Jump to content

Աշոտ Նաւասարդեան

Աշոտ Նաւասարդեան
Ծնած է 28 Մարտ 1950(1950-03-28)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 3 Նոյեմբեր 1997(1997-11-03) (47 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր
Կուսակցութիւն Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն

Աշոտ Նաւասարդեան (28 Մարտ 1950(1950-03-28), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 3 Նոյեմբեր 1997(1997-11-03), Երեւան, Հայաստան), հայ քաղաքական, պետական գործիչ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ՝ 1990 թուականէն[2]։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւանի մէջ, ուր աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան ճիւղը։ Պատանեկան տարիքին անդամակցած է ընդյատակեայ Ազգային Միացեալ Կուսակցութեան (1968), որուն Խորհուրդին անդամ եղած է 1973-ին։

Յետագային հետեւած է Գարեգին Նժդեհի ցեղակրօնութեան գաղարախօսութեան, հանդէս գալով խորհրդային ամբողջատիրական համակարգի քննադատութեամբ եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան։

Նաւասարդեան հայ ժողովուրի ապագան կապած է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հետ։ Նման գաղափարներու տարածման համար երեք անգամ ձերբակալուած եւ ընդամէնը 17 տարուան բանտարկութեան ու 5 տարուան աքսորի դատապարտուած է։

Շուրջ 12 տարի անցուցած է կալանավայրերու մէջ, ներառեալ՝ 7 տարի բանտային եւ յատուկ վիճակի պայմաններու մէջ, վաղաժամ ազատելով երկրորդ եւ երրորդ անգամ։

1987 թուականին ազատ արձակուելէ ետք, քաղաքական գործունէութիւնը շարունակած է եւ 1989-1990ին Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման Խորհուրդի անդամ եղած է։ Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի Գերագոյն Դատարանի որոշումով արդարացած է, յանցագործութեան փաստերու բացակայութեան պատճառով։

Ազգային Ինքնորոշում Միաւորման Խորհուրդի անդամներուն հետ, Աշոտ Նաւասարդեան հիմնած ու ղեկավարած է «Անկախութեան բանակ» ռազմա-քաղաքական կազմակերպութիւնը (1989), որ մասնակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան եւ Արցախի ազատագրութեան մարտերուն Երասխաւանէն մինչեւ Մարտակերտ, Քելբաջար (Քարվաճառ), Լաչին (Բերձոր), Շուշի եւ այլն։

1990 թուականին, Նաւասարդեան հիմնած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը եւ անոր առաջին ղեկավարը եղած՝ մինչեւ մահ։ Նոյն տարին ընտրուած է Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր եւ 1990-1995 թուականներուն եղած է Գերագոյն Խորհուրդի անկախ պետականութեան հաստատման եւ ազգային քաղաքականութեան հարցերու եւ սահմանադրական յանձնաժողովներու անդամ։

1995-ին ընտրուելով Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, 1995-1997 թուականներուն անոր պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ։

Սրտի հիւանդութեան պատճառով մահացած է 47 տարեկանին։

Աշոտ Նաւասարդեանի անունը կը կրէ Երեւանի մէկ դպրոցը[3]։

Պարգեւատրուած է առաջին աստիճանի Մարտական խաչով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]