Ակիսդրի (յուն․՝ Αγκίστρι), Սարոնիքոս ծոցի կղզի։ Կը գտնուի Էղինայի նաւահանգիստէն 3,5 քլ․ հարաւ-արեւմուտք։ Կղզին ամենօրեայ եւ յաճախակի հերթականութեամբ Փիրէային եւ Էղինային հետ կապուած է։
Ակիսդրի կղզիին տարածութիւնն է 11,97 քլ²․ եւ ծովու մակերեսէն բարձրութիւնն է 294 մ․։ Մնայուն բնակչութիւնը կը հաշուէ 1 142 հոգի, իսկ ամառը կը հասնի 5 000։ Կը պատկանի Ատիկէ նահանգին։ Կղզին ծածկուած է շոճիի անտառներով։
Կղզին ունի 4 գիւղեր՝ Մեղալոհորի կամ Միլոս (կղզիին հորան՝ գլխաւոր քաղաքը, ուր Փիրէայէն եկող արագընթաց նաւերը կ՛ եզերեն), Սքալա բնական նաւահանգիստը, ուր Էղինայէն եւ Փիրէայիէն անցանաւերն ու նաւերը կ՛ եզերին, Լիմենարիա եւ Մեթոհի։
Հին արձանագրութիւններուն մէջ, Փլինիոս, Թուքիտիտիս եւ Տիոտորոս, Ակիսդրին կը կոչեն Քեքլիֆալիա (այսինքն՝ զարդարուած գլուխ)։ Հակառակ անոր թէ տակաւին հնագիտական պեղումներ չեն կատարուած կղզիին արեւմտեան ափին, նշմարելի են ծովուն սուզուած հին աւերակներ եւ նախապատմական շրջանի յուշարձաններ։
Ակիսդրի քաղաքապետութիւնը կը կազմուի 1835-ին եւ Ատիկէ ու Վիոթիա նահանգին մաս կազմած է, սակայն 1912-ին համայնքի կը վերածուի։ 2011-ին կրկին քաղաքապետութիւն կը դառնայ եւ կ՛ ընդգրկէ Մեղալոհորի, Սքալա, Լիմենարիա եւ Մեթոհի բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ Մեթոփի, Տորուսա, Քիրա, Սփալաթրոնիսի եւ Ափոնիսիս ժայռակղզիները։