէպի կայսրին անձնական կեանքին յատկացուած սենեակները՝ «Երկնային Անբծութեան Սրահ»ը, որ դրկից է յաջորդ շէնքին՝ «Երկրային Խաղաղութեան» (Kuninggong), ուր կը գտնուին կայսրին առաջին եւ պաշտօնական կնոջ յարկաբաժինները։ Աւելի անդին, կը գտնուին «Կայսերական Պարտէզներ»ը։

Կայսերական քաղաքի կեդրոնական առանցքի աջ եւ ձախ կողմ կը գտնուին պալատականներուն բնակարանները, ինչպէս օրինակ՝ «Հոգեւոր մշակման սրահ»ը (Yangxindiang), «Հազար Աշուններու Պալատ»ը եւ կայսրին հարճերուն յատկացուած «Դարաւոր Աղբիւրին Պալատ»ը (Changchungong)։

Համալիրին արեւելեան մասին, կը գտնուի 3․5մ․ բարձրութեամբ եւ 29մ․ լայնքով նշանաւոր «Ինը վիշապներուն Պատ»ը (Jiulongbi)։ Կառուցուած է 1773-ին եւ կազմուած է 271 ապակեբուռ խեցեգործական կղմինտրերով։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]