Անտոն Քոչինեան

Անտոն Քոչինեան
Ծնած է 25 Նոյեմբեր 1913(1913-11-25)
Ծննդավայր Վահագնի, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Դեկտեմբեր 1990(1990-12-01)[1] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Մոսկուայի Բարձրագոյն Կուսակցական Դպրոց
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ եւ ԽՍՀՄ գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր
Անդամութիւն ԽՄԿԿ Կենտրոնական կոմիտե?
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Անտոն Քոչինեան (25 Նոյեմբեր 1913(1913-11-25), Վահագնի, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Դեկտեմբեր 1990(1990-12-01)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ կուսակցական եւ պետական գործիչ։

Կենսագրութիւն եւ վարած պաշտօններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Շահալի (այժմ՝ Վահագնի) գիւղը, Լոռիի մէջ, երկրագործի մը ընտանիքին մէջ։ Գիւղական դպրոցը ուսանելէ ետք, 1928-ին մուտք գործած է Համայնավար Կուսակցութեան երիտարդական միութեան (Կոմերիտմիութիւն) մէջ եւ անոր դպրոցը յաճախած՝ մինչեւ 1931։ Այնուհետեւ, մէկ տարի Թիֆլիսի հայկական մանկավարժական ուսումնարանը անցնելէ ետք (1932-1933), ղրկուած է Երեւանի Կոմերիտմիութեան երկրագործական դպրոցը (1933-1935)։

Քոչինեան երկու տարի աշխատած է Տաւուշի եւ Վայոց Ձորի շրջանային թերթերու խմբագրութիւններուն մէջ (1935-1937), որմէ ետք արագօրէն բարձրացած է կուսակցական շարքերուն մէջ։ Նախ՝ Ազիզբեկովի (Սիւնիք) շրջանային կոմիտէի քարտուղար եղած է (1937-1939), իսկ ապա՝ անձնակազմի քարտուղար եւ համայնավար երիտասարդական միութեան Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար։ 1940-ին Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընտրուած է, իսկ 1941-1943-ին Երեւանի եւ Կոտայքի շրջանային կոմիտէներ գլխաւորեց։

1944-1946-ին Մոսկուայի կուսակցական կազմակերպիչներու դպրոցը իբրեւ ունկնդիր յաճախելէ ետք, 1946ին Քոչինեան Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան երրորդ քարտուղար ընտրուած է, իսկ տարի մը ետք՝ անձնակազմի քարտուղար։

Քոչինեանի կեանքի ամենէն կարեւոր շրջանը սկսած է Նոյեմբեր 1952-ին՝ Նախարարաց Խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք։ Վարչապետի այս պաշտօնը ան վարած է գրեթէ տասնչորս տարի՝ Գրիգոր Յարութիւնեանի (1937-1953), Սուրէն Թովմասեանի (1953-1960) եւ Եակով Զարոբեանի (1960-1966) շրջաններուն իբրեւ կուսակցութեան առաջին քարտուղար։ Փետրուար 1966-ին, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը Քոչինեանը ընտրեց Զարոբեանը փոխարինելու համար՝ Մեծ Եղեռնի 50ամեակի զանգուածային ու աննախընթաց ցոյցերէն ետք։

Իր աւելի քան երկու տասնամեակներուն իբրեւ վարչապետ եւ առաջին քարտուղար, Քոչինեան արձանագրած է իրագործումներու կարեւոր շարք մը։

Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճումը հիմնուած էր ճարտարարուեստական զարգացման ծրագրի մը վրայ։ Ասիկա ներառած է քիմիական գործարաններու շինութիւնը Ալավերդիի եւ Կիրովականի (ներկայիս՝ Վանաձոր) մէջ, Հրազդանի եւ Չարենցաւանի ճարտարուեստական համալիրներուն ստեղծումը, Սեւանի եւ Դիլիջանի գործարաններու շինութիւնը, ինչպէս եւ հում նիւթերու եւ արտադրութեան փոխադրութիւնը ապահովող երկաթուղին։ Երեւանի «Երազ» բեռնակառքերու գործարանը (1964) եւ Աբովեանի ելեկտրոնային գործարանները այս շրջանի յաւելումներ եղած են։ Ելեկտրականութիւնը արտադրութիւնը բազմացած է Երեւանի, Կիրովականի, Հրազդանի ու Տաթեւի կայաններու շինութեամբ։ Արփա-Սեւան կենսական փապուղիի շինարարութիւնը սկսած է 1963-ին։ Քոչինեանի գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Մեծամօրի հիւլէական կայանի շինարարութեան որոշման մէջ (1969), որ Հայաստանը պիտի տանէր դէպի ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն։ Այգիներու հազարաւոր հեկտարներ ցանուած են, որոնց եկած են աւելնալու Ապարանի ջրանցքը եւ Գառնիի ջրամբարը։ Այս ժամականակաշրջանին հետ կապուած է Երեւան-Սեւան մայրուղիին եւ Կապան-Գորիս ճանապարհին շինութիւնը։

Առողջարաններու, պիոներական ճամբաներու եւ հանգստեան գօտիներու ցանցի մը կողքին, 1960ականներուն շինուած է Ծաղկաձորի մարզական համալիրը, ուր խորհրդային ձմեռնային մարզաձեւերու հաւաքականները պիտի մարզուէին։ 1970ականներուն Երեւանի կարգ մը հանրային գործեր սկսած են, ինչպէս «Զուարթնոց» օդակայանի ընդարձակումը (1973), «Հրազդան» մարզադաշտի (1971) եւ «Ռոսիա» շարժապատկերի սրահի շինութիւնը (1970)։ 1972-ին սկսած է գետնուղիի (մեթրոյի) շինութիւնը[2]։

Քոչինեան նոյնպէս կարեւոր դեր խաղացած է Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի (1967), Սարդարապատի հերոսամարտի յուշակոթողի (1968), եւ Էրեբունիի թանգարանի (1968) շինութեան գործին մէջ։ Վերջինը զուգադիպած է Երեւանի հիմնադրութեան 2750ամեակին։ Խորհրդահայ գործիչը 1966-ին բարձրացուցած է Արցախի հարցը Մոսկուայի իշխանութիւններուն առջեւ։

Նոյեմբեր 1974-ին, Անտոն Քոչինեան փոխարինուած է Կարէն Դեմիրճեանի կողմէ՝ «ղեկավարման լուրջ թերութիւնների» պատրուակով, եւ փաստօրէն մնացած է անգործ մինչեւ իր կեանքին վերջը։

Ծննդեան հարիւրամեակին, երկու կիսանդրիներ բացուած են Երեւանի եւ Քոչինեանի ծննդավայր Վահագնիի մէջ։

Պարգեւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին քարտուղարի իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, Խորհրդային Հայաստանը ստացած է համախորհրդային իր հինգ շքանշաններէն երեքը՝ տնտեսական գործունէութեան բարձր ցուցանիշեր արձանագրելու համար (1968, 1970 եւ 1972)։ Նոյնինքն Քոչինեանը երկու անգամ Լենինի շքանշանով պարգեւատրուած է։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]