Jump to content

Անդրանիկ Պօղոսեան

Անդրանիկ Պօղոսեան
Ծնած է 21 Ապրիլ 1949(1949-04-21) (75 տարեկան)
Ծննդավայր Գամիշլի, Ալ-Կամիշլիի շրջան, Գամիշլի, Հասաքէ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Սուրիոյ գաւառական ժողովի անդամ
Մասնագիտութիւն Գիւղատնտեսական երկրաչափութիւն
Աշխատավայր Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն
Ամուսին Սօնա խաչատուրեան Պօղոսեան (հանգուցեալ 2013)
Երեխաներ Սերոբ, Սարօ եւ Սեւակ

Անդրանիկ Պօղոսեան (21 Ապրիլ 1949(1949-04-21), Գամիշլի, Ալ-Կամիշլիի շրջան, Գամիշլի, Հասաքէ, Սուրիա): Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ:

Անդրանիկ Պօղոսեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգային Վարժարանին մէջ, այնուհետեւ 1967-ին աւարտելով պետական երկրորդական վարժարանի պաքալորիա կարգը՝ ընդունուած է Հալէպի Պետական Համալսարանը, զոր աւարտած է 1972-ին ստանալով գիւղատնտեսական երկրաչափութեան վկայական:

1972-էն սկսեալ պաշտօնավարած է G.O.A.M. պետական հաստատութեան մէջ, որպէս փոխ տնօրէն, ապա 1986-1993 թուականներուն՝ նոյն հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն:

Անդրանիկ Պօղոսեան քանի մը անգամ նախարարութեան կողմէ գործուղղուած է Արեւելեան եւ Արեւմտեան Գերմանիա, Յորդանան եւ համագործակցած՝ Icarda գիւղատնտեսութեան զարգացման համաշխարհային հաստատութեան հետ:

Հայրենիք այցելութեան շրջանին հարցազրոյցներ ունեցած է «Եռագոյն», «Հայերն Այսօր», «Arm News» եւ լրատուական բազմաթիւ կայքերու հետ:

Կրթասիրաց Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1999-էն սկսեալ մինչեւ օրս Անդրանիկ Պօղոսեան կը վարէ Կրթասիրաց Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը: Կրթասիրաց Վարժարան հիմնադրուեցաւ 1924-ին, սկիզբը որպէս նախակրթարան, ապա 2003-ին օժտուեցաւ միջնակարգի բաժինով, իսկ 2006-ին զարգանալով եւ բարգաւաճելով ունեցաւ երկրորդականի բաժին եւ անուանուեցաւ «Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան», մեծարգոյ բարերար եւ նուիրատու՝ տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ:

Անտեսելով ներկայի դժուարին պայմանները, վարժարանս մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ Հալէպի հայկական- մշակութային կեանքին եւ հայէպահայ զաւակներու ազգային դաստիարակութեան ու կրթութեան գործընթացին:
- Անդրանիկ Պօղոսեան Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն


Անդամակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1982-1986 թուականներուն ընտրուած է Սուրիոյ գիւղատնտեսական երկրաչափերու սենտիքայի համագումարի անդամ: Նոյն տարիներուն պաշտօնի բերումով զանազան հանդիպումներ եւ հարցազրոյցներ կատարած է հեռատեսիլի եւ պարբերաթերթերու հետ:

Անդամակցութիւն Գամիշլիի քաղաքապետարանի Խորհուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1983-1987 թուականներուն Անդրանիկ Պօղոսեան ընտրուած է Գամիշլիի քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամ:

1993-ին Անդրանիկ Պօղոսեան իր զաւակներուն համալսարանական ուսումը կատարելագործելու համար փոխադրուած է Հալէպ, հրաժարելով պետական պաշտօնէն:

Ազգային Կեանք ու գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գամիշլիի Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան Խորհուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկ Պօղոսեան Եղած է Գամիշլիի Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան Խորհուրդի անդամ, ապա ատենապետ եւ 1990-1993 թուականներուն Գամիշլի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու Թաղական Խորհուրդի ատենապետ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991 թուականէն ի վեր Անդրանիկ Պօղոսեան ընտրուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի անդամ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայկական Կալուածներու Հոգաբարձուներու Խորհուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկ Պօղոսեան Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայկական Կալուածներու Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, ապա նոյն Խորհուրդի ատենապետ:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Դատաստանական Խորհուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկ Պօղոսեան Եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Դատաստանական Խորհուրդի Նախադատ Ատեանի դատախազ:

Գնահատագիր, պատուոյ գիր, յուշամետալ եւ շքանշան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկ Պօղոսեան Սուրիոյ փոխ վարչապետին կողմէ արժանացած է գնահատականի, ինչպէս նաեւ Հալէպի Բանուորներու Միութենէն արժանացած է Պատուոյ Գիրի:

2014-ին Յունիս ամսուան ընթացքին Հայաստան գտնուելով «Սայեաթ-Նովա» Մշակութային Միութեան կողմէ արժանացած է Պատուոյ Գիրի ազգանուէր ծառայութեան համար: Նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան հրաւէրին ընդառաջելով Աղուերանի մէջ մասնակցութիւնս բերի Կրթական վեցերորդ համաժողովին:

29 Յուլիս, 2014-ին, որպէս տնօրէն եւ ազգային գործիչ, Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ կ'արժանանայ «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանին:

6 Ապրիլ, 2016-ին Հալէպի Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ Պատուոյ Գիրով կը գնահատուի, որպէս տնօրէն տարիներու վաստակին համար:

Օգոստոս 2016-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Տիար Լեւոն Մկրտիչեանի հրամանով կը պարգեւատրուի յուշամետալով` կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ ներդրած մեծագոյն աւանդի համար:

16 Հոկտեմբեր, 2017-ին Սուրիոյ ուսուցչական սենտիքային կողմէ յատուկ գնահատագրով Անդրանիկ Պօղոսեան կը պարգեւատրուի:

Երախտագիտութեան Մետալ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2017-ին Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով Հ.Հ. Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգիսեանի կողմէ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին ներդրած աւանդի համար պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան մետալով» ու «գնահատագիրով»:

Անդրանիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց վերջերս իրեն փոխանցուած` Հայաստանի նախագահին կողմէ շնորհուած «Երախտագիտութեան մետալ»-ին համար եւ աւելցուց. «Շնորհակալական խօսքերէն աւելի` կ՛ուզեմ հաւաստել, որ այդ պարգեւը խթան պիտի հանդիսանայ, որպէսզի աւելի աշխատանք տանինք: Կրկին կ՛ուզեմ շեշտել, որ պէտք է վերադառնամ Հալէպ` իմ առաքելութիւնս շարունակելու: Ինծի համար թէ՛ ազգային եւ թէ՛ մարդկային պարտականութիւն է դպրոցի դռները բաց պահելը»:[1]
- Անդրանիկ Պօղոսեան, Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն


Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին` գնահատելով իմ համեստ ներդրումս, որոնք տեսան, նշմարեցին մեր աշխատանքը: Սա խթան է մեզի համար, յաւելեալ պատճառ, որպէսզի աւելի աշխատանք տանինք, աւելի զոհողութիւններ իրականացնենք, որպէսզի կարենանք կատարել մեր պարտականութիւնը մեր անմեղ փոքրիկներուն հանդէպ: Յատուկ շնորհակալութիւն վսեմաշուք Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, բոլորին: Այս պարգեւն ինծի համար ո՛չ միայն ուրախութիւն է, այլ նաեւ պատիւ, խթան:[2]
- Անդրանիկ Պօղոսեան, Հալէպի Կրթասիրաց Սարգիս Չեմպերջեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն


Պատկերասրահ Գնահատագիրեր, պատուոյ գիրեր, յուշամետալ, շքանշան եւ երախտագիական մետալ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկերասրահ Անդրանիկ Պօղոսեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկերասրահ Անդրանիկ Պօղոսեան Հալէպի կրթական տնօրէնութիւն եւ Սուրիոյ ուսուցչական սենտիքա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]