Արգէոս
Արգէոս | |
---|---|
Տեսակ | լեռ, Հրաբուխ եւ տեսարժանութիւն |
Երկիր | Թուրքիա |
Վարչատարածքային միաւոր | Կեսարիա |
Լեռնաշղթայ | Տաւրոսեան Լեռներ |
Մասն է | Փոքր Ասիա |
Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն | 3916 մեթր |
Յարաբերական բարձրութիւն | 2419 մեթր |
Սմիթսոնիան կոդ | 213010 |
Արգէոս (Argaeus), Փոքր Ասիոյ ամենաբարձր լեռն է, ծովու մակերեսէն 3840 (կամ ըստ Cooperի 3993 մ.) բարձրութիւն ունի:
Մեծահռչակ յոյն պատմաբան եւ աշխարհագիր Ստրաբոն՝ անձամբ Կերիա ճամբորդած եւ այցելած է Արդէոսը, եւ իր Աշխարհագրութեան մէջ կը խօսի անոր մասին եւ կ’ըսէ թէ հրաբղխային մարած լեռ մ’է. տեղ տեղ այրած եւ խորացած են. շրջակայ ստորոստը անտառային վայրի ծառերով զարդարուն մինչեւ իսկ անոր գագաթը ելլող մարդիկ կը հաւաստեն թէ օդը պայծառ եւ խաղաղ եղած ատեն Արգէոսի բարձրունքին արեւելեան կողմէն կը դիտուի Պոնտոսը, իսկ արեւմտեան կողմէն՝ Սպիտակ Ծովը:
Արգէոսի հարաւային արեւելեան կողմերը գրեթէ գետերու եւ յորդառատ ջրերու ամբարներ են, նամանաւանդ Գօրամազէն բղխող Սարմուսալքը ջուրը-Քէստէլէն, որոնք կեսարական դաշտերը ոռօգելէ յետոյ կը մտնեն Սուլթան Սազը կոչուած կնիւններուն մէջը, եւ անկէ 10 քիլօմէթր վարէն ահագին գետակ մը կազմելով, Պօղազ Քէօբրիւէն կ’անցնի Գարասու (Melas) Մէլաս անուամբ. եւ 15 քիլօմէթր ոռոգելէ ետք կը թափի Թէք-Կէօզիւ կամրջին մօտ Ալիս գետը, որ օձապտոյտ կ’ընթանայ դէպի Սեւ Ծով 1000 քիլօմէթր:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Ա., էջ 264: