Jump to content

Արբուն Տայեան

Արբուն Տայեան
Ծնած է 6 Յունուար 1912(1912-01-06)
Ծննդավայր Պարտիզակ (Քոճայելի)
Մահացած է 3 Ապրիլ 1983(1983-04-03) (71 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան, Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան և Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ և բանասէր
Աշխատավայր «Սովետական Հայաստան», Գրական թերթ և Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Արբուն Տայեան (6 Յունուար 1912(1912-01-06), Պարտիզակ (Քոճայելի) - 3 Ապրիլ 1983(1983-04-03), Երեւան, Խորհրդային Միութիւն), հայ թարգմանիչ, բանասէր։ Ստորագրած է նաեւ Արբուն Տայեցի։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պարտիզակի մէջ։ Նախնական ուսումը ստացած է Մաքրգիւղի տարրական դպրոցին մէջ (Կ. Պոլիս), եւ ապա՝ Գատըգիւղի Մխիթարեան որբանոցին մէջ, որուն տնօրէնը հօրեղբայրն էր՝ Մխիթարեան միաբան ու բանասէր՝ Հայր Եսայի Տայեցին։

Տայեան ընտանիքը 1922-ին փոխադրուած է Իտալիա, ուր ուրիշ ազգական մը՝ Հ. Ղեւոնդ Տայեան (1884-1968), յայտնի շարականագէտ, Ս. Ղազարի վանքը կ՚ապրէր։

Արբուն 1923-1927-ին ուսումը շարունակած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, իսկ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Միլան փոխադրուած։

1929-ին, 17ամեայ պատանին, ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։ 1931-ին Երեւանի միամեայ մանկավարժական դասընթացին հետեւելէ ետք, 1932-1933-ին ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ Այնուհետեւ, տասնչորս տարի աշխատած է իբրեւ սրբագրիչ «Սովետական Հայաստան», «Գրական թերթ», «Բանուորական Երեւան» թերթերուն եւ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրին մէջ, մինչեւ 1948։

Յաջորդ երկու տասնամեակներուն, Տայեան արհեստավարժ թարգմանիչ եղած է։ 1947-ին, 35 տարեկանին, ան հրատարակած է «Աստուածային կատակերգութիւն» գործի առաջին մասը՝ «Դժոխք», որուն հետեւած են միւս երկու մասերուն թարգմանութիւնները՝ 1952-ին եւ 1959-ին։ Այս 12ամեայ աշխատանքին հրատարակութիւնը մէկ հատորով տեղի ունեցած է 1969-ին։ Տայեան, որ նաեւ հմուտ էր ֆրանսերէնի, թարգմանած է Կի տը Մոփասանէ (1951, 1961), Օնորէ տը Պալզաքէ (1956, 1964), Անատոլ Ֆրանսէ (1959), Փրոսփէր Մերիմէէ (1964) եւ Ֆրանսուա Մօրիաքէ (1964) գործեր։

Թարգմանիչը խմբագրական աշխատանքի վերադարձած է իբրեւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի հրատարակչական-խմբագրական մարմնի անդամ 1967-1970ին։ Այնուհետեւ գիտական աշխարհ մտած է, նախ՝ Ակադեմիայի Արուեստի հիմնարկին մէջ (1973-1977) եւ ապա իբրեւ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող։

1974-ին թարգմանած է քանդակագործ Պենվենութօ Չելլինիի յուշերը, իսկ 1975-ին «Աստուածային կատակերգութեան» թարգմանութեան վերանայուած հրատարակութիւնը կատարած է։

1982-ին Տայեան հրատարակած է «Դանտէի “Աստուածային կատակերգութեան” բանաստեղծական արուեստը եւ թարգմանական պրոբլեմները» ուսումնասիրութիւնը։ Տանթէի գլուխ-գործոցին երրորդ բարեփոխուած հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1983-ի սկիզբներուն։ Երեք ամիս ետք, 6 Ապրիլին, բեղուն թարգմանիչը իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Մեր լեզուն «ճկուն ու ... բարբարոս»... - «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ»։ alikonline.ir։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-06
  2. «Արբուն Տայեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-04-17-ին։ արտագրուած է՝ 2022-08-06