Անձնանուն

Անձնանուն կամ անուն, անձի անուանումը հասարակութեան մէջ անոր անհատականացնելու նպատակով։ Կը ներարէ ծնունդը գրանցելիս կամ վաղ տարիքին ծնողներու ընտրութեամբ տրուած անունը, ազգանունը։ Ըստ գիտութեան մեջ լայն տարածին գտած տեսակետի, մարդկանց անունները ծագած են մարդու զարգացման վաղ շրջանին, ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցած են բոլոր ցեղերու ժողովուրդներու մօտ։

Ծագումը եւ ձեւերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անձնանունները առաջացած են հասարակ անուններէն եւ քիչ՝ աոանձին վանկերու կամ հնչիւններու ու տառերու միացումէն։ Ըստ Հրաչեա Աճառեանի, անուններու մեջ արմատական բաոեր չկան, անոնք նշանակութեամբ օժտուած բարդ կամ ածանցուած բառեր են։ Հինէն մարդկանց անուանակոչած են նաեւ նկատի ունենալով արտաքինը կամ բնաւորութիւնը բնութագրող հատկանիշները, ինչպէս՝ Լենկ Թեմուր (կաղ Թեմուր), Իվան Ահեղ, Աշոտ Մսակեր, Աշոտ Ողորմած։ Անունները մէկ լեզուէ միւսին անցնելով եւ ենթարկուելով հնչիւնափոխութեան կորսնցուցած են իրենց նախնական նշանակութիւնը։ Ներկայիս ոչ ոք չի խորհիր այն մասին, որ Թովմաս կը նշանակէ «երկւորեակ» եւ սկզբնապէս տրուած է երկւորեակներէն մէկուն, Պօղոս անուանելուս ամենեւին նկատի չեն ունենար, որ այդ կը նշանակէ «փոքրիկ»։ Անուններ ստեղծուած են նաեւ կապուած զանազան դէպքերու հետ։

Տոտեմիստական շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարգացման ցածր մակարդակի վրայ գտնուող ժողովուրդներու մօտ անունները յաճախ ունին տոտեմիստական ծագում։ Սամոայ կղզիի բնակիչները ծննդաբերութեան ժամանակ կը կոչեն զանազան տոտեմներու անուանումներ, երեխայի ծննդեան պահուն արտասանած անուանումը կը դառնայ ամոր անունը։ Տոտեմիստական շրշանէն մնացած առանձին անուններ կարելի հանդիպիլ այժմ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու մօտ, ինչպէս հրեաներու մօտ՝ Ռաշել (գառնուկ), Լէա (կով)։ Հին Արեւելքի մէջ սովորութիւն կար աստուածներու անուններէն կազմուած անձնանուններ ստեղծել օրինակ՝ Նիշուբուր Ամամու (Նիշուբուր աստուածուհին մայրս է)։

Հին Հռոմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Հռոմի մէջ հանրապետութեան ժամանակնեէն ի վեր քաղաքացիներու անունները կը կազմէին անձնանունէն (Մարկոս), տոհմի կամ զարմի անուանումէն (Տուլիուս) եւ մականունէն, որ յաճախ կը նշէր՝ ընտանիքի ճիւղը (ինչպէս «Ցիցերոն», որ կը նշանակէ «սիսեռ»)։ Այս երեք բաղադրեալները (լատիներէն՝ tria nomina՝ երեք անուն) երբեմն կը լրացուէին երկրորդ մականունով, որ կը զանազանէր պատրիկներուն միւս քաղաքացինեէն։ Գոյութիւն ունէր աւանդոյթ՝ անձնանունով անուանակոչել ընտանիքի առաջին չորս արու զաւակներուն։ Մնացածներուն կ՝ անուանակոչէին ըստ թուական կարգի (Քինտոս՝ հինգերորդ, Սեքստոս՝ վեցերորդ են)։

Սեմիտական ժողովուրդներու մօտ եւ արաբական մշակոյթի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեմիտական ժողովուրդները երեխային կ՝ անուանակոչէին կապելով աստծոյ հետ, ինչպէս Յովհաննէս, որ ծագած է «Եհովան ողորմած է» բառերէն։ Սեմիտական անձնանուններուն մէջ կը գործածուէին եւ արաբներու մօտ այժմ ալ կը գործածուին հօր եւ որդիի անունները, ինչպէս՝ Հասան իբն Հիւսէին (Հասան որդի Հիւսէինի) կամ Հասան իբն Հիւսէին աբու Ալի (Հասան որդի Հիւսէինի հայր Ալիի)։

Քրիստոնէական անուններու ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քրիստոնէութեան տարածումը լայն շրջանառութեան մէջ դրաւ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ յիշատակուած եբրաեական անունները, թէեւ անոնք բարձր քաղաքակրթութեան հասած ժողովուրդներու մօտ ամբողջութեամբ չարտամղեցին հին անունները։ Անուանակոչման հարցին մէջ աւանդոյթներու բազմազանութեան փոխարէն առաջ եկան ընդհանուր տենդենցներ։ Միջնադարուն գլխաւորը դարձաւ մկրտութեան անունը, որ առաւելապէս որեւէ սուրբի անուն էր՝ փոխառուած այլ լեզուներէն եւ յաճախ հնչիւնափոխուած։ Վերածնունդի շրջանին լայն տարածում ստացան անտիկ քաղաքակրթութիւնէն եկած անունները։ Յեղափոխութիւններու շրջանին անձնանուններ դարձան շատ հասարակ անուններ։

Մուսուլմանական եւ Բուդդաեական անուններու ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսլամի տարածման հետեւանքով Ասիոյ եւ Ափրիկէի շատ ժողովուրդներ, ընդունելով արաբներու կրօնը, փոխ առին նաեւ անոնց անունները։ Բուդդաեական կրօնին հետեւող ժողովուրդներու մօտ փոխառութիւնները գրեթէ կը բացակային։ Համեմատաբար քիչ են եւ հիմնականին շատ աւելի ուշ շրջանի արդիւնք նշանակութիւնէն զուրկ հնչիւններէն, վանկերէն եւ բառերէն հորինուած անունները։

Անունները տարբեր երկրներու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարք մը ժամանակակից անթրոպոնիմիկական համակարգերու մէջ (հայկական, ռուսական, եւն) ամէն ոք ունի անձնանուն (ընտրուած սահմանափակ ցուցակէ), հայրանուն եւ ազգանուն (վերջիններու հնարաւոր թիւը գործնականօրէն անսահմանափակ է)։ Եղած են եւ կան տարբեր անթրոպոնիմիկական համակարգեր։ Իսպանիոյ եւ Պորտուգալիոյ մէջ, օրինակ՝ անձը սովորաբար ունի քանի մը անուն (կաթոլիկ եկեղեցական ցուցակից), հայրական եւ մայրականազգանունները, Իռլանդիոյ մէջ՝ անձնանուն (սահմանափակ ցուցակէն) ագգանուան փոխարէն՝ հօր անուն֊ին ածանցուած անուն։ Չինաստանի,քորեաի, ՎիետնամՎիետնամի մէջ անունը կը կազմուի միավանկ ազգանունէ (տարբեր ժամանակաշրջաններուն անոնք կը հաշւուէին 100 - 400) եւ անձնանունէն, որ սովորաբար կազմուած կ՝ ըլլաար երկու միավանկ բառերէ, ընդ որուն անձնանուններու թիւը սահմանափակ է։

Զարգացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անունները ապած են երկարատեւ զարգացում՝ կորցնելով իրենց նախնական ստուգաբանական կամ կրօնական նշանակութիւնը։ Անոնց հետագային սկսած են տրուիլ բարեհնչունութեան համար, տուեալ անունը կրած գործչի, գրողի, արուեստագէտի հանդէպ ունեցած սիրուց կամ հարգանքէն դրդուած, ծնողի կամ նախնիի յիշատակը հավերժացնելու նկատառումով, զաւակի մօտ ֆիզիքական եւ հոգեկան լաւ հատկանիշներ տեսնելու ակնկալութեամբ, նորաձեւութեան մոլուցքէն դրդուած։ Անուններու փոխառութիւնները հետեւանք են ոչ միայն կրօնական մշակութային շփումներու ու փոխազդեցութիւններու, այլեւ ռազմական արշաւանքներու, զաւթումներու, նւաճուած ժողովուրդներու նկատմամբ կիրառած, բռնութիւններու եւ ճնշման։ Այդ պատճառով անուններու փոխառութեան երեւոյթի մէջ միշտ տեսած են ուծացման վտանգ եւ, բնականաբար, ազգային զարթօնքի հետ մէկտեղ վերածնված մեծ տարածում ստացած են բուն ազգային կամ տուեալ ազգի ու ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի կարեւոր իրադարձութիւններու հետ կապուած անունները։

Անթրոպոնիմիկա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անձնանունները, անոնց ծագումը, փոփոխութիւնները, աշխարհագրական տարածումը եւ անթրոպոնիմիկական համակարգերու կառուցուածքն ու զարգացումը ուսումնասիրող լեզուաբանութեան ճիւղը կը կոչուի անթրոպոնիմիկա (հուն.՝ ἄνθρωπος, մարդ և ὄνομα, անուն)։

Հայկական անձնանուններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայնրիխ Հիւշման
Հրաչեայճառեն

Հին անուններու զգալի մասը ժամանակին տեղ գտած է ձեռագիր եւ տպագիր այլեւայլ բառարաններու մէջ ու բացատրուած։

  • «Հայկազեան բառարան» Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն, 2-րդ հատոր՝ նուիրուած է յատուկ անուններուն։ Այստեղ թէ տեղանունները եւ թէ անձնանունները կը բացատրուին հանգամանօրէն, նշուած են անուան ծագումը, ճիշտ տառադարձութիւնը։
  • Հայնրիխ Հիւբշմանը իր «Armenische Grammatik» մոնումենտալ գիրքին մէջ քննութեան առածծ է հայերեէնի մէջ տեղ գտած պարսկերէն, եբրայերէն, արաբերէն եւ այլ ծագում ունեցող անձնանունները եւ մեծ մասամբ անոնք ստուգաբանել։

Հրաչեայ Աճառեանի ուսումնասիրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական անձնանունները ուսումնասիրած է նաեւ Հրաչեայ Աճառեանը, որուն «Հայոց անձնանուններու բառարան» հինգհատորեայ աշխատութիւնը եզակի երեւոյթ է իր տեսակի մէջ, ուր հաւաքուած եւ ուսումնասիրուած են 5–10-րդ դարերուն հայ մատենագրութեան մեջ յիշատակուած բոլոր անձնանունները։ Աճառեանը հայկական անձնանունները ըստ ծագման կը բաժնուի 15 խումբի։

  • Նախահայկական, օրինակ՝ Արամ, որ կը ծագի Խալդեան Արամէ թագաւորի անունէն Անծանոթ, օրինակ՝ Հայկ, Արմենակ, Արամայիս, Ամասիա, Հարմա, Արա, Դարդոս եւ այլն, որոնք կը յիշատակուին Մովսէս Խորենացիի Հայոց Պատմութեան Ա. Գիրքին մէջ, եւ որոնց հայկական ծագումը ապացուցուած չէ։
  • Բուն հայկական, օրինակ՝ Արձան, Տիրայր, Այրուկ, Աստղիկ, Գիւտ, Թաթուլ, Թոռնիկ, Իշխան, Զարմայր, Առնակ եւ այլն։ Կան նաեւ կենդանիներու եւ թռչուններու անուանումներով անուններ, որոնքո հիմնականին ուժի, գեղեցկութեան եւ քնքուշութեան արտահայտութիւններ են եւ միայն հեռաւոր կապ կ՝ րնան ունենալ տոտեմիզմի հետ։ Օրինակ՝ Այծեմնիկ, Առիւծ, Արտոյտ, Գառնիկ, Եզնիկ, Աղաւնի, Արծուիկ եւ այլն։
  • Պահլավական, օրինակ՝ Վարդան, Բագրատ, Ատրներսեհ, Դրաստամատ, Զարեհ, Սեպուհ, Զոհրապ, Խոսրով, Խոսրովիդուխտ, Համազասպ, Գիսակ, Գուրգեն, Անուշ, Աշխեն, Արշակ, Սանատրուկ, Տրդատ, Վռամշապուհ եւ այլն, որոնք պարթեւական ազդեցութեան արդիւնք են։ Անոնց մեծ մասը ստուգաբանուած է, որպէս հասարակ անուններ, ինչպէս՝ Աշխեն՝ «թուխ», Անուշ՝ «անմահ», Գուրգէն՝ «գայլի ձագ», Տրդատ՝ «Տիր աստծոյ տուած»։
  • Ասորական, օրինակ՝ Աբգար, Եղիշէ, Գադիշո եւ այլն, որոնք եկած են Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւն ընդունումէն ետք, բայց ասորական ազդեցութիւնը կարճ եղաւ եւ հայերու մօտ պահպանուեցան միայն մէկ-երկու անձնանուն (Աբգար, Եղիշէ)։
  • Եբրաեական, անուններ, որոնք եկած են Քրիստոնէութեան հետ, օրինակ՝ Ադամ, Եւա, Աբել, Աբրահամ, Սեթ, Սահակ, Դանիել, Գաբրիէլ, Եսայի, Յակոբ, Զաքարիա, Սողոմոն եւ այլն։ Եբրաեական անունները հայերուն անցած են Աստուածաշունչի թարգմանութեան միջոցով, որ կատարուած է յունարէնէն եւ այդ պատճառով հայերէն տառադարձման մէջ անոնք կը կրեն յունարէնի ազդեցութիւնը։
  • Յունական, այս անձնանունները արդիւնքն են հայ-յունական դարաւոր կապերուն եւ հելենիստական մշակոյթի ազդեցութեան։ Առաւել տարածուած անուններէն են՝ Անաստաս (հարութիւն), Ղեւոնդ (առիւծ), Վասիլ (թագաւոր), Գեւորգ (երկրագործ), Գրիգոր (արթուն), Կիրակոս (տերունի), Հռիփսիմէ (անկեալ), Ստեփան (պսակ)։
  • Արաբական, հայերը արաբներէն քիչ թիւով անուններ վերցուցած են արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին, օրինակ՝ Աբլխարիպ (Ղարիբի հայր), Աբուսահլ (Սահլի հայր), Մլեհ (սիրուն, գեղեցիկ)։ Այժմ ասոնք գործածական չեն։
  • Լատինական, այս անունները հայերու մօտ տարածուած են Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան ժամանակաշրջանին։ Անոնցմէ են՝ Անտոն (առաջնորդ), Լեւոն (առիւծ), Հեթում (ըստ Աճառեանի Օտոն Ա-էն), Ալիս, Զապէլ եւ այլն։
  • Հայ կրօական անունները սկզբը քրիստոնէական օտար անուններու թարգմանութիւններն էին, ինչպէս՝ Առաքել (յունարէն՝ Ապոստալ), Յարութիւն (յունարէն՝ Անաստաս), Աստուածատուր (յունարէն՝ Թէոդորոս), Խաչիկ (յունարէն՝ Ստաւրի), Մխիթար (եբրայերէն՝ Սեթ)։ Անոր զուգընթաց ստեղծուած են նոր նմանակերտ անձնանուններ, օրինակ՝ Յամբարձում, Զատիկ, Գալուստ, Մարգար, Կարապետ, Մկրտիչ, Աւետիս․ Աւագ, Մաքրուհի, Սրբուհի, Տիրուհի եւ այլն։
  • Հայ ժողովրդական անուններ, որոնք գործածուած են շինական ժողովուրդի շրջանին եւ պահպանվուած են առ այսօր։ Անոնք արտահայտած են մարդու արտաքին եւ ներքին բարեմասնութիւնները։ Օրինակ՝ Վարդիթեր, Հնազանդ, Համեստ, Քնարիկ, Հրանուշ, Պատուական, Գեղուհի, Լուսիկ, Փայլակ, Արփենիկ, Ազնիւ եւ այլն։
  • Սելջուկ-թաթարական տիրապետության ժամանակ հայերը քիչ թիւով անձնանուններ փոխառած են, օրինակ՝ Ասլան (առիւծ), Ջիւանշիր (մատաղ առիւծ), Հախնազար (աստուածատես), Թամամ (կատարեալ)եւ այլն։ Անոնցմէ պահպանուած են բացառապէս մէկ-երկուսը։
  • Եւրոպական անունները փոխառուած են ֆրանսերէնէն, իտալերէնէն, գերմաներէնէն եւ անգլերէնէն։ Սկզբը բացառապէս գործածական էին արեւմտահայերու, հիմնականին կաթոլիկներու մօտ (Ժոզեֆ, Վալենտին, Ալբերտ, Էդուարդ, Վիկտորիա, Էժեն, Վերժին, Ադոլֆ, Ռուդոլֆ և այլն)։ Ծանոթութիւնը եւրոպական մշակոյթի հետ իր հետ բերաւ անձնանուններու մեծ հոսանք։ Շատ գործածական դարձան՝ Էմմա, Էլենորա (կարճ՝ Նորա), Ջուլիետա, Օֆելյա, Նապոլեոն, Համլետ, Հենրի եւ այլն։
  • Ռուսական անձնանունները հայոց լեզուի մէջ ներթափանցած են նոր ժամանակներուն։ Անոնցմէ շատերը վաղուց ունին հայերէն տարբերակներ, սակայն կ՝ օգտագործեն ռուսերէն կամ անոր մօտ ձեւով, օրինակ՝ Նիկոլայ (Նիկողայոս), Գեորգի, Եգոր (Գեւորգ), Իվան (Յովհաննէս) եւ այլն։ Երբեմն նմանահնչիւն տառի առկայութեան դէպքին կ՝ օգտագործուի ռուսական անձնանուններ, որպէս հայկական անուան համարժէք, թէեւ անոնք մէկը միւսի թարգմանութիւնը չեն, օրինակ՝ Մկրտիչը կը դառնայ Նիկիտա, Յարութիւնը՝ Արտեմ կամ Արտյոմ, Մարտիրոսը՝ Մարտին, Արշակը՝ Արկադի, Վաղարշակը՝ Վոլոդյա եւ այլն։ Տարածուած են նաեւ ռուսական փաղաքշական անունները, օրինակ՝ Միշա (Միքայէլ), Սաշա (Ալեքսանդր), Մաշա (Մարիամ), Լիզա (Եղիսաբեթ), Կոլյա (Նիկողայոս)։
  • Հայ ազգային անունները արդիւնք են ինքնագիտակցութեան զարթօնքի։ Անոնք նորաստեղծ անուններ են՝ Հայաստան, Արմէն, Արմենուհի, Արաքսի, Մասիս, Արարատ, Սեւան, Հայկուհի, Ազատ, Սիրանուշ, Հրազդան, Հրայր, Հրաչուհի, Հայկազն, Հայկարամ, Ռազմիկ եւ այլն։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կաղապար:Վիքիբառարան