Էմոճինճափոնական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «պատկեր» (է) + «գիր» (մոճի):
Ծագումով անոնք կը ներկայացնէին ելեկտրոնային հաղորդագրութիւններուն եւ ճափոնական կայքէջերուն վրայ երեւցող փոքրիկ պատկերները: Ապա այս պատկերները կը տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ[1]:
Այբուբենի մը նման, իւրաքանչիւր էմոճի կը համապատասխանէ համակարգչային ծածկագրուածի մը (քոտ), փոինթ քոտի օրինակի համար` ժպտուն երեսի քոտը U+1F600 է: Այս գրութեան ձեւն է, որ կարելիութիւն կու տայ ամէն տեսակի համակարգիչներու եւ բջիջային հեռաձայններու նոյն էմոճիները ունենալու եւ ցուցադրելու:
1991 թուականէն ի վեր «Քոնսորթիոմ քոնիքոտ» անունով ընկերակցութիւնն է, որ կ'ուսումնասիրէ բոլոր առաջարկները եւ կ'որոշէ նոր էմոճիներու պատկերները: Այս ընկերակցութեան մաս կը կազմեն տարբեր հաստատութիւններէ անդամներ, որոնք մեծ դեր կը խաղան նոր արհեստագիտութեան զարգացման մարզին մէջ, ինչպէս` Ֆէյսպուք, Մայքրոսոֆթ, Կուկըլ, Հուաուէյ, Թուիթթըր… Ներկայացուցիչները տարուան ընթացքին բազմաթիւ ժողովներ կը գումարեն եւ տարին մէկ անգամ այս պատկերներով լեզուին նոր տարբերակը կը յայտնաբերեն:
Ոեւէ մէկը կրնայ առաջարկ մը ներկայացնել, սակայն անոր պէտք է ընկերանան շատ հաստատ եւ համոզիչ փաստեր: Ներկայի բոլոր էմոճիները ունին հասարակաց կէտ մը: Անոնք շատ խիստ եւ մանրամասն քննութեան ենթարկուած են` վստահ ըլլալու, թէ անոնք հասկնալի կրնան ըլլալ բոլորին կողմէ[2]:
17 Յուլիսը «Էմոճիներու միջազգային օր» է: Այս թուականը ընտրուած է պարզապէս, որովհետեւ այս օրն է, որ կ'երեւի «օրացոյց էմոճիին» վրայ:
Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, աշխարհի շուրջ օրական աւելի քան 6 միլիառ էմոճիներ կը ղրկուին:
Կարգ մը մասնագէտներ կը հաստատեն, թէ առաջին էմոճին յայտնաբերուած է բանաստեղծութեան մը վերջաւորութեան, 1648-ին:
Թէեւ էմոճիները յայտնուած են 1990-ական թուականներուն վերջաւորութեան, սակայն անոնց «նախահայրերը»` էմոթիքոններուն մեծ մասը, արդէն Ճափոնի մէջ կը գործածուէր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին` 1982-ի շուրջ:
2020 -ին 117 նոր էմոճիներ լոյս տեսած են, եւ էմոճիներու ընդհանուր թիւը հասած է 3304-ի:
2021-ին, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, միայն 5 նոր էմոճիներ լոյս տեսած են` յոգնութենէն փչող դէմք մը, ամպերուն մէջ կորսուած դէմք մը (շփոթ), պարուրաձեւ աչքերով դէմք մը (յոգնութիւն, գլխապտոյտ), վիրակապով կոտրտուած սիրտ մը եւ բռնկող սիրտ մը: