Արարատ Մարզը Արցախեան Ազատագրական Պատերազմի Ընթացքին
Արարատ մարզը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարչատարածքային բաժին է: Հիմնուած է 4 Դեկտեմբեր 1995-ին։ Այս տարածքին մաս կը կազմեն նաեւ Արարատի, Արտաշատի, Մասիսի նախկին վարչական շրջաններու տարածքները։ Սահմանակից է Արմավիրի, Կոտայքի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մարզերուն եւ Երեւանին, իսկ հարաւէն եւ արեւմուտքէն սահմանակից է Նախիջեւանի Հանրապետութեանն ու Թուրքիոյ հետ: Տարածքը՝ 2096 քմ2, բնակչութիւնը՝ 311 հազար, ունի 97 համայնք, 94 գիւղական բնակավայր (2002)։ Այս տարածքին մէջ կը գտնուին ինչպէս նաեւ՝ Արարատ, Մասիս, «Հեղի եւ մարզկեդրոն Արտաշատ քաղաքներըօ»։
Ղարաբաղեան Շարժումը Արարատ Մարզին Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկսած է 1988-ի գարնան՝ մարզի տարածքը դարձած էր Ղարաբաղեան շարժման կեդրոններէն։ Շարժումը դրսեւորուած է տարբեր ձեւերով՝ հանրահաւաքներով, գրականութեան հրատարակումով եւ տարածումով, ինչպէս նաեւ գործադուլներ, հացադուլներ եւ դասադուլներ կազմակերպելով։ Այս Շարժման աւելի տարածուած ձեւը դարձած էր գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ կամաւորական խումբերու կազմաւորումը:
Շարժման Փուլեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարժումը ունեցած է զարգացման քանի մը փուլ՝ Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին վերաբերեալ։ Առաջին փուլը ուժերու համախմբման, սահմանամերձ գօտիին մէջ հերթապահութեան հաստատման, ընդհատակեայ կազմակերպութիւններու ստեղծման եւ ամրապնդման շրջանն էր։ Երկրորդ փուլը բնութագրուած է պատերազմական գործողութիւններու զարգացմամբ՝ կամաւորական շարժման ուժեղացումով պայմանաւորուած, համընդհանուր բնոյթ ձեռք բերած է։ Երրորդ փուլը կապուած է Շուշիի ազատագրման, Լաչինի մարդասիրական միջանցքի բացումի շնորհիւ ռազմաճակատին վրայ աոաջացած բեկման հետ։ Մարզին մէջ աւարտած է հայրենասիրական ուժերու միաւորումը։ Չորրորդ փուլի ընթացքին, (1992-1994) մարգի կամաւորական խումբերը ՊԲ զօրամիաւորումներու կազմին մէջ մասնակցած են Մարտակերտի, Լաչինի, Քելբաջարի, Զանգելանի, Ֆիզուլիի, Աղդամի, Կուբաթլուի եւ այլ շրջաններու ազատագրմանը։ Զինադադարէն ետք մարզի ազատամարտիկներուն մէկ մասը ՀՀ բանակի ստորաբաժանումներուն մէջ անցած է։
Շարժման Մասնակիցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արարատի շրջանին մէջ Շարժումը ղեկավարած է Վ. Սաոթեանը։ Ուժերու համախմբման գործին մէջ կարեւոր դեր խաղցած են նաեւ Դ. Զադոեանը, Ա. Մարզպանը, Ա. Ղազարեանը, Ռ. Աւետիսեանը, Բ. Դաւիթեանը, Գ. Գփգորեանը, Կ. Գարէզինեանը, Ռ. Թեւանեանը, Ս. Ադամեանը, Ռ. Մարտիասեանը, Մ. Յարութիւնեանը եւ ուրիշներ։ 1988-1989-ններուն շրջանի Արարատ, Արմաշ, Աւշրա, Երասխ, Լուսառատ, Վեդի, Վանաշէն, Սուրենաւան, Արրցաձօ Սեւակաւան, Նա Կեանք, Փոքր Վեդի, Տափերական, Ոսկէտափ, Շաղափ, Սիսաւան գիւղերուն եւ Արարատ քաղաքին մէջ (3 խումբ) կազմաւորուած են կամաւորական խումբեր: Անոնց միջոցով Նախիջեւանի սահմանին վրայ կազմակերպուած է շուրջօրեայ հերթապահութիւն։ Վ. Սարիգսեանի գլխաւորութեամբ կազմաւորուած է ռազմական խորհուրդ (անդամներ Դ. Զադոեան, Ա. Մապըսեան, Ա. Ղագրաեան, Բ. Դաւիթեան, Ռ. Աւետիսեան, Պ. Զուռնաչեան, Դ. Գրիզորեան, Ս. Ադամեան)։ Արարատի կամաւորականներու առաջին մարտական գործողութիւնը՝ Դ. Զադոեանի ղեկավարութեամբ, Քյսոքի գիւղի ազատագրումն էր, որ տեղի ունեցաւ 14-15 Յունուար 1990-ին։ Ազատագրուած Քյսսքիի մէջ տեղաւորուած են Ազրպէյճանէն բռնագաղթած 52 ընտանիքներ, գիւղը վերանուանուած է Տիգոսնաշէն՝ այստեղ զոհուած «Աւշսո» ջոկատի ազատամարտիկ Տիգոսն Մելիքեանի անունով։ 18 Յունուար 1990-ին տեղի ունեցած է Երասխի ինքնապաշտպանութիւնը։ Շրջանի ազատամարտիկներու առանձին խումբերը հետագային ներառուած են «Արծիւ-30»-ի, «Յատուկ գունդի», Վեդիի եւ 9-րդ մօտոհրաձգային գումարտակներու, Արարատի գունդի ստորաբաժանումներու կազմերուն մէջ եւ մասնակցած է ՀՀ Մեղրիի, Գորիսի, Վայքի, Կապանի, ԼՂՀ Մարտակերտի, Հադրութի, Ասկերանի, Աղդամի, Կուտաթլորի Զանգելանի, Քելբաջարի, Լաչինի, Շուշիի շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Շրջանէն Հայաստանի Ազգային հէաս եւ «Արցախի հերոս» կոչմանը արժանացած է Վ. Արագսեանը, ՀՀ եւ ԼՂՀ «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշաններով պարգեւատրուած են ՀՀ բանակի ժեներալ-մայոր Գ. Գրիգորեանը եւ «Արծիւ-30» ջոկատի հրամանատար Գ. Մարկարեանը (հետմահու)։ ԼՂ« «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է Ռ. Մեհրաբեանը (հետմահու), 2-րդ աստիճանով՝ Լ. Մոսիկեանը, ՀՀ 3-րդ աստիճանով՝ Գ. Ղուկասեանը եւ Ա. Մովսիսեանը, ՀՀ «Արիութիւն» եւ ԼՂՀ «Արիութեան համար» մետալներով՝ 14 ազատամարտիկ։ Արարատի շրջանէն զոհուած է 145 ազատամարտիկ։ Արտաշատ շրջանին մէջ Մարտ 1988-ին ստեղծուած է Ղարաբաղ կոմիտէ, որուն փոխնախագահ Հ. Ասատուրեանի, անդամներ Խ. Տաթեւոսեանի, Է. Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ 1989-էն սկսած են կամաւորական խումբեր կազմաւորել՝ Արտաշատ քաղաքի եւ շրջանի Բերքանուշ, Այգեստան, Մրգաւան, Այգեզարդ, Այգեպատ, Շահումեան, Դալար, Մասիս, Նուռշէն, Մխչեան, Դիմիթաւ, Կանաչուտ, Դուին, Քաղցրաշէն, Ոստան, Լանջազատ, Բարձրաշէն գիւղերուն մէջ։
Ստեղծուած Խուբեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1988-ին ստեղծուած են Արտաշատի «Մուշի Երկրապահ միացեալ ջոկատներու վարչական կեդրոնները (միացեալ ջոկատներու գլխաւոր հրամանատար Լ. Սաղաթելեան, անդամներ՝ Յու. Ստեփանեան, Հ. Ասատրեան, Մ. Մարգարեան, Մ. Աւագեան, Ս. Մանջիկեան, Խ. Տաթեւսեան, Հ. Մնացակատեան, Է. Վարդանեան, Հ. Խաչատուրեան, Ա. Գոլեզեան, Կ. Վարդանեան, Մ. Յովհաննիսեանին՝ Արտաշատի մօտոհրաձգային գումարտակը (հրամանատար՝ Մ. Աւագեան): Ջոկատներ 1-ին առանձին, Արտաշատի, «Արծիփ5», «Արծիւ-28» գումարտակներու կազմերուն մէջ մասնակցած են Արարատի (Երասխ), Կապանի, Գոփսի, Նոյեմբերեանի, ԼՂՀ Շահումեանի (Պուզլուխ, էրքեա Մանաշիդ, Վերինշէն), Լաչինի, Մարտակերտի (Յակոբ Կամարի, Տրմպոն, Ումուտլու, Չլդրան Ֆիզուլիի (Մարջալու, Մուսաբեյլխ, Հորադիզ, այլ շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։
Շրջանէն ՀՀ «Արիութիւն» մետալով պարգեւատրուած է 41 եւ զոհուած է 45 ազատամարտիկ:
Մասիսի շրջանին մէջ բնակող ազրպէյճանցիները Շարժման առաջին փուլին ընթացքին, առանց որեւէ միջադէպի, աստիճանաբար հեռացած են շրջանի գիւղերէն: Հետագային շրջանի Մասիս աւանին մէջ, Այնթապ, Դարակերտ, Խարբեոլ, Ջոոհովիտ, Արեւաբոյր, Աայաթ-Նովա եւ այլ գյուղերուն մէջ կազմաւորուած են կամաւորական ջոկատներ։ 1989-ին Մարմարաշէնի մէջ կազմաւորուած կամաւորական ջոկատը (հրամանատար՝ Գ. Մանուկեան) «Շինջոկատ» անունով մեկնած է ԼՂՀ Հադրութի շրջան եւ մասնակցած է Խծաբէոլ, Պետասաշէն, Ապիտակաշէն, Արփագյադուկ գիւղերու ինքնապաշտպանական մարտերուն։ Նոյեմբեր 1989-ին շրջանի կամաւորական ջոկատներու միաւորմամբ ստեղծուած է Մասիսի կամաւորական ջոկատը, որ 1991-ին անուանակոչուած է «Զոտուա Անդրանիկ» (հրամանատար՝ Գ. Մանուկեան)։ 1993-ին ջոկատի հիմքի տակ կազմաւորուած է Մասիսի մօտոհրաձգային գումարտակը։ Ջոկատները առանձին, «Զօրավար Անդրանիկ» մարտական ջոկատի կամ գումարտակի կազմերուն մէջ մասնակցել են ՀՀ Արարատի (Երասխ),Նոյեմբերեանի (Ասկեպար), Մեղրիի, ԼՂՀ Ասկերանի (Խոջսղիի), Շահումեանի, Մարտակերտի, Շուշիի, Լաչինի, Կուբաթլոփ, Ֆիզուլիի շրջաններու ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։
Պարգեւատրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շրջանէն ԼՂՀ «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանով պարգեւատրուած են Հ. Թադէոսեանը (հետմահու), Ա. Հայոսպետեանը, Գ. Գէորգեանը, Ա. Փիլոեանը, ՀՀ «Արիութիւն» մետալով 58, «Մայրական երախտագիտութիւն Արցախի քաջորդիներուն» յուշամետալով՝ 6, զոհուած է 136 ազատամարտիկ։
Այս յօդուածի կամ անոր որոշակի հատուածի սկզբնական կամ ներկայիս տարբերակը առնուած է Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988—1994) հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |