Jump to content

Ասլամազեան Քոյրերու Պատկերասրահ

40°47′11″N 43°50′19″E / 40.786331°N 43.8387°E / 40.786331; 43.8387

Ասլամազեան Քոյրերու Պատկերասրահ
Տեսակ Պատկերասրահ եւ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան[1]
Տեղագրութիւն Գիւմրի[1]
Մասն է Արգելոց «Կումայրի»?
Հիմնադրուած է 1987
40°47′11″N 43°50′19″E / 40.786331°N 43.8387°E / 40.786331; 43.8387
Քարտէս
Քարտէս

Ասլամազեան քոյերու պատկերասրահ, բացուած Է 16 Նոյեմբեր 1987-ին, Լենինականի «Կումայրի» պատմաճարտարապետական արգելոցի համակարգին մէջ՝ Ասլամազեան քոյերու՝ Լենինական քաղաքին իրենց աշխատանքները նուիրաբերելու առիթով։

Ընդգրկուած Է Գիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը ձմրան

«Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյերու պատկերասրահին մէջ» կը պահուին քոյերու գեղանկարչական, գծագրական, խեցեգործական աշխատանքներու ամբողջական հաւաքածոն: Պատկերասրահը կը գործէ 1987-էն եւ այստեղ կը պահպանուին քոյերու կողմէ նուիրատուած մօտ 620 բնօրինակ աշխատանքներ: Պատկերասրահի շէնքը 1988-ի Գիւմրիի երկրաշարժէն ետք տրամադրուած Էր անօթեւաններուն եւ վերաբացուած Է 2004-ին:

Պատկերասրահը կը գտնուի Գիւմրիի կեդրոնական հրապարակին մէջ, այն կառուցուած Է 1880-ին մեծահարուստ վաճառականներ, յայտնի գիւմրեցի ընտանիքի Քեշիշովներու կողմէ՝ իբրեւ իրենց բնակարան: Պատկերասրահի շէնքը 19-րդ դարու Ալեքսանդրապոլեան քաղաքաշինութեան ճարտարապետութեան վառ օրինակ է, իր մէջ ներառելով այն ժամանակուան եւրոպական եւ աւանդական հայկական ճարտարապետութեան տարրերը, ձեւաւորած է Գիւմրիին բնորոշ սեւ տուֆով շարուածք ունեցող քաղաքի իւրայատուկ դիմագիծը՝ ներքին շքեղ բակով եւ փայտեայ պատշգամբով: 19-րդ դարու ճարտարապետութեան վառ օրինակ հանդիսացող այդ կառոյցը 1980-ին ներառուած Է «Կումայրի արգելոց թանգարան»-ի մէջ՝ անցնելով պետութեան կողմէ պահպանուող պատմամշակութային ժառանգութեան կառոյցներու ցանկը:

Պատկերասրահի շէնքը իր 136 տարիներու ընթացքին երկու անգամ ենթարկուած Է հզօր փորձութիւններու՝ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցող աղէտալի երկրաշարժերու (1923,1988), որոնցմէ ետք այն վերականգնուած Է եւ վերաբացուած:

«Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյերու պատկերասրահը» կ՚իրականացնէ կրթական ծրագրերու կազմակերպում` դասընթաց-վարժանքներու միջոցով, արուեստային բուժումներ, որոնց նպատակներն են պատկերասրահի տարածքին ստեղծել արուեստի դաշտ,որու աշխոյժ մասնակիցը կը հանդիսանայ հասարակութիւնը՝ անկախ տարիքային սահմանափակումէ եւ սեռային պատկանելիութենէ: Պատկերասրահը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ արուեստ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման զարգացման համար[2]:

Մարիամ Ասլամազեանի 80-ամեակի կապակցութեամբ Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերը Գիւմրի քաղաքին նուիրած են իրենց աշխատանքներէն մօտ 620 բնօրինակ[3]։

Ցուցանմուշները (մօտ 619 կտաւ, զարդական-կիրառական արուեստի առարկաներ) նուիրած են Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերը։ Պատկերասրահը, իբրեւ գեղարուեստական թանգարան, կը պահպանէ եւ կը ցուցադրէ Ասլամազեան քոյերու գեղանկարչական, գծագրական եւ խեցեգործական աշխատանքները։

Պատկերսարահին մէջ կը ցուցադրուին ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարչուհիներու (գեղանկար, գծագրութիւն), նկարազարդ թասեր, սպասք, մոմակալներ։

Թանգարանին մէջ իրականացուող հիմնական միջոցառումներն են՝

  • Թանգարաններու գիշեր (Մայիս)
  • Եւրոպական ժառանգութեան օրեր (Սեպտեմբեր)
  • Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեաններու ծննդեան օրեր (Ապրիլ եւ Հոկտեմբեր)
  • Ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ քաղաքային տարբեր միջոցառումներու շրջանակներուն
  • Տարբեր արուեստագէտներու ցուցահանդէսներ

Թանգարանը կը գտնուի Գիւմրիի կեդրոնական հրապարակին կից՝ Աբովեան 232 հասցէին վրայ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.
  2. Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահի պաշտօնական էջ https://web.archive.org/web/20200215084403/http://www.aslamazyanmuseum.com/arm/gallery/։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-15-ին 
  3. Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահ[permanent dead link]