«Վահան Ուզունեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ

{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն = Վահան Ուզունեան
| անուն ազգանուն = Վահան Ուզունեան
| բնագիր ԱԱՀ =
| բնագիր ԱԱՀ =
Տող 33. Տող 32.
{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|էջ}}<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|497}}</ref>
{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|էջ}}<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|497}}</ref>
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{Ծնթ․ցանկ}}


{{DEFAULTSORT:Ուզունեան, Վահան}}
{{DEFAULTSORT:Ուզունեան, Վահան}}

14:17, 24 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Վահան Ուզունեան
Ծնած է 1874
Ծննդավայր Չմշկածաքի Մամաս գիւղ
Մահացած է 1949 Յունուար 29ին
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Ազդած է արաբախօս հայերուն
Երեխաներ Պարոյր, Երուանդ

Վահան Ուզունեան, Չմշկածաքի Մամաս գիւղէն, ուր ծնած է 1874ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած Միացեալ Ընկերութեան իր գիւղի վարժարանին մէջ եւ անմիջապէս դասաւանդած միեւնոյն վարժարանին մէջ։

Շրջանաւարտ Պոլսոյ Կեդրոնականէն։ 1900ին թրքական հալածանքներու պատճառաւ Վահան Ուղունեան հեռացաւ իր գիւղէն եւ ի վերջոյ 1904ին հաստատուեցաւ Լաթաքիա։ Իր այս երկրորդ կեանքը եղաւ օգտակար ու գործունեայ թէ՛ որպէս ուսուցիչ թէ իբր տեսուչ Երուսաղէմի Պատրիաքութեան պատկանած վանքին կալուածներուն, եւ թէ Լաթաքիոյ շրջանի արաբախօս հայերուն մէջ ազգային գիտակցութիւն ներշնչելով։ Իր այս գնահատելի գործին համար Սահակ Կաթողիկոսէն ստացած է օրհնութեան կոնդակներ։ 1910ին վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ, ուր ազգային կեանքին բերած է իր գործակցութիւնը։ Մասնակցած է Սբ. Նշան եկեղեցիի շինութեան եւ երկար տարիներ եղած է հոգաբարձու։ Նմանապէս եղած է անդամ Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներու։ 1918ին Վահան Ուղունեան նուիրուեցաւ հասնող գաղթականներու տեղաւորման գործին, կապ պահելով Հայկական Լեղէոնի հետ որ Պէյրութ կը գտնուէր եւ Դաշնակիցներու առաջին զինւորական ոյժն էր որ եկած էր հոս։ Մեռաւ Պէյրութ, 1949 Յուն. 29ին։ Ունի կարգ մը անտիպ գործեր։ Պէյրութի մէջ ունէր գրավաճառատուն մը՝ Պուրճի հրապարակին վրայ։ Մուրացկանի «Գրիգոր Մարզպետունի»ն վերածած է թատերգութեան (անտիպ), ամփոփած եւ դասաւորած է «Բուրաստան-Մանկունց» անունով փոքրիկներու յատուկ գիրք մը (տպուած): Ունեցաւ երեք մանչ.- Պարոյր, դեղագործ Պէյրութի մէջ, շրջանաւարտ Ֆրանսական Համալսարանէն, եղած է թրքական բանակի դեղագործ սպայ։ Երուանդ, շրջանաւարտ Ամերիկեան Համալսարանէն եւ Ամերիկայի Ան Արպըր, Միչիկեան, Համալսարանէն։ Ունի B. A., Sc.: Այժմ կը գտնուի Իրաք։ Եղած է հիւսիսային Իրաքի ջրաբաշխական բաժնի Ընդհ. Քննիչ կառավարութեան կողմէ եւ այժմ պատասխանատու դասախօս է Պաղտատի Պետական Համալսարանի Երկրաչափական բաժնին։ Հայկ Ուզունեան գրավաճառ է Պէյրութի մէջ եւ կը շարունակէ իր հօր գործը։ Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ էջ։[1]

Ծանօթագրութիւններ

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 497։