Վահան Ուզունեան
Վահան Ուզունեան | |
---|---|
Ծնած է | 1874 |
Ծննդավայր | Չմշկածաքի Մամաս գիւղ |
Մահացած է | 29 Յունուար 1949 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Ուսումնավայր | Ազգային Կեդրոնական Վարժարան |
Երեխաներ | Պարոյր, Երուանդ |
Վահան Ուզունեան, Չմշկածաքի Մամաս գիւղէն, ուր ծնած է 1874-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած Միացեալ Ընկերութեան իր գիւղի վարժարանին մէջ եւ անմիջապէս դասաւանդած միեւնոյն վարժարանին մէջ։
Շրջանաւարտ Պոլսոյ Կեդրոնականէն։ 1900-ին թրքական հալածանքներու պատճառաւ Վահան Ուղունեան հեռացաւ իր գիւղէն եւ ի վերջոյ 1904-ին հաստատուեցաւ Լաթաքիա։ Իր այս երկրորդ կեանքը եղաւ օգտակար ու գործունեայ թէ՛ որպէս ուսուցիչ թէ իբր տեսուչ Երուսաղէմի Պատրիաքութեան պատկանած վանքին կալուածներուն, եւ թէ Լաթաքիոյ շրջանի արաբախօս հայերուն մէջ ազգային գիտակցութիւն ներշնչելով։ Իր այս գնահատելի գործին համար Սահակ Կաթողիկոսէն ստացած է օրհնութեան կոնդակներ։ 1910-ին վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ, ուր ազգային կեանքին բերած է իր գործակցութիւնը։ Մասնակցած է Սբ. Նշան եկեղեցիի շինութեան եւ երկար տարիներ եղած է հոգաբարձու։ Նմանապէս եղած է անդամ Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներու։ 1918-ին Վահան Ուղունեան նուիրուեցաւ հասնող գաղթականներու տեղաւորման գործին, կապ պահելով Հայկական Լեղէոնի հետ որ Պէյրութ կը գտնուէր եւ Դաշնակիցներու առաջին զինւորական ոյժն էր որ եկած էր հոս։ Մեռաւ Պէյրութ, 1949 Յուն. 29-ին։ Ունի կարգ մը անտիպ գործեր։ Պէյրութի մէջ ունէր գրավաճառատուն մը՝ Պուրճի հրապարակին վրայ։ Մուրացկանի «Գրիգոր Մարզպետունի»ն վերածած է թատերգութեան (անտիպ), ամփոփած եւ դասաւորած է «Բուրաստան-Մանկունց» անունով փոքրիկներու յատուկ գիրք մը (տպուած): Ունեցաւ երեք մանչ.- Պարոյր, դեղագործ Պէյրութի մէջ, շրջանաւարտ Ֆրանսական Համալսարանէն, եղած է թրքական բանակի դեղագործ սպայ։ Երուանդ, շրջանաւարտ Ամերիկեան Համալսարանէն եւ Ամերիկայի Ան Արպըր, Միչիկեան, Համալսարանէն։ Ունի B. A., Sc.: Այժմ կը գտնուի Իրաք։ Եղած է հիւսիսային Իրաքի ջրաբաշխական բաժնի Ընդհ. Քննիչ կառավարութեան կողմէ եւ այժմ պատասխանատու դասախօս է Պաղտատի Պետական Համալսարանի Երկրաչափական բաժնին։ Հայկ Ուզունեան գրավաճառ է Պէյրութի մէջ եւ կը շարունակէ իր հօր գործը։ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։[1]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։