Մարտ 1-ի Իրադարձութիւններ

Ոստիկանական ստորաբաժանումը կը հետապնդէ իշխանափոխութիւն պահանջող ցուցարարներու բազմութիւնը

2008-ին Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու բողոքարկին, իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են 2008 թ. Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն ետք Երեւանի մէջ։ Շարք մը բողոքի գործողութիւններ եւ հանրահաւաքներ, որոնք սկած են 19 Փետրուար 2008-էն ետք։ Բողոքները ուղղուած էին ընտրութիւններու ընթացքին նկատուած խախտումներուն դէմ եւ կազմակերպուած էին նախագահի թեկնածու, Հայաստանի հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմնակիցներու կողմէ։ Քաղաք բերուած ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած բախման արդիւնքով զոհուեցաւ 10[1] եւ վիրաւորուեցաւ մօտ 300 մարդ։

Human Rights Watch-ը դատապարտած է հայկական իշխանութիւններուն խաղաղ ցուցարարներու դէմ ուժի եւ բռնութեան օգտագործման համար[2], ովքեր կը գտնուէին վրանային ճամբարի մէջ, Ազատութեան հրապարակը։

Ժամանակագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բողոքի գործողութիւնները սկսան 20 Փետրուարին՝ համախմբելով ընդդիմութեան շուրջ 25000 համակիրներու։ Տէր-Պետրոսեանը կը պնդէր, որ բանակը դուրս չգայ ժողովուրդին դէմ՝ վկայակոչելով այն փաստը, որ ինքը աջակցութիւն կը ստանայ պաշտպանութեան երկու փոխնախարարներէն։ 21 Փետրուարին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի երկու ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ յայտարարեցին, որ իրենք չեն ընդունիր արդիւնքները։ Մէկ օր ետք իր հրաժարականը ներկայացուց ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ներկայացուցիչ Վահան Հովհաննիսեանը` իր որոշումը հիմնաւորելով ընտրական գործընթացի հանդէպ անվստահութեամբ եւ նշելով, որ կեղծարարութիւններու համակարգը ներդրուած է դեռեւս 1996-ին` Տէր-Պետրոսեանի իշխանութեան օրօք։ Բողոքի գործողութիւնները շարունակուեցան 22 Փետրուարին։ Գագիկ Ճհանկիրեանը, որ այն ժամանակ գլխաւոր դատախազի տեղակալ էր, դատապարտեց ընտրութիւնները՝ կոչ անելով ժողովուրդին անյապաղ միջոցներ ձեռնարկած իր քուէները պաշտպանելու համար։ Գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի խօսնակը այնուհետեւ դիմեց նախագահի լիազօրութիւնները դեռեւս վայր չդրած Ռոպերտ Քոչարեաինին Ճհանկիրեանին պաշտօնէն ազատելու կոչով՝ վկայակոչելով օրէնսդրական այն պահանջը, որ դատախազներուն արգիլած է անդամակցիլ քաղաքական կուսակցութիւններու կամ որեւէ այլ կերպ մասնակցութիւն ունենալ քաղաքական գործընթացներուն։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Տէր-Պետրոսեանի պնդումն առ այն, որ երկու փոխնախարարները խոստացած են թոյլ չտալ բանակի միջամտութիւնը բողոքի ցոյցերուն, սակայն Երկրապահ կամաւորներու միութիւնը կը շարունակէր վիճարկել այդ հարցը։ Ցոյցերը կը շարունակուէին առանց պաշտօնական թոյլտուութեան։ Ընդդիմութիւնը կը շարունակէր պնդել, որ ընտրութիւնները անցկացուած են զանգուածային խախտումներով։ Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեանը (Հ1) կը քննադատէին բողոքի ցոյցերը ամբողջապէս չլուսաբանելու համար։

22 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններու՝ ցոյցերու երրորդ օրը հրապարակում ներկայ էր 30,000 մարդ։ Սերժ Սարգսեանը բողոքի գործողութիւնները կը համարէր շանտաժ՝ սպառնալով կիրառել ուժ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք կը խախտեն օրէնքը։ Նախկին արտգործնախարար Ալեքսանտր Արզումանեանը, որ այն ժամանակ կը ներկայացնէր ընդդիմադիր ճամբարը, կը պնդէր, որ իշխանութիւնները բաւականաչափ համարձակութիւն չունին՝ ցոյցերը ցրելու համար։ 23 Փետրուարին ցուցարարներու թիւը հասաւ 50,000-ի։ Քոչարեանը ընդդիմութեան կը մեղադրէր իշխանութիւնը զաւթելու փորձերու մէջ եւ կոչ կ՛ընէր գործող կառավարութեան ձեռնարկել համապատասխան միջոցներ՝ կարգ ու կանոն պահպանելու համար։ Ոստիկանութիւնը միեւնոյն ժամանակ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով "ձեռնարկել վճռական գործողութիւններ հասարակական կարգ ու կանոնը խախտելու եւ իրավիճակը ապակայունացնելու բոլոր փորձերու դէմ եւ կանխել ծայրայեղական ցանկացած դրսեւորում մարդկանց սահմանադրական իրաւունքները պաշտպանելու համար"։ Յայտարարութիւնը կը հերքուէին ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանի հրաժարականի մասին շրջանառուող լուրերը։

23 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոպերտ Քոչարեանի հրամանով պաշտօնէն ազատուեցաւ գլխաւոր դատախազի տեղակալ Գագիկ Ճհանկիրեանը։ 27 Փետրուարին անոր ձերբակալեցին՝ ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 235-րդ յօդուածի 1-ին մասով սահմանուած մեղադրանքներու յատկանիշներով (Ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը)։

25 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

25 Փետրուարին 40-էն 50 հազարանոց մարդկանց բազմութիւնը շարժուեցաւ դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր քանի մը անգամ խաղաղ հանրահաւաք կազմակերպելու հրապարակային կոչերոով հանդէս եկաւ Լ. Տէր-Պետրոսեանը։ Վերջինս իր ելոյթներուն կը վկայակոչէր 1980-ականներու վերջերը, երբ խորհրդային իշխանութիւնները ձերբակալեցին իր գլխաւորած Ղարաբաղ կոմիտէի անդամներուն։ Առաջին նախագահն կ՛ըսէր, որ չի վախնար ձերբակալութիւնէն կամ քաղաքական սպանութիւնէն, եւ եթէ իշխող քաղաքական ուժի՝ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատուէրով իրեն ոչնչացնեն, այդ միայն կը նպաստէ տուեալ քաղաքական կառոյցի արագ ոչնչացման։ Նոյն օրը երկու անգամ ելոյթ ունեցաւ ֆրանսայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Սարգիս Հացպանեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայերու մասնակցութեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխական շարժումներուն։ Կէսգիշերուան մօտ ցուցարարներու թիւը հասած էր 10-էն 15 հազարի. անոնցմէ ոմանք գիշերը անցուցին վրաններու մէջ։

26 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

26 Փետրուարին լուրեր տարածուեցոն, որ հանրակրթական դպրոցներու տնօրէնները իշխող կուսակցութիւնէն հրահանգ ստացած են մասնակցիլ նորընտիր նախագահի թիմակիցներու կողմից Հանրապետութեան հրապարակին մէջ կազմակերպուելիք ցոյցին։ Առաւօտեան արդէն արգելափակուած էին ելեկտրոնային նամակներ սպասարկող շարք մը կայքեր (անոնցմէ՝Hotmail, Gmail եւն)։ Նոյն օրը ձերբակալուեցան Տէր-Պետրոսեանի շարք մը կողմնակիցներ, որոնք կը վայելէին հասարակական լայն ճանաչում։ Ըստ հաղորդուող տուեալներու՝ իշխանամէտ ճամբարի կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին մասնակցածլ է շուրջ 100.000 մարդ։ Առաջին նախագահի պնդմամբ՝ իր հանրահաւաքին մասնակցողներու թիւը կրկնապատկուած էր, քանի Հանրապետականի հանրահաւաքի շատ մասնակիցներ հեռացած են այնտեղէն՝ ներկայ գտնուելու իր կազմակերպած միջոցառման։ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն (ԱԱԾ) այդ ընթացքին կը պնդէր, որ կարողացած է կանխել ընդդիմութեան կողմէ Երեւանի հեռուստատեսային աշտարակը գրաւելու փորձերը։ Ըստ անոր՝ նման դաւադրութեան նպատակը եղած է՝ Տէր-Պետրոսեանին ուղիղ եթեր տրամադրելը։ Սակայն այդ տեղեկութիւնները յետագային հերքուեցան ընդդիմութեան մամուլի քարտուղարի կողմէ, որ արուած յայտարարութիւնը որակեց որպէս հոգեբանական ճնշում։ Գործող նախագահ Ռոպերտ Քոչարեանը այդ օրը ակնարկեց, որ իր կառավարութեան համբերութեան բաժակը կրնայ լեցուիլ եւ կոչ ըրաւ ցուցարարներուն խելքի գալ։

27 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

27 Փետրուարին Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ յայտնուած էին աւելի մեծ թիւով ցուցարարներ։ Երեկոյեան անոնց թիւը նորէն հասած էր տասնեակ հազարներու. շատցած էին նաեւ վրանները։ Բազմութիւնը լի էր բնակչութեան ամենատարբեր շերտերը ներկայացնող մարդոցմով գիւղացիներով, ուսանողներով, երեխայ ունեցող ընտանիքներով, պետական համակարգին մէջ աշխատող անձերով, ինչպէս նաեւ՝ ընդդիմադիր ուժերու առաջնորդերով։ Առաւօտեան ժամը 11։30-ի սահմաններուն ցուցարարները ներխուժեցին Ազատութեան հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող "Կարապի լիճ" սրճարան։ ԱԱԾ-ը յետագային խոստովանեցաւ, որ ընդդիմադիր առաջնորդներուին բռնութիւններու հրահրողները եղած են իր աշխատակիցները։ Քաղաքացիական հագուստով ոստիկանները (որոնց թիւը 1։3-ի յարաբերակցութեամբ կը գերազանցէր համազգեստ կրող ոստիկաններուն եւ զինուորականներուն) թոյլ չէին տար, որ լրագրողները լուսանկարեն տարածքը։ Սակայն ի հեճուկս դիմադրութիւններու (անձնական անվտանգութեան հասցէին հնչեցուած եւ տեսախցիկները կոտրելու սպառնալիքներուն), վերջիններէն ոմանք կրցան հասնիլ իրենց նպատակին։ Ցոյցը այնուհետեւ շարունակուեցաւ առանց միջադէպերու։

28 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

28 Փետրուարի վաղ առաւօտեան Ազատութեան հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող փողոցները շրջափակուած էին ոստիկանութեան մեքենաներով, որ անհնարին կը դարձնէր մեքենաներ կայանելը, ինչպէս նաեւ ուղեւորներ վերցնելը եւ իջեցնելը։

29 Փետրուար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

29 Փետրուար գիշերը Ազատութեան հրապարակի վրաններու թիւը հասած էր 132-ի. շուրջօրեայ ցոյցերը կը շարունակուէին։ Ցերեկը կազմակերպուած երթին մասնակցած էր շուրջ 100 հազար մարդ։

1 Մարտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԽՍՀՄ արտադրութեան ԲՄՊ զրահամեքենա, որ Ռ․Քոչարեանի հրամանով Երեւան մտած է ցուցարարներուն ցրելու համար[3]
Իշխանափոխութիւն պահանջող ցուցարարներու բազմութիւնը Ս․Շահումեանի հրապարակին մէջ

1 Մարտի առաւօտեան ժամը 6։30-ին ՀՀ ՆԳՆ եւ անոնց աջակցող ուժերը, անսպասելիօրէն յարձակում գործելով Ազատութեան հրապարակին մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն վրայ, դաժան կերպով ցրեցին բողոքարարներուն, որոնց թիւը, ըստ հաղորդուող տուեալներու, կը կազմէր 700-1000 մարդ։ Ականատեսներու վկայութեամբ իշխանական ուժերը զէնքեր եւ նռնակներ կը տեղադրէին քնած բողոքարարներուն մօտ, իսկ յետոյ պնդելով, որ կը կանխեն պետական յեղաշրջման փորձ, գրոհել էին ժողովուրդի վրայ։ Ոստիկանութիւնը անցած էր մահակներու ու ելեկտրական հարուած հասցնող սարքերու կիրառման։ Ցուցարարներէն ոմանք ոստիկաններու յարձակման պահուն կրցան փախչիլ։ Տասնեակ անձինք ստացան ծանր վնասուածքներ. աւելի քան 100-ը ձերբակալուեցան։ Վկաներէն մէկը Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան յայտնած էր, որ հրապարակին մէջ իրենց երկու կողմէն մօտեցած են սաղաւարտներով, փլաստիկ վահաններով եւ ռետինէ մահակներով զինուած ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներ։ Վերջիններս, ըստ ականատեսներու, առանց նախազգուշացման սկսած են ցանել ջուր ու իրենց ռետինէ մահակներով ու ելեկտրական հարուած հասցնող սարքերով յարձակած ցուցարարներու վրայ։ Արդէն ժամը 11։00-ին մօտ Ազատութեան հրապարակը ամբողջութեամբ շրջափակուած էր ոստիկաններու կողմէ. տարածքը արեան հետքերէն մաքրելու համար կ՛օգտագործուէին ջուրի մեծ տակառներ (միեւնոյն ժամանակ, ոստիկանութեան յատուկ զօրքերը կ՛ընէին ամէն ինչ՝ անցորդներուն տարածքը լուսանկարել թոյլ չտալու համար)։ Կարապի լիճի սրճարանը չորս կողմէ փակած էին վրանի քաթանով, որպէսզի տեսանելի չըլլայ՝ ինչ կը կատարուի ներսը։ Ըստ շրջանառուող լուրերու՝ ցուցարարներուն ֆիզիկական բռնութեան ենթարկելու համար Հայաստան բերուած էին Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի զօրքեր, քանի որ Երեւանի ոստիկանութիւնը դժկամութիւն յայտնած էր նման գործողութիւններու դիմելու հրահանգին։

Ժամը 11։30-ի սահմաններուն Ազատութեան հրապարակէն մինչեւ Հիւսիսային պողոտայ, այնուհետեւ՝ դէպի Ֆրանսայի դեսպանատուն շարժուեցան շուրջ 1000 խաղաղ ցուցարարներ։ Ցուցարարներէն Հրազդան Քաղաքի բնակիչ Սարօ Վահան Կոստանեանը, շրջանառուող լուրերու համաձայն, ոստիկաններու դաժան ծեծէն կորսնցուցած է աչքի տեսողութիւնը։ 1։30-ին մօտ տարածք բերուեցաւ ոստիկանութեան զրահապատուած անուասայլակը, որու շուրջ հաւաքուեցաւ ահագնացող ժողովուրդը։ Ժամը 2-ին մօտ հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմութիւնը շուրջ 150,000-ով կը գերազանցէր նախորդ օրերուն հաւաքուած բազմութեան։ Ոստիկանութեան յատուկ ծառայողներու թիւը գերազանցած էր 3000-ը։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]