Աթոս լեռ
Աթոս լեռ կամ Աֆոն (յուն․՝ Ἄθως, կամ՝ Άγιο Όρος - «Սուրբ լեռ»), կը գտնուի Խալքիտիքի թերակղզիին արեւելեան կողմը («երրորդ ոտքը»)[1], նեղ ցամաքամասի մը վրայ, որ Եգէական Ծովուն մէջէն դուրս ցցուած է, արդի Սելանիկի ճիշդ արեւելքը։ Անիկա հիւսիսային Յունաստանի մէջ անհարթ հրուանդան մըն է, որ ծովէն ուղղաձիգ կը բարձրանայ՝ հասնելով 2,032 մեթր բարձրութեան։ Ընդհանուր տարածութիւնը՝ 335,637 քմ² է։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին ժամանակներէ ի վեր Աթոս սուրբ վայր մը նկատուած է։ Յունական դիցաբանութեան մէջ անիկա չաստուածներու բնակավայրը եղած է, Օլիմփոս Լեռը անոնց բնակավայրը ըլլալէն առաջ։ Մեծն Կոստանդինէն որոշ ժամանակ մը ետք, Աթոս քրիստոնէական եկեղեցիներուն համար սուրբ վայր մը դարձած է։
Աթոսի անհարթ եւ մեկուսացած բնոյթը խստակեաց կեանք մը վարելու յարմար վայր մըն է։ Դարերու ընթացքին, անիկա Ուղղափառ աշխարհի չորս կողմերէն կրօնասէր մարդիկը հրապուրած է, Յոյներ, Սերպեր, Ռումանացիներ, Պուլկարացիներ, Ռուսեր եւ ուրիշներ՝ որոնք բազմաթիւ վանքեր կառուցանած են, իրենց եկեղեցիներով ու համայնքներով։ Ասոնցմէ 20–ը մինչեւ օրս գոյատեւած են։
Առասպելի մը համաձայն, երբ «կոյս» Մարիամ Յովհաննէս Աւետարանիչի ընկերակցութեամբ Կիպրոս կ’երթար Ղազարոսը այցելելու, անակնկալ ու զօրաւոր փոթորիկի մը բռնուելով Աթոսի վրայ էջք կատարած է։ Լերան գեղեցկութեամբ ապշած, ան Յիսուսէն խնդրած է, որ զայն իրեն տայ[2]։ Աթոս նաեւ ճանչցուեցաւ որպէս «Սուրբ Կոյսին Պարտէզը»։ Բիւզանդական շրջանի կիսուն, դուրս ցցուած ամբողջ ժայռոտ մասը կոչուած է՝ Սուրբ Լեռ։ Այս անուանումը պաշտօնական կերպով որդեգրուեցաւ ու վաւերացուեցաւ Հ.Դ. 1046–ին, Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս Կայսրին վճիռով։
Աթոսը իբրեւ Սուրբ լեռ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրիստոնեայ Ուղղափառ աշխարհի ամենէն սուրբ լեռն է։ Անոնցմէ շատերուն համար, Աթոս «սուրբ լեռ»ը ուխտագնացութիւն մը կատարելը, փափաքելի երազ մըն է։
Կ’ըսուի թէ կրօնական այս վայրը իր «սրբութիւնը» կը պարտի կնոջ մը, սակայն 1,000 տարիէ ի վեր անոր վանականներն ու ճգնաւորները, ամբողջ թերակղզին արգիլուած շրջան յայտարարած են իգական սեռի պատկանող բոլոր արարածներուն՝ մարդոց ու անասուններուն համար, ներքինիները կամ անմօրուքներն ալ ներառեալ։
Վերջին շրջանին, անմօրուք տղամարդոց եւ կարգ մը էգ անասուններու նկատմամբ օրէնքը մեղմացած է, սակայն կիներուն մուտքը տակաւին խստօրէն արգիլուած է Աթոսի ծովեզերքէն մինչեւ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։
Ներկայիս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Աթոսը ինքնավար շրջան դարձած է, 1926–ին վաւերացուած պայմանագրութեամբ մը։ Տարիներ շարունակ անկում արձանագրելէ ետք, հոն բնակող վանականներուն թիւը 2,000–է աւելի է[3]։
Վանքերէն իւրաքանչիւրը իր ուրոյն ագարակներու, մատուռներու, եւ բնակավայրերու ցանցը ունի։ Ճգնաւորներուն ամենահեռաւոր սրբարանը կը գտնուի Գարուլիա բնակավայրին մէջ, Աթոս Լերան գագաթին գլխու պտոյտ պատճառող խարակներուն վրայ թառած։ Հոն, խումբ մը առանձին հիւղակներ կան, որոնց կարելի է հասնիլ միայն խրթին արահետներու, քարէ աստիճաններու եւ շղթաներու միջոցաւ։ Աթոսի վրայ, վանականները կը շարունակեն իրենց վաղեմի առօրեայ սովորական արարողութիւնները կատարել, գործածելով բիւզանդական ժամացոյցը[2]։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Mount Athos Home Page - Athos Map»։ web.archive.org։ 2015-10-01։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-03
- ↑ 2,0 2,1 «Աթոս լեռը՝ «սո՞ւրբ լեռ» է — Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»։ wol.jw.org։ արտագրուած է՝ 2020-07-03
- ↑ «GeoNames.org»։ www.geonames.org։ արտագրուած է՝ 2020-07-03