Ատուայի Ճակատամարտը

Ատուայի Ճակատամարտը
Իտալա-եթովպական Առաջին Պատերազմը
'
Թուական 1 Մարտ, 1896
Վայր Եթովպական Ատուա քաղաքին մօտ
Արդիւնք Եթովպական զօրքերուն յաղթանակը
Հակառակորդներ
Հրամանատարներ
զօրավար Օրեսթէ Պարաթիերի կայսր Մենելիք Բ.
Կողմերու ուժեր
17,700 զինուոր
56 գործիք
73,000 - 100,000 զինամթերք
42 գործիք
Կորուստներ
15, 000 հոգիէ բաղկացած զօրք

11,000 զոհ, վիրաւորներ եւ 3500 գերի[1]

10,000 հոգիէ բաղկացած զօրք,

4000 զոհ եւ 6000 վիրաւոր[1]

Ատուայի ճակատամարտը (իտալ.՝ Battaglia di Adua), 1895-1896 թուականներուն իտալա-եթովպական վճռորոշ ճակատամարտ մը, որ տեղի ունեցած է 1 Մարտ 1896-ին, եթովպական Ատուա քաղաքին մօտ։

Եթովպական զօրքերը կը ջախջախեն իտալական ներխուժող զօրքը։ Այս վճռական յաղթանակը կը խափանէ Իտալիոյ թագաւորութեան արշաւը՝ իր գաղութային կայսրութիւնը Ափրիկէի մէջ ընդլայնելու նպատակով[2]:

ԺԹ. դարու վերջին, եւրոպական պետութիւնները մասնատած էին գրեթէ ամբողջ Ափրիկէն Պերլինի վեհաժողովէն ետք. միայն Եթովպիան և Լիպերիան պահպանած էին իրենց անկախութիւնը։

Ատուայի ճակատամարտը Եթովպիոյ ինքնիշխանութիւնը կ'ապահովէ քառասուն տարի, մինչեւ իտալա-եթովպական երկրորդ պատերազմ:

Եթովպական զօրքերուն տարած յաղթանակը Եթովպիոյ ժամանակակից պետութեան ստեղծման առանցքային մեկնակէտը կը համարուի[3]։

Պատմական Ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1889-ին իտալացիները կը ստորագրեն Վուչալէի համաձայնագիրը օրուան եթովպացի կայսեր՝ Մենելիք Բ.-ի հետ։ Համաձայնանագիրը տարածքներ կը զիջէր, որոնք նախապէս Եթովպիոյ մաս կը կազմէին, յատկապէս՝ Պոկոս, Համասիէն, Աքելէ Կուզայ, Սերայէ նահանգները, ինչպէս նաեւ Թիկրայի մէկ մասը (Bogos, Hamasien, Akele Guzai, Serae, Tigray)։ Անոր փոխարէն Մենելիք Բ. պիտի շարունակէր մնալ կայսրութեան գահին, ինչպէս նաեւ Իտալիա ռազմական եւ տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէր Եթովպիոյ:

Աւելի ուշ, սակայն, փաստաթուղթերու երկու տարբերակներու մեկնաբանութեան շուրջ վէճ մը կը ծագի։ Համաձայնագիրի 17-րդ յօդուածին իտալերէն տարբերակին մէջ նշուած էր, որ Եթովպիոյ կայսրը պարտաւոր էր բոլոր արտաքին գործերը վարել իտալական իշխանութիւններուն միջոցով, փաստօրէն Եթովպիան դարձնելով Իտալիոյ թագաւորութեան գաղութներէն մէկը։

Յօդուածի ամհարերէն տարբերակին մէջ, սակայն, կ'ըսուէր, որ կայսրը ցանկութեան պարագային կրնար օգտագործել Իտալիոյ թագաւորութեան միջամտութիւնը օտար ազգերու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ։ Այնուամենայնիւ, իտալացի դիւանագէտները կը պնդէին, որ ամհարերէն բնօրինակը կը ներառէր այս կէտը, եւ որ Մենելիք Բ. գիտակցաբար ստորագրած էր պայմանագիրին փոփոխութեան ենթարկուած պատճէնը[4]:

Իտալիա կ'որոշէ ռազմական ուժ բանեցնել, որ ստիպէ Եթովպիան պահպանել պայմանագիրին իտալական տարբերակը: Այսպիսով, Իտալիոյ եւ Եթովպիոյ միջեւ պատերազմ կը յայտարարուի, որ հետագային կը կոչուի իտալա-եթովպիական առաջին պատերազմ։

Դեկտեմբեր 1894-ին, Պահթա Հակոս կը ղեկավարէ իտալացիներուն դէմ ապստամբութիւնը՝ Ակելէ Կուզայի մէջ, որ այդ օրերուն Իտալիոյ գերիշխանութեան տակ կը գտնուէր: Զօրավար Օրեսթէ Պարաթիերիի (Oreste Baratieri) բանակին ստորաբաժանումները՝ սպայ Փիեթրօ Թոսելլի (Pietro Toselli) գլխաւորութեամբ, կը ջախջախեն ապստամբութիւնը եւ կը սպաննեն Պահթան: Իտալական բանակը այնուհետեւ կը գրաւէ մայրաքաղաք Ատուան։ Յունուար 1895-ին, Պարաթիերիի բանակը Քոաթիթի (Coatit) ճակատամարտին պարտութեան կը մատնէ Ռաս Մենկեշա Եոհաննէսը (Ras Mengesha Yohannes)՝ վերջինս ստիպելով նահանջել դէպի հարաւ։

Եթովպական զօրքերուն թիւը Մենելիքի գլխաւորութեամբ կը տատանէր 73,000-էն 120,000-ի միջեւ, հինգ կամ վեց անգամ գերազանցելով իտալացիներու թիւը։

Օրեսթէ Պարաթիերի

Այս ճակատամարտին կը մասնակցէին երկիրի բոլոր մարզերէն։ Վերապատրաստման, սպառազինութեան եւ վերազինման առումներով, եթովպական բանակը զգալիօրէն կը զիջէր իտալական բանակին, քանի որ կը կռուէր կայծքարէ հին հրացաններով եւ նետերով[5]։

Մենելիք Բ. կայսրը

Մենելիք կայսեր օգտին կը կռուէին նաեւ ռուս զինուոր Նիկոլայ Ստեփանովիչի խումբերը:

29 Փետրուարի գիշերը եւ 1 Մարտի վաղ առաւօտ, իտալական զօրքերը, երեք շարասիւներու բաժնուած[6], առանձին-առանձին կը յառաջանան դէպի Ատուա, նեղ լեռնային ուղիներով, իսկ չորրորդը կը մնայ բանակատեղիին մէջ։

Հետախուզման աշխոյժ գործունէութեան իբրեւ արդիւնք, եթովպական բանակը կը բացայայտէ իտալական զօրքերուն տեղը եւ ուղղութիւնները, որոնց շնորհիւ անոնք կ'ուղղուին հրամանատար Ալպերթինոյի ուժերուն դէմ եւ առաջին շարասիւնը, որ նախայարձակ եղած էր եթովպական զօրքերուն վրայ, կը շրջապատուի եւ կը ջախջախուի:

Երկրորդ շարասիւնը, հրամանատար Ճորճիօ Արիմոնտիի գլխաւորութեամբ, որ յարձակած էր Մենելիք Բ.-ի 30 հազարնոց բանակին վրայ, նոյնպէս կը ջախջախուի։

Աւելի կատաղի պայքար մը տեղի կ'ունենայ հրամանատար Վիթորիօ Տապորմիտի մասնակցութեամբ։ Տասը ժամ տեւող ճակատամարտէն ետք, իտալական զօրքը կը շրջապատուի եւ հրամանատար Տապորմիտ կը զոհուի։

Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իտալական զօրքը կու տայ 11 հազար մեռեալ եւ վիրաւոր, ինչպէս նաեւ չորս հազար հոգի գերի կը բռնուի։ Մեռեալներուն մէջ կային 2 զօրավար եւ 250 սպայ:

Ատուայի ճակատամարտ

Եթովպական զօրքը կու տայ 5 հազար զոհ եւ 6-էն 10 հազար վիրաւոր:

Ճակատամարտէն ետք, իտալական զօրքերը ստիպուած կը նահանջեն։ Իտալական պարտութիւնը վերջ կը դնէ Իտալա-եթովպիական առաջին պատերազմին:

Վաւերագրական ժապաւէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ատուա, Ափրիկեան յաղթանակ մը «Adwa- An African Victory» (Եթովպիա, 1999)

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Իտալա-եթովպիական պատերազմներ, Ափրիկէ. Հանրագիտարանային տեղեկութիւն (в 2-х тт). том 1. Մոսկուա., «Սովետական հանրագիտարան», 1986. էջ.593
  2. Ատուայի ճակատամարտը
  3. Պատմական իրադարձութիւններ
  4. Պատմական ակնարկ
  5. «Baratieri advanced the Adowa with 20 000 men against an army four times that size»
    Adowa, Battle of // The New Encyclopedia Britannica. 15th edition. Micropedia. Vol.1. Chicago, 1994. p.106
  6. Tsegaye Tegenu, The Logistic Base and Military Strategy of the Ethiopian Army: the Campaign and Battle of Adwa, September 1895-February 1896

Արտաքին յղմուներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]