ՔՕՓ 21

ՔՕՓ 21

ՔՕՓ 21, մեծ խորհրդաժողով, որ տեղի ունեցած է Փարիզի մէջ՝ խօսելու կլիմայի ջերմացման հետ կապուած հարցերուն մասին:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէն տարի մասնագէտներ եւ տարբեր երկիրներու ղեկավարներ կը հաւաքուին խօսելու համար կլիմայի եւ մոլորակին օդին ջերմանալուն հետ կապուած հարցերուն մասին:

Առաջին խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է Պերլինի մէջ, Գերմանիա, 1995-ին:

2015-ին Ֆրանսան՝ Փարիզի մէջ, հիւրընկալած է այս ժողովը, 30 Նոյեմբերէն[1] 11 Դեկտեմբեր: Անիկա եղած է կլիմային յատկացուած 31-րդ խորհրդաժողովը: Այդ պատճառով է, որ ան 21 թիւը կը պարունակէ իր անուան մէջ: Իսկ երեք գիրերը` ՔՕՓ, եկած են անգլերէն «Քոնֆըրընս օֆ տը Փարթիզ» նախադասութենէն[2]:

Մասնակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը մասնակցին բոլոր այն պետութիւնները, որոնք Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մօտ ընդունած են կլիմայի ջերմացման դէմ պայքարիլ: Այդ 195 երկիրներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գիտնականներ, կլիմայի մասնագէտներ, կազմակերպութիւններ եւ քաղաքացիներ կը մասնակցին ժողովներուն:

Ընդամէնը 40 հազար հոգի ներկայ եղած է Պուրժէի մէջ[1][3], ուր տեղի ունենցած է խորհրդաժողովը:

Թիրախներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորհրդաժողովին նպատակը եղած է լուծումներ գտնել Աշխարհ մոլորակին ջերմաստիճանի բարձրացումը միայն 2 աստիճան սելսիուսի վրայ պահելու համար մինչեւ 2100 թուականը:

ՔՕՓ 21-ին մասնակցող երկիրները պէտք է համաձայնին եւ գործադրեն Խորհրդաժողովին որոշումները:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 «France confirmed as host of 2015 Climate Conference»։ Ministry of Foreign Affairs։ 22 November 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 February 2014-ին։ արտագրուած է՝ 31 January 2014 
  2. «Ո՞վ Կ՛որոշէ Նոպէլեան Մրցանակ Ստացողները»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-10-24։ արտագրուած է՝ 2021-07-26 
  3. «Status of Ratification of the Convention»։ United Nations Framework Convention on Climate Change։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 November 2012-ին։ արտագրուած է՝ 15 December 2015