Անթուան Քեհեայեան
Անթուան Քեհեայեան | |
---|---|
Ծնած է | 5 Փետրուար 1922 |
Ծննդավայր | Ատանա, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 31 Յունուար 2013 (90 տարեկանին) |
Ազդուած է | Լեւոն Շանթ |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ |
Անթուան Քեհեայեան (Սըր, 5 Փետրուար 1922, Ատանա, Օսմանեան Կայսրութիւն - 31 Յունուար 2013), հայ ուսուցիչ եւ կրթական պատասխանատու։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաղթականութեան ճամբուն վրայ, անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս։ Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՚անցընէ Կիպրոսի Ամերիկեան Ակադեմիային մէջ, ուր կը սորվի հաշուապահութիւն եւ անգլերէն լեզու։
Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի «International college»-ին մէջ[1]։ Ապա կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, նախ պաշտօնեայ, սակայն շուտով՝ ուսուցիչ, երբ կը հանդիպի Լեւոն Շանթին։ Սըր-ը կ'ըսէ.
Ուսուցչութիւնը սիրելս կը պարտիմ Լ. Շանթին. ան զիս ուսուցիչ ձեռնադրեց եւ իրմէ հայերէն սորվեցայ։ |
1949-էն սկսեալ Սըր Ճեմարանի անգլերէնի ուսուցիչն էր, իր իւրայատուկ ոճով երկրորդականի աշակերտներուն սորվեցուցած է անգլերէնի ճիշդ առոգանութիւնը եւ քերականութիւնը։ 1954-ին կը դառնայ Ճեմարանի գիշերօթիկներու պատասխանատու վարիչ մինչեւ այդ բաժինին փակումը։ Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով՝ Սըր ունէր լայն ու ընդհանուր զարգացում՝ գրականութեան, մանկավարժութեան եւ քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ։ Կը մահանայ [ 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6-ին[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Ամսուան դէմքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-01
- ↑ Անթուան Քեհեայեան (Սըր) Ոչ Եւս Է