Jump to content

Ազատութեան Արձանը

(Վերայղուած է Ազատութեան արձան-էն)

Ազատութեան արձանը (անգլերէն՝ Statue of Liberty, լրիւ անունն է՝ Ազատութիւնը, որ աշխարհը կը լուսաւորէ անգլերէն՝ Liberty Enlightening the World, ֆրանսերէն՝ La Liberté éclairant le monde), ԱՄՆ-ի մէջ: Աշխարհի քանդակագործութեան ամէնէն նշանաւոր կոթողներէն մէկը կը համարուի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան այս խորհրդանիշը: Արձանը տեղակայուած է Նիւ Եորքի Մենհեթըն թաղամասէն 3 քմ. դէպի հարաւ-արեւմուտք գտնուող Լիպըրթի Այլընտ կղզիին վրայ։

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, այս իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է 28 Հոկտեմբեր 1886-ին, ի պատիւ Ամերիկայի անկախութեան 100-ամեակին տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ ի նշան երկու պետութիւններուն բարեկամութեան: Նախագիծին հեղինակը ֆրանսական հակաստրկատիրական շարժման ղեկավար Էտուար Ռընէ Լեֆեւ տը Լապուլայէն էր (Édouard René de Laboulaye): Վերջինս 1865-ին կարծիք մը յայտնած է, թէ լաւ կ'ըլլար ամերիկեան անկախութեան նուիրուած յուշարձան մը ստեղծել իբրեւ Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի ժողովուրդներուն համատեղ նախագիծ։

Արձանը ստեղծած է Ֆրետերիք Օկիւսթ Պարթոլտին (ֆրանսերէն՝ Frédéric Auguste Bartholdi):

Արձանին ստեղծման աշխատանքները սկսած են 1875-ին Ֆրանսայի մէջ եւ աւարտած են 1884-ին:

1875-ին Լապուլայէն կ'առաջարկէ, որ Ֆրանսական պետութիւնը նիւթապէս նպաստէ արձանին ստեղծման աշխատանքներուն, իսկ ամերիկացիները տրամադրեն տեղ մը՝ արձանը տեղադրելու համար, ինչպէս նաեւ կառուցեն պատուանդանը։

Արձանին ջահով հատուածը 1876-ին կը ցուցադրուի Ֆիլատելֆիոյ Հարիւրամեայ Ցուցահանդէսին, իսկ 1876-1882 թուականներուն` Նիւ Եորքի «Մետիսոն Սքուեր» այգիին մէջ:

Կը ներկայացնէ պատմուճանով կին մը, որ կը խորհրդանշէ հռոմէական դիցարանի ազատութեան աստուածուհի Լիպերտասը։ Կինը իր աջ ձեռքով վեր պարզած է ջահը, իսկ ձախով սալիկ մը բռնած է, որուն երեսին ԱՄՆ-ի անկախութեան հռչակագիրի ընդունման ամսեթիւը փորագրուած է՝ 4 Յուլիս 1776-ին։ Ոտքերուն քով փշրուած շղթայ մը ինկած է։

Ֆրանսա ստեղծուած ծանր քաղաքական իրավիճակին պատճառով, արձանին ստեղծման աշխատանքները չեն սկսիր մինչեւ 1870-ականները։

5 Օգոստոս 1885-ին կը դրուի Ռիչըրտ Մորիս Հանթի նախագծած պատուանդանին առաջին քարը։

Դրամահաւաքը բաւարար արդիւնք չ'ունենար, մանաւանդ ամերիկացիներուն համար, եւ 1885-ին պատուանդանին կառուցման աշխատանքները կը դադրին նիւթական պատճառներով: «Նիւ Եորք Ուորլտ»ի հրատարակիչ Ժոզէֆ Փուլիձեր կը փորձէ հարցը լուծել նուիրատուներ հայթայթելով: Շարժումը կը համախմբէ 120,000 հովանաւոր, որոնց մեծամասնութիւնը կը նուիրաբերէ մէկ տոլարէն նուազ գումար:

1885-ին անոր 350 մասերը 214 արկղերով ֆրանսական Իզերէ ֆրեկաթով Նիւ Եորք կը հասնին՝ փայտէ մեծ արկղի մը մէջ` կտրել անցնելով ծովեր, կը տեղաւորուի պատուանդանի վրայ, որ այնուհետեւ կը կոչուի Պետլոյի կղզի:

Շինարարութիւնը կ'աւարտի 22 Ապրիլ 1886-ին։

28 Հոկտեմբեր 1886-ին (ամերիկեան յեղափոխութեան հարիւրամեայ տարեդարձէն տասը տարի ուշ) տեղի կ'ունենայ յուշակոթողին հանդիսաւոր բացումը՝ ԱՄՆ նախագահ Կրովըր Քլեվլենտ (Grover Cleveland)ի մասնակցութեամբ։

Մինչեւ 1901 արձանը ԱՄՆ «Լայթհաուս Փորթ»ի հսկողութեան տակ էր, այնուհետեւ`«Department of War»ի:

Մինչեւ 1933 անիկա Ազգային Պարկ ծառայութեան հսկողութեան տակ էր:

1938-ին արձանը կը փակուի վերանորոգման համար[1]:

11 Սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք, արձանը կրկին կը փակուի անվտանգութեան նկատառումներով. պատուանդանին շրջանը կը վերաբացուի 2004-ին, իսկ արձանը՝ 2009-ին, սակայն միայն սահմանափակ քանակով մարդիկ կրնային բարձրանալ մինչեւ թագին հատուածը: Արձանը, ներառեալ պատուանդանը եւ հիմքը, կը փակուին մէկ տարիով մինչեւ 28 Հոկտեմբեր 2012, որպէսզի այլ սանդուխներ եւ յաւելեալ անվտանգութեան սարքաւորումներ կառուցուէին. Ազատութեան կղզին կը մնայ բաց: Այնուամենայնիւ, վերաբացումէն մէկ օր ետք, Ազատութեան կղզին կը փակուի «Սենտի փոթորիկ»ին պատճառով: Արձանն ու կղզին կրկին կը բացուին 4 Յուլիս 2013-ին: Մարդոց ելումուտը դէպի ջահը շրջապատող օթեակը, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, արգիլուած էր 1916-էն սկսեալ:

Աստուածուհին մէկ ոտքով կանգնած է փշրուած շղթաներու վրայ, աջ ձեռքին ունի վեր պարզած ջահ մը, ձախին՝ լատիներէն JULY IV MDCCLXXVI գրութեամբ սալիկ մը, որ ԱՄՆ անկախութեան հռչակագիրը ստորագրելու տարեթիւը կը խորհրդանշէ (4 Յուլիս 1776)։

Սովորաբար լաստանաւով ժամանող այցելուները 356 սանդուխ կը բարձրանան, մինչեւ արձանին պսակը կամ 192 սանդուխ՝ մինչեւ պատուանդանին բարձրակէտը։ Պսակին 25 պատուհան տեղակայուած է, որոնք կը խորհրդանշեն աշխարհը լուսաւորող երկիրին թանկագին քարերն ու երկնային շողերը։ Եօթ շողերը կը խորհրդանշեն եօթ ծովերն ու եօթ ցամաքամասերը ըստ ժամանակի արեւմտեան աշխարհագրութեան աւանդոյթին։

Արձանին պողպատեայ կմախքին կշիռքն է 125 թոն, 2,57 մ.մ. հաստութեամբ: Պղնձեայ թիթեղներուն ընդհանուր ծանրութիւնն է 31 թոն։ Պատուանդանին հիմքէն մինչեւ ջահին ծայրը հեռաւորութիւնը 93 մեթր է, բուն արձանին բարձրութիւնը՝ 46 մեթր։

Արձանին պսակի եւ ջահի վրայի հարթակներէն կը բացուի Նիւ Եորքի ծովային համայնապատկերը։ Պատուանդանէն ներս արձանին պատմութեան ցուցահանդէս-թանգարանը զետեղուած է։

Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանին քիթը մօտաւորապէս 1,5 մեթր երկարութիւն ունի[2]։ աչքերը ՝ 0,76 մ, ձեռքերը ՝ 12,8 մեթր, իւրաքանչիւր ձեռքին երկարութիւնը՝ 5 մ: Ափսէին չափը՝ 7,19 մ:

Արձանին Ստեղծումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Էտուար Մորանի Աշխարհը լուսաւորող Ազատութեան արձանի բացումը (1886)։

Ըստ աւանդութեան, արձանին ստեղծման համար իբրեւ բնորդուհի ծառայած է կարի մեքենաներ արտադրող Այզեք Զինկերի այրին՝ ֆրանսուհի Իզապելլա Պոյերը։ Արձանին պողպատեայ շրջանակին կառուցման կմախքը պատրաստելու համար Ֆրետերիք Պարթոլտ Կիւսթաւ Էյֆելին դիմած է[3][4], որ հետագային պիտի դառնար աշխարհին նշանաւոր Էյֆելեան աշտարակին հեղինակը։ Հետագային գործը կը շարունակէ անոր օգնականներէն մէկը՝ ճարտարապետ Մորիս Կեչլինը:

Ազատութեան արձանը սկիզբը ծանօթ էր իբրեւ «Աշխարհը լուսաւորող ազատութիւն»: Սկիզբը կը նախատեսուէր հողագործի տեսքով յուշարձան մը տեղադրել`փոխարէնը ջահը ձեռքին: Կ'ենթադրուի, որ հաստատման վայրը պէտք էր ըլլար Եգիպտոսի տարածքը՝ Սուէզի ջրանցքին մուտքին մօտ: Եգիպտոսի կառավարութեան կտրուկ փոխուած ծրագիրները կը կանխեն այդ մէկը[5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ազատութեան արձանը
  2. Ազատութեան արձան
  3. «La tour a vu le jour à Levallois»։ Le Parisien (ֆրանսերեն)։ April 30, 2004։ արտագրուած է՝ December 8, 2012 
  4. «STRUCTUREmag – Structural Engineering Magazine, Tradeshow: Joachim Gotsche Giaver»։ archive.org։ November 27, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 27, 2012-ին 
  5. «Աշխարհը լուսաւորող ազատութիւն»