Ալ-Այն
Արտաքին տեսք
Ալ-Այն (արաբ. العين, "աղբիւր") -[1] բնակչութեամբ 4-րդ քաղաքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։ Կը գտնուի Ապու Տապիի Էմիրութեան մէջ, մայրաքաղաքէն 148 քմ. դէպի արեւելք, Օմանի սահմանին վրայ, Պուրէյմի ովասիսի շրջանին մէջ։ ԱՄԷ-ու միակ մեծ քաղաքն է, որ կը գտնուի ծովէն բաւական հեռու։ Ըստ 2005-ի տուեալներուն, բնակչութեան թիւը 422.000 է։ ԱՄԷ-ու 4-րդ, իսկ Ապու Տապիի Էմիրութեան 2-րդ քաղաքն է։ Ալ-Այնի մէջ ծնած է երկրին առաջին նախագահ եւ Ապու Տապիի ղեկավար Շէյխ Զայիտ իպն Սուլթանը։ Քաղաքին գեղատեսիլ վայրերուն կը պատկանին կենդանաբանական այգին, «Fun City»-ին, պատմական թանգարանները, բազմաթիւ այգիներ, հանգիստի գօտիներ, ներառեալ Ժապալ Հաֆիզ սարը, որու ստորոտին տեղակայուած են հանքային ջուրերու աղբիւրներ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Al Ain»։ The Report Abu Dhabi 2010։ Oxford Business Group։ 2010։ էջ 171։ ISBN 978-1-9070-6521-7(անգլերէն)