Jump to content

Ալեքսան Արզուեան

Ալեքսան Արզուեան
Ծնած է 1874
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան

Արզուեան Ալեքսան (Վահէ), բնիկ Կեսարացի ծնած 1874-ին, աշակերտ Պոլսոյ Կեդրոնականի, Նանիս կ’երթայ մեքենական նորահնար արօրներ շինող Տօմալի գործարանը աշխատելու, յետոյ Թուրքիա դառնալով աշխատած է որ գիւղացիութիւնը այդ արօրները գործածէ:

1895-ին Պապ-Ալիի ցոյցին մէջ կարեւոր դեր կատարած էր: 1896էն ետք Լոնտոն անցած է:

Վահէ Արզուեան 1898-ին Ամերիկա կը մեկնի ընկերներու պնդումով, քաղաքէ քաղաք պտտելով կը կազմակերպէ Ամերիկայի մասնաճիւղերը եւ բուն հիմնադիրը կ’ըլլայ Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութեան: Քիչ ետք Եգիպտոս կ’երթայ քանի մը գործիչներով, նպատակ ունենալով Կիպրոսի ճամբով Կիլիկիա անցնիլ: Հնչակեան բաժանումէն ետք Աղեքսանդրիա երթալով՝ հարուստ հայերու կը դիմէ կուսակցութեան նպաստելու։ Բոլորն ալ կը սատարեն, Վահէի անձին հմայուած կամ վախի ազդեցութեամբ:

Արզուեան հիւանդ էր, թոքախտ ամբողջութեամբ չէր սպիացած: Արզուեան որ կուսակցութիւնը իր կամքին ուժովը փրկած էր Ամերիկա, Եգիպտոսի մէջ իր շուրջ հաւաքելով իսկապէս եզական ուժեր, չէր նշմարած թէ՝ անոնց մէկ մասը իր դէմ կը դառնար, եւ քայքայումը չէր կրնար ուշանալ։ Միակ կուսակցութիւնը որ կրնար թումբ կանգնիլ 1908-ի հայկական յիմարութեան առջեւ, դադրած էր այժմ ուժ մը ներկայացնելէ, իբր հետեւանք Արզուեանի կամակորութեան:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 270: