Jump to content

Աղլաոնիքի

Աղլաոնիքի
հին յուն․՝ Ἀγλαονίκη
Ծնած է 2-րդ դար
Ծննդավայր Թեսալիա, Յունաստան
Մահացած է Ք․Ա․ 2-րդ դար
Ազգութիւն յոյն
Մասնագիտութիւն աստղաբան

Աղլաոնիքի (յուն․՝ Ἀγλαονίκη)․ ապրած է Ք․Ա․ 2-րդ դարուն։ Ծննդավայրն է Թեսալիա եւ եղած է Հին Յունաստանի առաջին կին աստղաբանը։ Փլութարհոս զայն կը յիշատակէ որպէս Աղանիքի, յատկապէս՝ Աղլաոնիքի ի Իղիթորոս (Αγλαονίκη η Ηγήτορος), որովհետեւ դուստրն էր Թեսալիայի Իղիթորաս (կամ Իղեմոնաս) ղեկավարին։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փլութարհոս եւ Աբոլոնիոս Ռոտացին (Հռոդոսացին) իրենց աշխատութիւններուն մէջ յիշատակած են Աղլաոնիքին, ներկայացնելով զայն որպէս Թեսալիայի աստղաբան Իղիթորասի (կամ Իղեմոնաս) դուստր։

Աղլաոնիքիին կեանքին մասին արձանագրութիւններ չկան։ Սակայն ան յիշատակուած է որպէս համբաւ ունեցող վհուկ, կախարդուհի, որովհետեւ կարողացած էր կանխագուշակել, կանխատեսել արեւուն խաւարումներն եւ շրջապատին կը յաւակնէր թէ «երկինքէն լուսինը կ՛իջեցնէր»՝ լուսինին «կը ստիպէր» որ անհետանայ հորիզոնէն․ նախադասութիւնը մը որ կապուած է լուսինի խաւարումներուն մասին իր գուշակութիւններուն։ Փլութարհոս գրած է, որ Աղլաոնիքին, քաջատեղեակ ըլլալով լուսինի փուլերուն, նախապէս հաշիւներ ըրած էր ու կանխատեսած էր լուսինին խաւարումը եւ անոր վերայայտնութիւնը։ Այնպէս ըրած էր, որ բոլորը հաւատան, թէ ինք առեւանգած է լուսինը։

  • Աղլաոնիքի անունով կոչուած է Վեներայի խառնարաններէն մէկը:
  • Թիթեռներու մէկ տեսակին իր անունը տրուած է՝ Aglaonice:
  • Աղլաոնիքին Ժան Քոքթոյի «Օրփեոս» ֆիլմին դերակատարն է (1950)
  • Աղլաոնիքին 1 038 կին անձնաւորութիւններէն մէկն է նկարչուհի Ճիւտի Շիքակոյի «Կոչունքով ընթրիք» The Dinner Party գործին մէջ։
  • Յունական «Լուսնին հնազանդեցնող Աղլաոնիքիին նման» ասացուածքին, ուր ընդգծուած է պարծենկոտութիւնը։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]