Jump to content

Ամառնային Արեւադարձի օրը

Ամառնային Արեւադարձի օրը, տարուան ամէնէն երկար օրն է, սակայն պարզապէս` քանի մը երկվայրկեանով: Արեւադարձի օրուան նախորդող երկու օրերը եւ յաջորդող երկու օրերը գրեթէ նոյնքան երկար են[1]:

Օրերուն երկարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրերը կ'երկննան Դեկտեմբերի վերջաւորութեան 9,3 ժամէն մինչեւ աւելի քան 12 ժամ Մարտի վերջաւորութեան եւ մօտաւորապէս 15 ժամ` Յունիսի սկիզբը, հիւսիսային շրջաններուն մէջ[2]:

Օրերը եւ իրիկունները միշտ 12 ժամ չեն: Ասոր պատճառը երկրագունդին հակած դիրքն է: Անիկա թեքած է 23,5 աստիճան ուղղահայեաց առանցքին բաղդատմամբ: Հետեւաբար անիկա արեւուն շուրջ կը դառնայ թեքած ձեւով:

Արեւուն շուրջ լման պտոյտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւուն շուրջ լման պտոյտ մը կը համապատասխանէ մէկ տարուան: Այդ անցնող տարուան ընթացքին, մոլորակին անփոփոխ թեքումին պատճառով երկրագունդին հիւսիսային բաժինը  կէս տարուան ընթացքին թեքած կ'ըլլայ դէպի արեւուն կողմը, իսկ մնացած տարուան ընթացքին` արեւէն հեռու: Երբ հիւսիսային կիսագունդը դէպի արեւ թեքած է, ամառ է: Մինչ հարաւային կիսագունդին մէջ, որովհետեւ այդ բաժինը արեւէն հեռու է, ձմեռ է, ցուրտ եւ երկար իրիկուններով:

Ամառնային արեւադարձի օրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ կիսագունդ մը դէպի արեւ կը թեքի, օրերը կ'երկննան, որովհետեւ արեւի լոյսի պահերը կ'երկննան: Արեւուն ճառագայթները աւելի ուղղակիօրէն կը հասնին երկրագունդ, քան ձմրան, որովհետեւ արեւը միշտ աւելի բարձր կ'ըլլայ երկինքին մէջ: Այս ամէնը կը նշանակէ, թէ մթնոլորտը, գետինը եւ ովկիանոսները աստիճանաբար կը տաքնան:

Ամառնային արեւադարձին օրը խորքին մէջ օր մը չէ, բայց վայրկեան մը` ժամանակին ընթացքին: Հիւսիսային կիսագունդին մէջ ան կը նշանակէ այն վայրկեանը, երբ արեւը դէպի հիւսիս ամէնէն բարձրը եւ ամէնէն հեռուն կը գտնուի, ամբողջ տարուան ընթացքին:

Այս արեւադարձի օրէն ետք ամէն ինչ հակառակ կ'ընթանայ: Երկրագունդին թեքութիւնը կը սկսի փոխուիլ եւ հիւսիսային կիսագունդը կը սկսի հեռանալ արեւէն: Ամբողջ օրը արեւը աւելի ցած կ'երեւի երկինքին մէջ, եւ դէպի հարաւ: Օրերը աստիճանաբար կը կարճնան` ամէն շաբաթ վայրկեաններ կորսնցնելով:

Սակայն ամառնային ջերմաստիճանը իր գագաթնակէտին կը հասնի այդ արեւադարձի օրէն մօտաւորապէս մէկ ամիս ետք: Գետինը շատ աւելի դանդաղ կը տաքնայ, քան օդը: Հետեւաբար մթնոլորտը կը կորսնցնէ գարնան վերջաւորութեան եւ ամրան սկիզբի իր տաքութենէն ովկիանոսներուն եւ ցամաքի զովութեան պատճառով:

Մինչ օդը նուազ տաքութիւն կը ստանայ արեւէն արեւադարձի օրին յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին ան տակաւին կը պահուի, որովհետեւ ցամաքը եւ ովկիանոսները կը տաքնան: Յատկապէս` ովկիանոսները, որոնք դանդաղօրէն կը տաքնան, ամէնէն երկարը կը պահեն իրենց տաքութիւնը: Հետեւաբար տաքը տակաւին կը շարունակուի արեւադարձի օրէն ետք եւ ջերմաստիճանը ամէնէն բարձր աստիճաններու կը հասնի Յուլիսին եւ Օգոստոսին[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]