Jump to content

Ակռահատիկ

(Վերայղուած է Ատամնահատիկ-էն)

Ակռահատիկը հին հայկական ժողովրդական ծէս մըն է, որուն անբաժան մասն է ցորենի հատիկը: Կը կատարուի երբ մանուկը իր առաջին ակռան կը հանէ։ Կը խորհրդանշէ առողջութիւն, յաջողութիւն, առատութիւն, պտղաբերութիւն։

Տարբեր անուանումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ատամնահատիկը հին հայկական ժողովրդական տօն մըն է: Անցեալին անիկա ունէր պտղաբերութեան եւ առատութեան խորհուրդ:

Հայկական Բարձրաւանդակի տարբեր բարբառներու մէջ, ակռահատիկը տարբեր անուններ ունէր.  ինչպէս օրինակ` Տարօնի մէջ՝ ակուասորիկ, Վայոց Ձորի մէջ` կեռահատիկ, Արարատեան դաշտի մէջ`հատիկ, Շիրակի մէջ`ակռահատիկ, Սիւնիքի մէջ`ատամնամսոտիկ կամ սեղքահատիկ, Արցախի մէջ՝ կճեխաշ։ Իսկ արեւելեան Թրակիոյ մէջ՝ ատամնահատիկ:

Կիրարկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հատիկեղէններու սովորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծէսը անցեալին  պտղաբերութիւն եւ առատութիւն կը խորհրդանշէր:

Խաշած ցորենի, սիսեռի, լուբիայի, գարիի հատիկներով ընդեղէնի եւ ոլոռազգիներու խառնուրդ մը կը պատրաստուէր. երբեմն նաեւ կ'աւելցնէին պտուղներ, օրինակ` չամիչ, ծիրան, սալոր եւ ընկոյզ։ Մանուկին շուրջ կը հաւաքուէին ընտանիքին անդամներն ու հարազատները, զայն կը նստեցնէին սեղանին վրայ, գլուխը կը ծածկէին քողով եւ հատիկները կը թափէին վրան:

Կանխագուշակելու սովորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարիներու ընթացքին ակռահատիկի ծէսը կանխագուշակելու սովորութեան կը վերածուի: Ընտանիքին պարագաները, հարազատներու ներկայութեամբ մանուկը սեղանի մը վրայ կը նստեցնեն ու անոր առջեւ հայելի, սանտր եւ դանակ կը դնեն․ հայելին կը խորհրդանշէ առատութիւնը, դանակը՝ ուժ, իսկ սանտրը`ակռաներու հաւասարութիւն: Մանուկին գլուխէն առատութեան խորհրդանիշ ցորենի հատիկներ կը թափեն։

Ժամանակակից սովորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեր օրերուն ծէսը տօնի վերածուած է: Ճոխ սեղան կը պատրաստուի, վրան մանուկը կը նստեցնեն եւ առջեւը մասնագիտութիւն խորհրդանշող իրեր կը դնեն․ դրամապանակ, բժշկական գործիք, գիրք, գրիչ, մկրատ, համակարգիչի մկնիկ, մուրճ, խաղալիք օդանաւ եւ այլն։ Փոքրիկին գլուխէն ցորենի հատիկներ կը թափեն։ Իսկ մանուկին առաջին բռնած առարկան կը խորհրդանշէ անոր ապագայ մասնագիտութիւնը։ Կը յաջորդէ երգն ու պարը[1] [2] [3] [4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]