Այտա Պոյաճեան

Այտա Պոյաճեան
Ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1932(1932-12-16)
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 2019
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Փանոս Թէրլեմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան
Երեւանի Պետական Գեղարուեստաթատերական հիմնարկ
Մասնագիտութիւն նկարչուհի
Անդամութիւն Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու Միու­թիւն

Այտա Պոյաճեան (16 Դեկտեմբեր 1932(1932-12-16), Գահիրէ, Եգիպտոս - 2019), նկարչուհի եւ արուեստագիտուհի:

կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Գահիրէ։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ֆրանսական դպրոցներէն մէկուն մէջ: Փոքր տարիքէն հետեւած է արուեստագէտ Աշոտ Զօրեանի նկարչական դասերուն: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է ծաղրանկարներ նկարել Եգիպտոսի մէջ լոյս տեսնող «Ալի Պապա» մանկական շաբաթաթերթին մէջ:

Այտա Պոյաճեան 1947 թուականին տեղափոխուած է Հայաստան եւ իր դպրոցական ուսման վերջին տարիները Հայրենիքի մէջ ամբողջացուցած է, միաժամանակ հետեւելով գեղանկարչութեան դասընթացքներու:

Ան 15 տարեկանին դպրոցական մակարդակով ունեցած է իր առաջին նկարներու ցուցահանդէսը, որ արժանացած է հայ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի գնահատանքին: Կոջոյեան տեսնելով Այտայի կարողութիւնը՝ զինք ընդունած է Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարան, ուր արուեստագիտուհին իբրեւ դասընկերներ ունեցած է յայտնի նկարիչներ Մկրտիչ Քամալեանն ու Ցոլակ Ազիզեանը:

Այտա Թերլեմեզեանի գեղարուեստի դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է 1952 թուականին եւ ընդունուած՝ Երեւանի Գեղարուեստի եւ թատրոնի կաճառ, ուր աշակերտած է հայ գեղանկարիչ Արա Պէքեարեանին:

Պոյաճեան 1959 թուականին դարձած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ:

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստագիտուհին զբաղուած է գիրքերու պատրաստութեամբ եւ նկարազարդութեամբ. իր աշխատութեամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ հրատարակուած են բազմաթիւ գիրքեր։

1979 թուականին «Լուսին, լուսին, լուսերես» մանկական գիրքի ձեւաւորման եւ պատկերազարդման համար արժանացած է մրցոյթի:

Այտա Պոյաճեանի գործերը ցայսօր կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի[1] եւ Լիբանանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Քանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր սրահներէն ներս[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Շտեմարան - Հաւաքածու - Հայաստանի ազգային պատկերասրահ»։ web.archive.org։ 2016-03-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-26 
  2. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-26