Jump to content

Անասուններու ակռաներ

Անասուններու ակռաները, արտակարգ են: Առանց ակռայի` անոնք չեն կրնար ուտել:

Կոկորդիլոսը ունի մօտաւորապէս 72 սուր ակռաներ: Անոնք չեն ծառայեր ծամելու, այլ` որսերը բռնելու: Ամէն երկու տարին անգամ մը անոնք կը նորոգուին: Վարի կողմէն երկու աւելի բարձր ակռաներ բերնէն դուրս կը ցցուին, նոյնիսկ երբ անոր բերանը գոց ըլլայ:

Շնաձուկը ունի մօտաւորապէս հարիւր ակռայ, որոնք կը նորոգուին անոր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ակռայի շարքերը կը յառաջանան, երբ կը սկսին մաշիլ գլորուող գորգի մը նման:

Բոլոր կրծողներուն նման, նապաստակը ունի մեծ ակռաներ, որոնք անդադար կը բուսնին. ամէն շաբաթ` 2 մմ: Կրծելով` անոր ակռաները կը մաշին:

Ձիուն ակռաները անդադար կը բուսնին: Եթէ անոնք գէշ կերպով մաշին կամ շատ բուսնին, անոր համար դժուար կ'ըլլայ ծնօտը գոցել: Հետեւաբար ան լաւ չի կրնար ծամել եւ կրնայ մարսողութեան ծանր հարցեր ունենալ:

Ամէնէն մեծ ակռաները փիղին ակռաներն են. անոր փղոսկրները կրնան մինչեւ 3 մեթր երկայնք ունենալ: Անոնք կտրող ակռաներ են: Ան ունի նաեւ չորս աղօրի ակռաներ` բոյսերը տրորելու համար: Անոնք միայն մէկ անգամ կը փոխարինուին, երբ կը մաշին:

Ծովափիղը ունի երկար ակռաներ: Շնատամները անոր կը ծառայեն կառչելու եւ սառոյցին վրայ տեղափոխուելու:

Հաւերը ակռայ չունին: Սակայն ճուտիկը ունի մանր ակռայ մը` կտուցին ծայրը, իր ծնունդին: Ան շատ կարծր, փոքրիկ ուռեցք մըն է, որ անոր կարելիութիւնը կու տայ հաւկիթը կոտրտելու: Ապա անիկա կ'անհետանայ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]