Jump to content

Անտրոմետա

Անտրոմետա աստղախումբը

Անտրոմետա աստղախումբը մեզի ամէնամօտիկ հսկայ աստղախումբն է։ Աստղախումբը հսկայական կուտակումն է կազի, տիեզերական փոշիի եւ աստղերու, որոնք քաշողականութեան ուժի շնորհիւ իրարու մօտիկ կը մնան։

Անտրոմետան ուսումնասիրելով՝ աստղագէտները շատ բաներ սորվեցան մեր աստղախումբին՝ Ծիր Կաթինին մասին։ 1887-ին, աստղագէտ Այզաք Ռոպերթս յայտնաբերեց, որ Անտրոմետան պարուրաձեւ աստղախումբ է՝ ամէնագեղեցիկ ձեւը, որ կ'երեւայ աստղախումբերուն մէջ։ Ան այս յայտնագործութիւնը ըրաւ լուսանկարելով աստղախումբը։

Անտրոմետան 2,5 միլիոն լոյս-տարի հեռու է մեզմէ։ Մէկ լոյս-տարին այն հեռաւորութիւնն է, զոր լոյսը անջրպետին մէջ մէկ տարուան ընթացքին կը կատարէ՝ մօտ 9.46 թրիլիոն քիլոմեթր։ Այսպիսով, Անտրոմետա աստղախումբը մօտ 24 թրիլիոն քիլոմեթր հեռու է Երկիր մոլորակէն։ Ասիկա շատ հեռու չի համարուիր աստղախումբի մը հետ դրացնութեան տեսակէտէն։ Անտրոմետան այնքան մօտ է, որ կը մտնէ Տեղական Աստղակոյտին մէջ։ Անտրոմետան տեղական աստղակոյտի ամէնափայլուն աստղախումբն է։ Մեր աստղախումբը՝ Ծիր Կաթինը երկրորդն է։

Անտրոմետան եւ Ծիր Կաթինը այնքան մեծ են, որ միւս աստղախումբերը իրենց շուրջը կը դառնան։ Ինչպէս, օրինակ, Լուսինը կը դառնայ Երկրի շուրջ։ Այս համեմատաբար փոքր աստղախումբերը կ'անուանենք «արբանեակային աստղախումբեր», ինչպէս նոյն պատճառով Լուսինը կը կոչենք Երկրի արբանեակ։

Անտրոմետան եւ Ծիր Կաթինը բազմաթիւ ընդհանրութիւններ ունին։ Իւրաքանչիւրը ունի հսկայ սեւ ճեղք մը կեդրոնին մէջ։ Սեւ ճեղքը այն բացութիւնն է, որ կը պարունակէ բազմաթիւ կուտակումներ եւ ծանրութիւն։ Անոր քաշողականութիւնը այնքան մեծ է, որ ոչինչ կրնայ վրիպիլ անկէ, նոյնիսկ լոյսը՝ տիեզերքի ամէնէն արագ բանը։ Աստղագէտները ա՛յն ժամանակ յայտնաբերեցին Անտրոմետայի սեւ ճեղքը, երբ անոնք տեսան որ աստղախումբին կեդրոնին մօտ գտնուող աստղերն ու կազը արագ կը շարժին։

Երկիրը արագօրէն կը դառնայ արեւին շուրջ։ Բայց եթե Արեւը իր մէջ պարունակէր աւելի մեծ կուտակումներ, ապա Երկիրը աւելի արագ պիտի դառնար։ Աստղերու եւ կազի մեծ արագութիւնը Անտրոմետայի կեդրոնին մօտ կը նշանակէ, որ այնտեղ այնքան կուտակումներ կան, որ կեդրոնը սեւ ճեղքի կը նմանի։ Աստղագէտները հաշուարկեցին, որ Անտրոմետայի կեդրոնական սեւ ճեղքը 140 միլիոն անգամ աւելի զանգուած եւ ծանրութիւն ունի, քան՝ Արեւը։

Ինչպէս որ Երկիրը կը դառնայ արեւին շուրջ, նոյնպէս ալ արեւը կը դառնայ Ծիր Կաթինի սեւ ճեղքին շուրջ։ Սեւ ճեղքը 27 000 լոյս-տարի հեռու է մեզմէ։ Աւելին, արեւը մէկ ժամուայ մէջ կը շարժի 840 հազար մղոն, այսինքն այնքան արագ, որ անիկա չի մտներ սեւ ճեղքին մէջ։ Ծիր Կաթինի բոլոր միւս աստղերը նոյնպէս կը դառնան աստղախումբի կեդրոնի սեւ ճեղքին շուրջ։

Պարագան նոյնն է նաեւ Անտրոմետա աստղախումբին մէջ։ Հնարաւոր է Անտրոմետայի սեւ ճեղքին շուրջ դարձող այդ աստղերէն մէկ քանին ունին մոլորակներ՝ բնակուած խելամիտ էակներով, որոնք բաւական սորված են իրենց աստղախումբին մասին՝ ուսումնասիրելով մերը՝ Ծիր Կաթինը։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]