Ապագայ (թերթ)
| Պատկանելիութիւն | ԹՄՄ, ՌԱԿ |
|---|---|
| Լեզու | Հայերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն |
| Քաղաք | Մոնրէալ |
| Երկիր | Գանատա |
| Քոյր թերթեր | Ազգ (Հայաստանի Հանրապետութիւն), Պայքար (Պոսթոն), Նոր Աշխարհ (Աթենք), The Armenian Mirror Spector (Watertown, Massachusetts), Սարտարապատ (Պուէնոս Այրես), Զարթօնք (Պէյրութ) |
| Կայքէջ | https://abakanews.org |
| Կաղապար:Ubl | |
«Ապագայ», ազգային, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքական շաբաթաթերթ։ Ան հրատարակութիւնն է Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ ): Որպէս ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ, թերթը կը հետեւի եւ կը ցոլացնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սկզբունքները: Հիմնադրուած է1975 թուականին, Մոնրէալի մէջ, Գանատա։ Ան կը հանդիսանայ Գանատայի առաջին եռալեզու շաբաթաթերթը:
Կը ծանօթացնէ գանատահայ գաղութի եւ սփիւռքի առօրեային, կը ներկայացնէ Հայաստանը՝ իր ներքին եւ արտաքին խնդիրներով։ Գրական բաժնին մէջ կը տպագրէ հայ գրողներու գործեր։[1]
Հիմնուած է ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի կարկառուն դէմքերէն՝ բազմավաստակ գիտնական, գանատաբնակ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի (այժմ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ) ջանքերով, որ մինչեւ օրս կը տնօրինէ անոր անխափան լոյս ընծայումը: Թերթի հիմնադիրներէն եղած են Երուանդ Ազատեան, Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան եւ Վահէ Քէթլի: «Ապագայ»ի առաջին թիւը լոյս տեսած է 13 Սեպտեմբեր 1975-ին: Նախ լոյս տեսած է միայն հայերէն, իսկ 1979-էն սկսեալ նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն բաժիններով: Սկզբնական տարիներուն ունեցած է տասներկու հայերէն էջեր ապա անոր վրայ աւելցուած է երկուքական էջով անգլերէն եւ ֆրանսերէն էջեր։
«Ապագայ»-ն ունեցած է մանկական եւ պատանեկան ամսական յաւելուած մը՝ «Փունջ», ինչպէս նաեւ կրկնակի էջերով բացառիկներ ամէն տարեգլուխին:
Նախնական տարիներուն խմբագիրները եղած են՝ Արսէն-Նուպար Սամուրեան, Երուանդ Փափազեան, Մկրտիչ Նալպանտեան, Վահան Գոչունեան, Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան: Վահէ Քէթլին եւ Նիքոլ Փափազեան-Հերնանտեզ (ֆրանսերէն բաժին):
«Ապագայ» շաբաթաթերթը 2010 թուականէն ի վեր կը հրատարակուի նաեւ ԹՄՄ-ի կայքէջին վրայ (www.tekeyanmontreal.ca) PDF դրութեամբ:
«Ապագայ»ի խմբագրատունը կը գտնուին Թէքէեան Կեդրոնին մէջ (825 Manoogian, Saint-Laurent, Qc H4NZ5):
Ապագայ շաբաթաթերթը եղած է նաեւ հրատարակչատուն, որ լոյս ընծայած է զանազան գիրքեր:
«Ապագայ Առցանց» լուրերը (Abaka News online)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ապագայ Առցանց» լուրերը (Abaka News online) համաշխարհային լրատու ծառայութիւն մըն է, որ կը տրամադրուի աշխարհատարած իր ընթերցողներուն: Ան կանոնաւոր կերպով կ’ամբողջացնէ «Ապագայ» տպագիր տարբերակը: Արդարեւ, առցանց (online) հրատարակութիւնը որ տրամադրելի է բոլորին, կենսունակ է եւ տեւականօրէն կը թարմանայ հայութիւնը հետաքրքրող վերջին լուրերով: Եռալեզու՝ հայերէնով, Անգլերէնով եւ Ֆրանսերէնով սպասարկուած ծառայութիւն մըն է ան, որու լուրերը յատկապէս ուղղուած են հայկական աշխարհին:
«Ապագայ»ի եռալեզու էլէքտրոնային online տարբերակը որ կեանքի կոչուած է Սեպտեմբեր 2015-ին, տրամադրելի է abakanews.org հասցէով:
Այժմ անոր տպագիրը լոյս կը տեսնէ 10 էջերէ բաղկացած ծաւալով, անգլերէն ու ֆրանսերէն բաժինները ներառեալ: Վերջին տարիներուն՝ 2012-էն սկսեալ, թերթին գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը կը վարէ՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեան:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ ՌԱԿ-ի Մամուլի Խմբագիրները, 2005