Արամ Սարգիսեան

Արամ Սարգիսեան
Ծնած է 1931-ին
Ծննդավայր Ալեքսանտրէթ
Մահացած է Յունիս 23, 2019
Քաղաքացիութիւն ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Աւետարանական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Bachelor of Arts and Sciences եւ Masters Degree in Education.
Աշխատավայր տնօրէն Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասատու, Ջանասէր եւ Պատանեկան Արձագանք ամսաթերթերու պատասխանատու խմբագիր, թարգմանիչ Trans World Radio միջազգային ընկերութեան, թարգմանիչ Project Save Armenian Photograph Archives, վարիչ քարտուղար Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցւոյ,
Ամուսին Այտա Աստղիկ Թօփալեան

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արամ Սարգիսեանը՝ ծնած Ալեքսանտրէթ (Սուրիա), որ այժմ Թուքիոյ սահմանին մէջ կը գտնուի: Փոքր տարիքին ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր իր նախնական ուսումը ստացած է Սէն Կրէկուար Վարժարան, որմէ ետք երկրորդական ուսումը ստացած է Էշրէֆիէի Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան։ Այս շրջանին ան բարի բախտը ունեցած էր Պր. Գեղամ Միսիսեանի՝ անզուգական անձը տնօրէն ունենալու:

Պատանի տարիքին, դպրոցի ժամերէն դուրս, հօր թելադրանքով եւ առաջնորդութեամբ, Արամ իր եղբօր Յակոբի հետ աշխատած է “Զարթօնք” օրաթերթի տպարանի մէջ, դառնալով տողաշար մեքենայի (offset) հմուտ վարպետ: Ապա, ան իր ձեռք բերած հմտութիւնը ծառայեցուց նաեւ “Նայիրի” գրական շաբաթաթերթին: Անդրանիկ Ծառուկեանի լայնօրէն ճանաչուած շաբաթաթերթը Հալէպէն Պէյրութ փոխադրուած էր, եւ Արամ մեծ խանդավառութեամբ դարձաւ մեր մեծ գրողին օգնականը։

Շարունակելով իր ուսումը, ան տիրացաւ Bachelor of Arts and Sciences Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն, եւ ապա Masters Degree in Education. Մինչ կ՛աշակերտեր, նաեւ մասնակի ժամանակով կը դասաւանդեր եւ Պատանեկան ՛՛Արձագանգ՛՛ եւ ՛՛Ջանասէր՛՛ ամսաթերթերու աշխատակից էր։

1958-59 տարուան ամռան, պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր “Պոլսոյ Պատանեկան Տան” ամառնային ճամբարի մէջ՝ որպէս առաջնորդ ծառայելու: Վայրը “Թուզլա” կը կոչուէր: Նախապէս ան բարեկամացած էր յիշեալ կեդրոնի հիմնադիր եւ վարիչ՝ Պր. Հրանդ Կիւզէլեանի հետ: 1961-ին ամուսնացաւ Այտա Աստղիկ Թօփալեանի հետ։ Տեղափոխուելով Կիպրոս, ան ծառայեց Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, որպէս պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասատու եւ ընդհանուր հսկիչ՝ մանչերու բաժնի։ Շարունակելով իր ուսուցչական ասպարէզը, ան ծառայեց Նիկոսիայի American Academy-էն ներս որպէս պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ։ 1974-ին Արամ եւ իր ընտանիքը, ներառեալ երեք անչափահաս որդիները, կրկին այցելեցին “Թուզլա” ամառնային կեդրոնը: Այս անգամ ցամաքի ճամբով կ՛այցելէր իր Յովսէփ եղբօր ընտանիքը՝ Գերմանիա:

Վերադառնալով Պէյրութ, ան նշանակուեցաւ տնօրէն Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի։ Այս ընթացքին աշակերտութեան թիւը 1000-է աւելի դարձաւ։ Քաղաքացիական պատերազմի ծանր պայմաններու տակ, անոր նուիրումն ու ուժը երբեք չնուազեցան, ու ան շարունակեց հայ սերունդ դաստիարակելու իր առաքելութիւնը տասը տարիներու ընթացքին։ 1984-ին ան դարձաւ Ջանասէր եւ Պատանեկան Արձագանք ամսաթերթերու պատասխանատու խմբագիր։ Նոյն ժամանակաշրջանին, ան ծառայեց Հայ Աւետարանական Համայնքի Կեդրոնական Մարմնի ատենադպիր մինչեւ 1991։

1989-ին իր ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոսթըն եւ ինք վերադարձաւ Պէյրութ մէկ տարուայ համար։ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ապրած մօտաւորապէա երեսուն տարիներու ընթացքին Արամը շարունակեց իր նուիրուած աշխատակերպը, ծառայելով Գալիֆորնիոյ Սահակ Մեսրոպ Վարժարանին իբր տնօրէն, աշխատելով իբր թարգմանիչ Trans World Radio միջազգային ընկերութեան, վարիչ քարտուղար Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցւոյ, եւ աշխատելով իբր բազմալեզու թարգմանիչ Project Save Armenian Photograph Archives ծրագրի համար։ Հայր եղաւ չորս զաւակներու, դառնալով իսկական տիպար հայր եւ ամուսին, միշտ իր կողքին ծառայող եւ նեցուկ կանգնած տիկնոջ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]