Արարատ (հանդէս, Նիւ Եորք)

Արարատ
Տեսակ հանդէս
Լեզու անգլերէն
Հիմնադրուած է 1960
Հրատարակման վայր Նիւ Եորք

«Արարատ» («Ararat»), հասարակական-քաղաքական, գրական-գեղարուեստական եռամսեայ հանդէս։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀԲԸՄ Միացեալ Նահանգներու վարչութեան պաշտօնաթերթ։

1960 թուականէն լոյս տեսած է Նիւ Եորք՝ անգլերէն։ Խմբագիրներ՝ Ճէք Անդրէասեան, Լէօ Համալեան, Արամ Արքան։

Տպագրած է անգլիագիր հայ հեղինակներու (Ուիլիըմ Սարոյեան, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան, Մարճըրի Յովսէփեան եւ ուրիշներ), հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններէն (թարգմանաբար), ծանօթացուցած է հայ մշակութային կեանքը։

Հանդէսին մէջ տպագրուած գործերու զգալի մասը լոյս ընծայուած է ԱՄՆ-ի «Տարուայ լաւագոյն պատմուածքներ» ժողովածոյով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]