Ասփիրին

Ասփիրին դեղահատը

Ասփիրինը, դեղերէն ամենաշատ գործածուողն է։ Յօդացաւեր, գլխացաւեր կամ բազմաթիւ այլ ցաւեր մեղմացնելու համար տրուած դեղագիրներու պատրաստութեան մէջ՝ դեղագործները ուրիշ ոեւէ դեղէ աւելի կը գործածեն ասփիրինը: Հաշուած են, օրական 42 միլիոն ասփիրինի դեղահատներ կը գործածուին՝ միմիայն Ամերիկայի մէջ, այսինքն մօտաւորապէս տարեկան 100 դեղահատ ասփիրին իւրաքանչիւր անհատի համար: Անգլիոյ մէջ ալ ասփիրինի գործածութիւնը մեծ համեմատութիւններու կը հասնի:

Ասփիրինին պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասփիրինի ծանուցումը 1923 թուականին Ֆրանսական Եուզին Տու Րօն ընկերութեան կողմէ

Ասփիրինի բաղադրութիւնը եւ անունը կը պատկանէր Պայէր ընկերութեան: 1917-էն վերջ ամերիկեան դատարանները թոյլ տուին, որ ուրիշ ընկերութիւններ ալ նոյն անունով այդ դեղահատերը պատրաստեն:

1850-ական թուականներուն էր, որ Շարլ Ֆրէտէրիք Կէրհարտ, Ալզասցի մը, ասփիրինի գիւտը գտաւ: Արթիւր Եշէնկերում, Պայէր ընկերութեան գլխաւոր քիմիաբանը, անդրադարձաւ որ այս դեղը մեծ օգտակարութիւն կրնար ունենալ եւ մեծ շահեր ապահովել Պայէր ընկերութեան: Դժբախտաբար ան հանդիպեցաւ՝ Պայէրի գիտական բաժնի ընդհանուր տնօրէնին՝ Տոքթ. Հէնրիխ Տրէզէրի ընդմիջութեան: Այս վերջինը տարօրինակ մտքեր ունէր. օրինակ՝ այն բոլոր դեղերը որոնք ելեքտրական վատ հաղորդիչներ էին՝ կը մերժէր ընդունիլ: Ասփիրինը կ'ինար այդ դեղերու շարքին, եւ ուրեմն Տոքթ. Տրէզէր կը մերժէր անոր պատրաստութիւնը:

Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն՝ Եշէնկրում գաղտնաբար սկսաւ փորձել, նախ՝ իր անձին վրայ, ապա ջանաց համոզել այլ բժիշկներ, որպէսզի փորձէին իրենց հիւանդներուն վրայ: Արդիւնքը գոհացուցիչ էր, ասփիրինը ոչ միայն կ'անհետացնէր ցաւերը՝ այլեւ կ'իջեցնէր բարձր տաքութիւնները, առանց վնաս հասցնելու սիրտին:

Պայէր ընկերութիւնը իսկոյն իւրացուց դեղին բաղադրութիւնը եւ սկսաւ պատրաստել անկէ մեծաքանակ:

Տոքթ. Տրէզէրը նկատուեցաւ ասփիրինի գիւտարարը եւ ապահովեց մեծ շահեր: Սակայն, ճշմարտութիւնը հասկցուեցաւ երբ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ Եշէնկրում կը գտնուէր Նացի արգելափակման կայանի մը մէջ, եւ գրեց իր յուշերը: Այդ յուշագրութեան մէջ կը գտնուի ասփիրինի գիւտին բոլոր մանրամասնութիւնները:

Ասփիրինին յատկութիւնները եւ ազդեցութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասփիրինին պատրաստութիւնը- Անգլերէն լեզուով բացատրուած

Ասփիրինը բազմազան յատկութիւններ ունի, որոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բնականէն բարձր ջերմութիւնները պակսեցնելն է, առանց սակայն մարդկային մարմնի բնական տաքութեան վրայ ազդեցութիւն գործելու: Օրինակ, երբ հիւանդ մը բարձր տաքութիւն ունի 39 աստիճան՝ ասփիրին առնելէ վերջ տաքութիւնը կ'իջնէ 38 աստիճանի: Բայց մէկը որ գլխու ցաւէ կը տառապի առանց տաքութիւն ունենալու, եթէ ասփիրին առնէ՝ գլխու ցաւը կը թեթեւնայ, բայց բնական տաքութիւնը մարմնին, 37 աստիճան, կը մնայ անփոփոխ:

Բժիշկները նկատած են որ առնուելէն 10 վայրկեան վերջ՝ ասփիրինը կ'անցնի արեան մէջ: Ան աւելի շուտ կ'ազդէ երբ հիւանդը միաժամանակ կը գործածէ քիչ քանակութեամբ (bicarbonate)։ Այս վերջինը կը մեղմացնէ նաեւ ստամոքսի գրգռութիւնները, որոնք յաճախ առաջ կու գան ասփիրինի մեծաքանակ գործածութենէն:

4000 հիւանդներու վրայ փորձուած եւ հաստատուած է որ մարմինը երբեք չի վարժուիր ասփիրինին, եւ անոնք որ յաճախ կը գործածեն զայն, ոեւէ ատեն կրնան դադրեցնել անոր գործածութիւնը՝ առանց այլեւս պահանջք զգալու:

Կան մարդիկ, որոնք ասփիրին կը գործածեն՝ քնանալու համար: Սակայն, Ասփիրինը քնաբեր յատկութիւն չունի եւ եթէ ենթական ասփիրինով քնանայ՝ պատճառը հոգեբանական ազդակներու մէջ պէտք է փնտռել:

Եթէ քիչ քանակութեամբ առնուի՝ ասփիրինը մատչելի է ոեւէ մէկուն, առանց բացառութեան: Նկատուած է որ փոխանակ ճերմակ դեղահատի ձեւին տակ տալու ասփիրինը երբ տրուի քառակուսի ձեւով կամ տարբեր գոյնով՝ ասփիրինը մերժող հիւանդը առանց դժուարութեան կը կլլէ զայն:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Բժիշկ» բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, Պէյրութ, 1955-1956, էջ 13-14: