Jump to content

Ահմատ Նուրիզատէ

Ահմատ Նուրիզատէ
Ծնած է Օգոստոս 1951
Ծննդավայր Պանտար Անզալի, Գիլան, Իրան
Մահացած է 23 Օգոստոս 2021(2021-08-23)
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Մասնագիտութիւն Գրականագէտ, հայագէտ, թարգմանիչ եւ հետազօտող

Ահմատ Նուրիզատէ (Օգոստոս 1951, Պանտար Անզալի, Գիլան, Իրան - 23 Օգոստոս 2021(2021-08-23)), պարսիկ գրող, թարգմանիչ եւ հետազօտող։ Պարսկաստանի մէջ հայագիտութեան ներկայացուցիչներէն մէկը։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պանտար Անզալիի մէջ: Հայերէն սորված է իրանահայ բանաստեղծ Արշի Բաբայեանի մօտ, որմէ ետք հայերէնի իր իմացութիւնը կատարելագործած էր Սպահանի պետական համալսարանի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Խաժակ Տէր Գրիգորեանի մօտ:

1969-1970 թուականներուն ան սկսաւ պարսկերէնի թարգմանել եւ հանրութեան ներկայացնել հայ գրողներու եւ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները:

Նուրիզատէն մեծ սէր տածած է հայութեան, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ու գրականութեան նկատմամբ: Այս նիւթերով ան հեղինակած եւ թարգմանած է 14 գիրք, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը «100 տարուայ հայ պոէզիան» կոթողային աշխատութիւնն է:

Ան այցելած է նաեւ Լիբանան, ուր դասախօսութիւններու շարք մը տուած է Իրանի մէջ հայագիտութեան մասին[1]: Այն շրջագիծին մէջ ան նաեւ այցելութիւն տուած է «Ազդակ», ուր հանդիպում ունեցած է խմբագրական կազմի անդամներուն հետ[2]:

Մատենագիտութիւն[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Խնձորի Այգին, Անձրեւը Եւ Քանի Մը Այլ Պատմութիւններ. Տասնեւհինգ Հռչակաւոր Հայ Հեղինակներու Քսան Կարճ Եւ Երկար Պատմութիւններ» (باغ سیب، باران و چند داستان دیگر: بیست داستان کوتاه و بلند از ۱۵ نویسندهٔ نامدار ارمنی
  • «Աշունը Թռիչքի Մէջ» (پاییز در پرواز)՝ Վարանդ Քորքճեանի գործը։
  • «Պետրոս Առաջին» (پتر اول)՝ Ալեքսէյ Թոլսթոյի գործը։
  • «Հայոց Հարիւրամեայ Բանաստեղծութիւն» (صد سال شعر ارمنی). Հայ աւելի քան եօթանասուն բանաստեղծներու բանաստեղծութիւններու ընտրանի (1369 թ. [1990] Չեշմէ Հրատարակչութիւն, 148 էջանոց նախաբանով՝ Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին)։
  • «Ծովակ» (تسولاک)՝ Ակսել Բակունցի երկար պատմութիւնը։
  • «26 Կոմիսարները Կամ Պաքուի Կոմունան» (۲۶ کمیسر یا کمون باکو)՝ Հրաչեայ Քոչարի գործը։
  • «Կարմիր Երգեր» (سرودهای سرخ)՝ Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններու ժողովածու։
  • «Ա՜յ Հայրենիք, Ա՜յ Հայրենիք» (آی وطن! آی وطن!)՝ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններու եւ պատմուածքներու ժողովածու։
  • «Կապոյտ Սիրայիններ» (عاشقانه‌های آبی)՝ Վահագն Դաւթեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածու։
  • «Ամալեա» (آمالیا)՝ Նար-Դոսի վէպը։

Հեղինակային Գործեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Հայաստանի Պատմութիւն Եւ Մշակոյթ. Ուսումնասիրութիւն Հայաստան Երկրի Պատմութեան Եւ Մշակոյթի Վերաբերեալ» (تاریخ و فرهنگ ارمنستان: پژوهشی بر تاریخ و فرهنگ کشور ارمنستان
  • «Ողջո՜յն Ձեզ, Հա՛յեր» (سلام بر شما ارمنی‌ها: مجموعه شعرهای ارمنی)՝ Հայկական բանաստեղծութիւններու ժողովածու։
  • «Միայնութեան Եւ Երազներու Գիշերը» (در شب تنهایی و رؤیاها: مجموعه شعرهای ارمنی)՝ Հայկական բանաստեղծութիւններու ժողովածու։
  • «Թող Յասմիկները Բոյր Տարածեն» (رازقی‌ها بگذار عطر بفشانند: مجموعه شعرهای فارسی)՝ Պարսկերէն բանաստեղծութիւններու ժողովածու։
  • «Միայնութեան Գիշերը Եւ Աշխարհի Ձմեռը» (در شب تنهایی و زمستان جهان: مجموعه شعرهای فارسی)՝ Պարսկերէն բանաստեղծութիւններու ժողովածու։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]