Jump to content

Ալեքսանտր Միասնիկեանի Հրապարակ (Երեւան)

Ալեքսանտր Միասնիկեանի յուշարձանը, քանդ.` Արա Շիրազ, ճարտ.` Ճիմ Թորոսեան, 1980 թ.

Ալեքսանտր Միասնիկեանի հրապարակ, կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանը:

Ալեքսանտր Միասնիկեանի անուան հրապարակը Երեւանի բոլոր յատակագծերով` սկսած դեռեւս ակադէմիկոս Ալեքսանտր Թամանեանէն, նախատեսուած է ըլլալ իբրեւ հրապարակ, սակայն ձեւաւորուած է աւելի ուշ։ 2004-ին աւարտած է Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքի շինարարութիւնը, որմէ ետք հաստատուած է հրապարակի քաղաքաշինական համակցութիւնը: Վերջինիս հիմնական սկզբունքը այն է, որ հրապարակին յարող քաղաքաշինական կառոյցը պէտք է ըլլայ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը։ Այնուհետեւ քաղաքապետարանի շէնքի դիմաց կառուցուած է Մոսկուայի տունը (2005), եւ Միասնիկեանի հրապարակի կառուցապատմամբ Երեւանը ունեցած է ոչ միայն ժամանակակից հրապարակ, այլ նաեւ նոր փողոցային ցանց` Արգիշտիի եւ Իտալիայի փողոցներով[1]։

Միասնիկեանի հրապարակի քաղաքաշինական համակցութեան հեղինակը ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեանն է, որ նաեւ Մոսկուայի տան ճարտարապետն է։ Հրապարակը կը յարի Երեւանի բերդի նախկին տարածքին[1]։

Հրապարակը կ'ամբողջացնէ ուղղանկիւն պատուանդանի վրայ ողջ հասակով կանգնած խորհրդային պետական, կուսակցական եւ ռազմական գործիչ, գրականագէտ Ալեքսանտր Միասնիկեանի վարդագոյն կրանիտէ կերտուած արձանը: Յուշարձանի հեղինակներն են ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանը եւ քանդակագործ Արա Շիրազը (1980)։ Յուշարձանի հետեւամասը գտնուող այգին Երեւանի՝ 2800-ամեակի առթիւ բարեկարգուած է «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամի կողմէ[2]:

Իշխանափոխութիւն պահանջող ցուցարարներու բազմութիւնը 2008-ին Ալեքսանտր Միասնիկեանի հրապարակը, Զինուած ոստիկանութիւնը կը պաշտպանէ հրապարակի հարաւային մուտքը 01.01.2008

1 Մարտ 2008-ի իրադարձութիւններէն ետք քաղաքացիները, քաղաքական ուժերը Մարտի 1-ին կ'այցելեն Միասնիկեանի արձանի տարածք՝ յարգանքի տուրք մատուցելու նոյն վայրին մէջ զոհուածներու յիշատակին[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]