Արաբական Պատմագրութիւն

«Ալ Ֆաթիհա» Գուրանի առաջին սուրան

Արաբական պատմագրութիւն (արաբերէն՝ التأريخ العربي‎), արաբ ժողովուրդի պատմական զարգացման եւ անցեալին վերաբերուող գրութիւններու պատմութիւն: Որպէս ինքնուրոյն գիտութիւն ձեւաւորուած է 8–9-րդ դարերու սահմանագլխուն: Սկզբնապէս անոր համար նիւթ ծառայած են արաբական ցեղերու ծագումնաբանական աւանդութիւնները, նախաիսլամական պետութիւններու վերաբերեալ կիսաառասպելական պատումները, ինչպէս եւ Իսլամի ծագման ու տարածման, յատկապէս Մուհամմադի ուանոր զինակիցներու գործունէութեան հետ առնչուող կրօնա-պատմական աւանդութիւնները: Իպն Իսհակի (704-768 թուականներ) արաբ, առաջին մեծ պատմական երկը (Մարգարեներու պատմութիւնը եւ Մուհամմեդի կենսագրութիւնը, այժմ՝ կորած) օրինակ ծառայած է յետագայի հեղինակներու (ալ-վակիդի, Իպն Սադ եւ ուրիշներ)` այդ թեմայով աշխատութիւններու համար: Արաբական պատմագրութիւնը իր զարգացման բարձրակէտին հասաւ 9-11-րդ դարերուն:

Արաբական պատմագրութեան կեդրոններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այդ շրջանուն անոր կեդրոնը Իրաքն էր: Երեւան եկան ընդհանուր պատմութեանը նուիրուած երկեր: Ասոնց ուշագրաւ են ալ-բալոզօրիի, ալ-յակուբիի, ալ-մուսուդիի, Համզաալ-իսֆահսւնիի, Իպն Միսքաւայհի, աւելի ուշ` Իպն ալ-ասիրի աշխատութիւնները: խալիֆայութեան պատմութեանը յատուկ անդրադարձած Է ալ-թաբարին (մահ. 923 թուական): 9–10-րդ դարերու հեղինակներու հետաքրքրութիւններն ու գիտելիքները համակողմանի բնոյթ ունին: Խալիֆայութեան մասնատումէն ետք ստեղծուեցան աշխատութիւններ նուիրուած տեղական դինաստիաներուն, առանձին երկրամասերու, տեղական քաղաքական եւ կրօնական մեծ կեդրոններու՝ հարաւային Արաբիային (ալ-համադունի, 10-11-րդ դարերու), Բաղդադին (սուլ-խաթիբ ալ-բաղդադի, 11-րդ դար), Տամասկոսին (ալ-կալանի– սի, 12-րդ դար), Գրենադային (Իբն սուլ-խաթիբ, 14-րդ դար), Բուիդներին (Իպրահիմ աս-աաբի, 10-րդ դար), Ղազնեւիդներուն (սուլ-ութբի, 10–11-րդ դարերու) եւ այլն: 12–13-րդ դարերու գրուեցին Զէնգիներու եւ Աիւբեաններու պատմութիւնները: Ասորիքի մէջ, ուր 12-րդ դար տեղափոխուեցաւ արաբական պատմագրութեան կեդրոնը, գրուած են շարք մը աշխատութիւններ ընդհանուր պատմութեան շուրջ (Ապու ալ-ֆիդայ, 13-14-րդ դարերու եւ ուրիշներ): 15–16-րդ դարերու առաջատար տեղ գրաւած են Եգիպտոսի պատմագիրները: Ալ-մաքրիզին (14-15-րդ դարերու), ալ-այնին (14-15-րդ դարերու), Ապու-լ-մախասին իպն-թաղրիբերդին (15-րդ դար), աս-սայութին (15-րդ դար) թողած են Եգիպտոսի քաղաքական, սոցիալ-տնտեսական եւ մշակութային պատմութեան նուիրուած բազմահատոր աշխատութիւններ: Այս շրջանին կը գրուի մամլուքներու պատմութիւնը, կը կազմուին պատմական հանրագիտարաններ (ան-նուվայրի, 13-14-րդ դարերու) եւ ընդհանուր ժամանակագրութիւններ (Իպն ալ-ֆուրաթ, 14–15-րդ դարերու): Միջնադարուն արաբ, պատմագիրները ելակէտ կ՛ընդունին համաշխարհային պատմութեան ընթացքի աստուածաբանական մեկնութիւնը, սակայն միաժամանակ կը ճանչնային մարդու պատասխանատուութիւնը իր արարքներու համար:

Արաբական պատմագրութեան հիմունքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաբական պատմագիրները պատմողականեն այն կողմ չանցան, եւ միայն Իբն-խաթունը փորձեց պատմական իրադարձութըան սերը շարադրել իրենց պատճառական կապին մէջ: Արաբական պատմագրութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը կարեւոր տեղեկութիւններ կու տան Հայաստանի եւ հայերու պատմութեան չորս շրջաններու մասին՝ արաբական տիրապետութեան, Բագրատունեաց թագաւորութեան, Զաքարեան ժամանակաշրջանի եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան: Պալազօրին եւ Թաբարին զգալիօրէն կը լրացնեն հայ պատմիչներու տեղեկութիւնները՝ Հայաստանի արաբներու կողմէն նուաճելու մասին: Ցակուբին կը յիշէ Հայաստանի մէջ շատ արաբ ոստիկաններուն, որոնց այլ պատմիչներ գրեթէ չեն յիշատակեր՝ Հայաստանի մէջ անոնց գործունէութիւնը նկարագրելու ընթացքին: Հայերու 550-852-ի ապստամբութիւններու մասին շատ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան Պալուզօրիի եւ Իպն ալ-ասիրի մօտ: Արմինիոյ հարկերը գանձելու հարցին մէջ մեր հիմնական սկզբնաղբիւրը արաբ պատմիչներն ու աշխարհագրագէտներն են: Անոնց շնորհիւ հնարաւոր դարձած է կազմել Արմինիոյ ոստիկաններու ցուցակը: Բագրատունեաց ժամանակաշրջանի (մասնաւորապէս՝ Աշոտ ԱՅ-ից մինչեւ Աշոտ Գ) մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ են հաղորդում Իբն ալ-ասիրը, Իբն Միս– քաւայհը եւ ուրիշներ: Արաբ, պատմագրութիւնը (Ֆարիկի եւ այլն) կարեւոր աղբիւր է 12-13-րդ դարերու Հայաստանի մէջ տեղական իսլմանական ամիրայութիւններու եւ հայկական նիւթիւններու միջեւ եղած պայքարի ասիրման համար: Աիւբեաններու ու մամլուքներու դինաստիայի Հայկական թագաւորութեան պատերազմներու եւ անոնց հետ ունեցած քաղաքական յարաբերութիւններու մասին հարուստ նիւթ կը բովանդակեն I Ֆիտայի, Ապուլ-լ-ֆարաջի եւ ուրիշներ խատութիւնները: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ կը պահուին շուրջ 700 արաբերէն ձեռագիրներ ի շարս որոնց կան միջնադարեան արաբական մշակոյթի արժէքաւոր յուշարձաններ:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։