Jump to content

Ալիս Կլաւեան

Ալիս Կլաւեան-Օսապաշեան
Ծնած է 1913
Ծննդավայր Պուլկարիա
Քաղաքացիութիւն Պուլկարացի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ

Ալիս Կլաւեան-Օսապաշեան (1913)

Ալիս Օսապաշեան երիտասարդ տարիքէն սիրած է գիրն ու գիրքը, եւ նուիրուած՝ ստեղծագործական աշխատանքի։

Ծնած է Պուլկարիա: Աւարտած է Բլովտիվի աղջկանց լիսէն եւ ապա պաշտօնավարած՝ որպէս պուլկարերէնի ուսուցչուհի։ Եղած է թարգման Սոֆիայի պետական հրատարակչատան մօտ։ Աշխատակցած է հայ եւ պուլկար թերթերու եւ հանդէսներու։

1959-ին պուլկարերէնի թարգմանած է Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնները։

1966-ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Ֆիլատելֆիա։ Շուտով անգլերէն լեզուին տիրանալով կը գրէ իր բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը «Songs For You» (1979)։ Ապա անգլերէնի կը թարգմանէ Սիլվա Կապուտիկեանի քերթուածները. «Lyrical Poetry of Sylva Gaboudigian» խորագրով, (1981) որ կ՚արժանանայ բացառիկ գնահատանքի, յայտնի գրաքննադատներու կողմէ։

Ապա կը հաստատուի Լոս Անճելըս եւ կը հրատարակէ հայերէն բանաստեղծութեան հետեւեալ գիրքերը.

Կարօտի Յուշեր (1987), Բաց Պատուհանէս (1988), եւ Աշնան Ծաղիկներ (1990)։

Գրած է նաեւ թատրերգութիւն մը, «Հայկական Հիւրասիրութիւն», որ բեմադրուած է Ֆիլատելֆիոյ եւ Նիւ Եորքի մէջ։

Իրեն ի պատիւ սարքուած են գրական երեկոյթներ։ Առաջինը՝ գինեձօն-ճաշկերոյթ մըն էր, որ տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Հայ-Ամերիկեան Թատերա-երաժշտական Միութեան, իր՝ «Կարօտի Յուշեր» գիրքին լոյս ընծայման առթիւ, 1987-ին։ Երկրորդը կայացաւ Իրանահայ Միութեան սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ «Նաւասարդ»ի Տիկնանց Մարմնին, 1988-ին: Երրորդը կազմակերպուած էր Հ.Մ.Մ. Տիկնանց Վարչութեան կողմէ, Սողանալեան սրահին մէջ, 1989-ին, Լավերն գոլէճի մէջ, հովանաւորութեամբ Տօքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ կազմակերպութեամբ գոլէճին Տիկնանց Միութեան, 1990-ին։

Իր անունը արձանագրուած է "Who's Who in Professional and Executive Women" հատորին 1989-ի հրատարակութեան մէջ։

Երկու անգամ այցելած է Հայաստան, ուր Եղիշէ Զարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին մէջ հիմնուած է Ալիս Օտապաշեանի ֆոնտը։

Հրաւիրուած է համալսարաններէ եւ գրական շրջանակներէ եւ ասմունքի ելոյթներով ներկայացած։

Ա. Օսապաշեանի բանաստեղծութեանց գրքոյկները կը պարունակեն քնարական քերթուածներ, նուիրուած բնութեան, Հայրենիքին ու մարդկութեան։ Իր հոգեկան հարազատ ապրումները կու տայ պարզ եւ գունագեղ ոճով մը։

Լաւատես է ան կեանքի դժուարութիւններուն եւ տխուր երեւոյթներուն հանդէպ։[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։